ԾԱՂԻԿ ԵՒ ԽՈՐՈՎԱԾ
Եթէ դուք տեղեակ չէք, թէ շաբաթ, ապրիլի 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ «խորոված փարթի» անունով «ֆէսթիվալ» մը կազմակերպուած էր, եթէ ձեր հեռաձայնի լուրերուն ու «ռիլ»երուն մէջ չհանդիպեցաք հրապարակին մէջ հաւաքուած, երգող, պարող, ուրախացող հո՜ծ բազմութեան տեսանիւթերուն, ուրեմն, երկու հաւանականութիւն.
Կա՛մ, շատ բանէ տեղեակ չէք, կա՛մ՝ չէք ուզեր տեղեակ ըլլալ:
Երկու պարագաներուն, եթէ խաղաղ է ձեր հոգին եւ բնականոն է ձեր կեանքը, ապա՝ ի սրտէ «երանի՜ ձեզի» մը կրնամ հնչեցնել, բայց, ինչ ըսեմ, չե՛մ հաւատար ես ձեր «խաղաղութեան»…
Փախուստը դիւրին է, ապրի՛լն է դժուար:
Ցաւօք, շատերս թիւրիմացաբար խորհեցանք, որ այս տարուան վերաբերող «փարթի» մըն էր այս միջոցառումը, բայց այդպէս չէ՛, բարեկամներ: Եթէ քիչ մը պրպտենք, կը տեղեկանանք, որ 2019 թուականի ապրիլի 9-ին Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «քաղաքացիի օր» նշանակելու օրէնքին, ըստ որուն, «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օր»ը կը նշուի իւրաքանչիւր ապրիլ ամսուան վերջի՛ն շաբաթ օրը:
Հիմա՛, այսպիսի օր մը նշանակելու անհրաժեշտութիւնը, խնդրեմ, պաշտօնապէս սապէս բացատրուած է. «Անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ քաղաքական իրադարձութիւններով եւ անոնց հետեւած թաւշեայ յեղափոխութեամբ…»:
Նոյն տարին, բողոքի եւ քննադատութեան ձայներ բարձրացած ու քննադատած են, որ արհեստակա՛ն է այս նշումը, որուն նպատակը իշխանութեան փառաբանում մըն է միայն, քանզի քաղաքացիին իրաւունքները բաւականաչափ արժեւորուած են ամէն տարի յուլիսի 5-ին նշուող «սահմանադրութեան օր»ը:
Այդ տարիներուն Հայաստանի ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը նկատի ունենալով, բնականաբար, քննադատուած են նաեւ երկրի պիւտճէէն առնուած «մեծ ծախսերը», կենցաղային ձեւաչափը՝ փողոցները գոցելը, բացօթեայ խորոված ընելը եւ այլն: Եւ վերջապէս, քննադատութիւններուն մէջ «խնդրայարոյց» նկատուած է, որ ապրիլի վերջին շաբաթ օրը երբեմն կրնայ համընկնիլ ապրիլի 25-ին, ինչպէս եղած էր 2020-ին եւ ինչպէս եղաւ այս տարի՝ 2026-ին:
Մեր «անբախտութիւնն» էր, փաստօրէն, չարաբաստիկ այս զուգադիպումը:
Ձեռքը ծաղիկներ՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը գիտա՛կցաբար ելլող հայը, հա՛յ մը, յաջորդ օրը «խորոված փարթիի» կրնա՞յ երթալ. կը հարցնեմ:
Չե՛մ ուզեր եւ չե՛մ կրնար հաւատալ, որ կրնայ. մահուան պէս բան մըն է այս իրողութեան հաւատալը, եւ դեռ ու տակաւին կեանքը ընտրելուս համար՝ չե՛մ հաւատար եւ դա՛րձեալ կը հարցնեմ.
Հրապարակ գացողները հա՞յ են:
Որո՞ւն, ի՞նչ փաստած եղանք ապրիլի 25-ին ճամբաներուն մէջ մեր կերած-խմածով:
«Կոչեմ ապրողաց»ը փողոցի՞ լեզուով բացատրեցինք աշխարհին:
Եթէ «անյետաձգելի» էր նշումը, կարելի չէ՞ր քաղաքացիին օրը այլ կերպ տօնել…
Երէկը անցաւ, այսօր ամէն ինչ կարելի է:
Հրապարակ գացող այս «խորովածակերները», սիրալիր բացառիկ արտայայտութիւններով մեր վարչապետին փաթթուող, զինք գրկող, Հայաստանի քարտէս ու «պեչենի» առնողներն են, կը խորհիմ, քանի որ բաժնուած քարտէսը ընդունո՛ղն է, որ խորովածը կ՚ուտէ:
Այդ քարտէսին մէջ ի՛նչ ըլլալէն իրօք տեղեա՞կ են փարթիի գացողները. կը կասկածիմ:
Փոքրացաւ, պիտի փոքրանայ, սահման, գիւղ, գիծ, եկող-գացող, մնացող, խաղաղութեան նախապայմաններ, անցեալ ու գալիք պայմաններ… տարբերութիւն մը ունի՞ անոնց համար:
Չո՛ւնենալու է:
Ապրիլ 24-էն օրեր առաջ լրատուական միջոցները ողողուեցան Արցախի մէջ գետնին հաւասարած եկեղեցիներու լուրերով. օտարները բողոքեցին, քննադատեցին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ խաղաղութեան վարդագոյն փուչիկները բռնած, լռիկ-մնջիկ «փարթի»ին պատրաստուեցաւ, հաւանաբար:
Ինչպէ՛ս այպանել «պաշտօնական Երեւան»ին լռութիւնը, երբ ըստ անոր արդէն գոյութիւն չունի «Արցախը»:
Ի՛նչ Արցախ, ի՛նչ եկեղեցի, ի՛նչ մշակութային ժառանգութիւն: «Սադրիչ գործողութիւններ» են ասոնք. ե՞րբ պիտի գիտակցինք մենք՝ «նվնվացող» յոռետեսներս…
Մէկ չէ՜, երկու չէ՜, հարի՛ւր անգամ ալ ըլլայ, պիտի չդժկամիմ կրկնել.
