«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՅՆ ՀԱՄԱՅՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԸ
Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը մասնակցեցաւ՝ քաղաքիս յոյն համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Մեծ ազգային վարժարան» անուանեալ միջազգային փառատօնին։ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս հանդէս եկաւ «Մարալ»ը՝ արձանագրելով բացառիկ յաջողութիւն եւ արժանանալով բոլորի ծափահարութիւններուն։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ, համոյթը այս եզակի ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուց հայկական ժողովրդական արուեստը, ինչ որ ծրագրի ամբողջին մէջ առարկայ դարձաւ մասնաւոր ուշադրութեան։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին ներկայացուցիչը։ Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկին գլխաւոր կազմակերպիչն էր Ֆէնէրի յունաց լիսէի սանուց միութիւնը։ «Պատրիարքական դպրոցի փակումը» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած է այս փառատօնը։ «Մարալ»ի ելոյթը ծրագրի ամբողջին մէջ սահմանեց խանդավառ պահերէն մին։