ՎՏԱՆԳԻ ՊԱՀՈՒՆ ՔԱ՛Ջ ԸԼԼԱԼ

Յանկարծահաս վտանգներու պահուն քաջութիւնը չկորսնցնել, մահուան իրական վտանգի ատեն պաղարիւնութիւնը պահել, ամէն մահկանացուի գործ չէ՛։ Վախը բնազդ մըն է, որ կ՚երեւի ջղային խառնուածք ունեցողներու մէջ աննուաճելի կը դառնայ։ Ինքնապահպանումն ալ բնազդ մըն է մարդուն մէջ։ Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, թէ բանաւոր էակներու մէջ բնազդները կրնան եւ պէտք է կառավարուին եւ հակակշռուին բարձրագոյն սկզբունքներուն ուժովը։ Ասիկա դաստիարակութիւն մըն է՝ որուն մէջ կ՚երեւի Արեւմուտքը, աւելի բարձր դիրք մը կը գրաւէ։

Զոր օրինակ, «Թիթանիք»ի աղէտին ատեն երբ նաւապետը հրամայեց նախ կիները եւ մանուկները ազատել, աշխարհը հիացումով լսեց այրերուն քաջարի ընթացքը՝ ո՛չ խուճապ անոնց մէջ, ո՛չ ալ ինքզինքնին ազատելու համար նաւակներուն մէջ նետելու փորձեր։ Բայց լսուած է, թէ նմանօրինակ պարագայի մը տակ նաւապետը ստիպուեցաւ կրակել չինացի այրերու վրայ, որոնք հակառակ հրամանին՝ կիներէն առաջ նաւակներուն մէջ կը նետուէին։

Նաեւ կը պատմուի մարդու մը մասին, որ երկրաշարժի մը ատեն իր շուրջինները ազատելու տեղ պատուհանէն վար նետուած է միայն ինքզինք ազատելու համար։

Եւ գուցէ մեր ըմբռնումով մահու յանկարծահաս վտանգի ատեն մարդ ամէն գնով իր կեանքը ազատելու է։ Այս ընթացքը կամ ըմբռնումը ակնարկուած դաստիարակութեան համաձայն չէ՛։

Կարելի է ըսել, թէ դիւցազնութիւնը մարդուն ցեղային գիծերէն մէկը կը կազմէ. ամէն մարդ հերոս, քաջ, դիւցազն ըլլալ եւ այդպէս անուանիլ, այդպէս ճանչցուիլ կ՚ուզէ, բայց ամէն մարդու տրուած չէ այդ յատկութիւնը՝ քիչեր միայն դիւցազն կրնան ըլլալ իրապէս։ Արդարեւ, մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը արձանագրած է գաղափարի մը համար, ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար իրենց կեանքը գիտակցաբար զոհող ճշմարիտ հերոսներ։ Արդարեւ, գիտակցաբար մահը՝ մահ չէ, այլ՝ դիւցազնութի՛ւն։

Բայց, երբ նուիրական սկզբունք մը, բարձր գաղափար մը խնդրոյ առարկայ չէ, եւ յանկարծահաս եւ շատ լուրջ վտանգի մը առջեւ կը գտնուինք, այն ատեն գուցէ պաղարիւն եւ անձնուէր ըլլալը մեր աչքառու գիծերէն չէ՛։ Գուցէ կլիմայի, ժառանգականութեան եւ հանրային կարծիքի նման բարդ ազդակներ գործ ունին մարդոց ջիղերու եւ ըմբռնումներու հետ։ Սակայն պատճառը ի՛նչ ալ որ ըլլայ, այս տեսակ դաստիարակութիւնը քաղաքակիրթ ժողովուրդներու հանգամանքներէն մէկը կը կազմէ։

Կան թէ՛ անհատներ եւ թէ ժողովուրդներ ալ, որոնք այս մասին վե՛ր նայելու են այն տիպար հերոսներու, որոնք իրաւ հերոսի մը անունը ստացած են. եւ որ իրենց այս դաստիարակութեան եւ ընդոծին դիւցազնութեան համար պարգեւատրուած են։

Համընկերութեան սկզբունքը, որ արտայայտուած է «բարեկամութեան» կամ «ընկերային սիրոյ» անունին տակ, ուղղակի պահանջք մըն է մարդկային եւ քրիստոնեայ եղբայրութեան։ Համընկերութիւնը կը յայտնուի առաջին հերթին աշխատանքին եւ իրերօգնութեան վարձատրութեան մէջ։ Ան կ՚ենթադրէ նաեւ ճիգը ի նպաստ ընկերային աւելի՛ արդար կարգի մը՝ որուն մէջ լարուածութիւնները կարենան աւելի լաւ կլանուիլ եւ ուր պայքարները բանակցութեամբ աւելի դիւրաւ ելք գտնեն։

Համընկերութիւնը, արդարեւ բարոյական կարգի պահանջք մըն է։ Որոշ չափով անկէ կախում ունի խաղաղութիւնը։ Համընկերութիւնը առաքինութիւն մըն է, եւ համընկերութեան առաքինութիւնը ամէն նիւթական բարիքներէն աւելի անդին կ՚երթայ։ Իր շուրջ կը սփռէ նաեւ հոգեւոր հաւատքին բարիքները։ Եւ ընկերութիւնը այսպէս կ՚ապահովէ ընկերային արդարութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 25, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2026