Պարտուեցանք. հասկնալի է:
Սփիւռքի մէջ հայերէն խօսող 150 աշակերտը նուաճում մը համարուած պահուն՝ 5 հազար տղայ, 5 հազար հայ ընտանիք ոչնչացաւ. հասկնալի է:
Արցախի ժողովուրդը սովամահ տեղահան եղաւ: «Ձե՛ր հողն է, ձե՛ր տղերքը թող պաշտպանէին» ըս-ւեցաւ:
Դարաւոր Արցախը կորսուեցաւ. հասկնալի է:
Այսօրուան դրութեամբ Ատրպէյճանը Հայաստանի «ինքիշխան» տարածքէն 250 քառակուսի քիլօմեթր զաւթած է. աս ալ պէտք է հասկնալի ըլլայ:
Բաւարար չէ՛.
Հայաստանի Հանրապետութեան «խաղաղասէր» իշխանութիւնը համաձայն է Սահմանդրութենէն Անկախութեան հռչակագրի յղումը հանելով Ատրպէյճանի պահանջքը կատարել: Եթէ չընէ՝ «պատրեազմ կ՚ըլլայ»՝ ինչպէս կը սպառնան մեր վախկոտները: Նոր տղա՞ք, նոր զոհե՞ր. անշուշտ՝ ո՛չ, ուրեմն՝ հասկնալի է:
Պատերազմին մեռնողները «Հայաստանի տղաքն են». օտար հողի վրայ Հայ մնալու արիւնաքամ պայքարը տուող սփիւռքի միլիոնաւոր ծնողները, կրթական մշակները թող շատ չխօսին. ի՛նչ սփիւռք, ի՛նչ նուիրատուութիւն. Եւրոմիութեան միլիոններու տարեկան նպաստները պէտք եղածը կ՚ընեն: Հասկնալի է:
Բայց… քանդուող մշակութային ժառանգութեան, ջնջուող պատմութեան դիմաց պաշտօնապէս լուռ մնալ, կարծես «ի՞նչ ընենք» ըսելով ձեռնածալ դիտել ու խաղաղութեան հետ հեռու-մօտիկ կապ մը չունեցող գազանաբարոյ այս վերաբերմունքը պաշտօնապէս դատապարտող Էջմիածինը հալածե՞լ…
Վախկոտ ենք. մեր խստապահանջութիւնը «ներսի սխալողնորուն» է միայն՝ հասկցանք:
Մեր թշնամիին քմահաճ ժպիտն ու սուղ գոհանուկութիւնը խանգարող խստաբարոյ, կոշտ ու կոպիտ բառեր գործածելու կարիք չկար: Քա՛ւ լիցի: Գո՛նէ նուրբ ու համեստ ափսոսանք մը յայտնէր եղածին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Շուտով մեր «Մամիկ եւ պապիկ» անունով ծանօթ «Մենք ենք մեր սարեր»ուն քանդումն ալ «լայւ» կը դիտենք: Ո՛վ գիտէ «փարթի» մը եւս կը կազմակերպենք…
Կեցցէ՜ք դուք, Հայաստանի «ծաղկուն» Հանրապետութեան հպարտ, լաւատես յառաջ նայող քաղաքացիներ…
Ցեղասպանութեան վերաբերող կայքէջերը մէկ-մէկ կը փակուին, համացանցի մէջ տարածուած Ցեղասպանութեան արխիւային ծանօթ նկարներուն օգտագործումը սահմանափակուած է: Մնացած նկարներուն մեծ մասն ալ գիծ քաշուած աչքով մը քօղարկուած են՝ «արդար ու ճշմարիտ» հանրութեան զգայարանները չխոշտանգելու համար…
Ազգի մը յիշողութիւնը քարտէսով մը կը ծածկուի. մեզի անծանօթ, համարեա՜ հակապատկեր դիմագիծ ու յիշողութիւն մը կը հիւսուի:
Մենք՝ լռութիւն, լռութիւն.
Քիչ մը արժանապատուութի՞ւն…
…
Տարիներէ ի վեր «Անմար կրակ»ին շուրջ հաւաքուած ծաղիկներուն՝ ճերմակ երկա՜ր լաթի մը վրայ դրուելով չորցըուելուն, վերաիմաստաւորուելուն ու ե՛րկրորդ կեանքի մը պատրաստուելուն մասին յոյսով կը գրէի. չորցած ծաղիկներէն պատրաստուած մոմերը խաւարս կը լուսաւորէին:
Չկրցայ գրել այս տարի.
Խռոված են ծաղիկները:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