ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

1. Ինչպէ՞ս կը ներգործէ եկեղեցւոյ սրբութիւնը: Ի՞նչ է սրբութիւնը: 2. Ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է մանկամկրտութիւնը քրիստոնեաներուն համար:

1. Եկեղեցւոյ սրբութիւն ըսուածը արտաքինէն ներքին մակաբերելով մարդուս հոգիին, սիրտին, միտքին եւ խիղճին կ՚ազդէ՝ հաւատքով ու Աստուածային վճռով:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ հպատակ եղող ժողովուրդ պէտք է հաղորդակից ըլլայ այս սրբութեան՝ աւազանի լուացումին միջոցով, ինչպէս որ Քրիստոս պատուիրեց. «Մկրտեցէք զանոնք Հօր եւ Որդւոյ Հոգւոյն Սրբոյ» եւ Հօր Աստուծոյ աղօթեց. «Սրբէ ասոնք Քու ճշմարտութեամբդ» (Յհ 17.17). նաեւ Պօղոս կ՚ըսէ. «Քրիստոս Իր եկեղեցին սիրեց… աւազանին սուրբ խօսքով մաքրեց» (Եփ 5.26-27), որ ըսել է, եկեղեցւոյ սրբութեան սկզբունքը մկրտութիւնն է (Յհ 3.5)1:

2. Քանի որ հայրը, մայրը Քրիստոսի կը հաւատան, երախան պէտք է մկրտուի, Աստուծոյ բաժին ըլլալու համար Քրիստոսի վճիռին համեմատ, ինչպէս որ առաքեալներն ալ հաւատացող ընտանիք մը անմիջապէս կը մկրտէին (Գրծ 16.14-33), որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ Ադամական մեղքի մէջ ծնած է. «Մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ» (Հռ 5.12). դարձեալ, «Իրապէս, ուրիշներու նման մեղքի որդիներ էինք» (տե՛ս Եփ 2.2). ուստի Քրիստոսէն զատ չկայ ծնունդ մը, որ առանց մեղքի ըլլայ եւ Ադամական մեղքի մէջ ծնած չըլլայ, որովհետեւ «Ադամին սերունդէն չեմ» չի՛ կրնար ըսել, հետեւաբար եկեղեցւոյ ժողովուրդ ըլլալու ուխտած վայրկեանին պէտք է աւազանին միջոցով սրբուի. ասոր համեմատ առաքեալներուն ըրածէն զատ, փորձն ալ սորվեցուցած է, որ մկրտուող երախաներէն հարիւրին իննսունինն Քրիստոսի հաւատալով մեծցած են, բայց մեծնալէն ետք ազատ կամքով կը մեղանչէ եղեր. ի՛նք պիտի դատապարտուի:

Մեր ընելիքը, պիտի աշխատինք, որ քրիստոնեայի մը զաւակը Ադամական մեղքէն չսրբած գերեզման չդնենք, բայց վերջը ինչ կ՚ըլլայ՝ մեր գիտնալիքը չէ, քանի որ նահապետենրն ու մարգարէները եթէ մկրտուած ըլլային, Քրիստոսին գալուն անհրաժեշտութիւն չէր մնար: Մենք ի՞նչ գիտենք, թէ անոնք ինչպէ՞ս մկրտուեցան, որովհետեւ յարութենէն ետքն ալ բանտին մէջ եղող հոգիներուն ալ քարոզեց (Ա. Պտ 3.19), կամ եթէ աւազակը ճիշդ Քրիստոսի կողքէն մկրտուեցաւ. հետեւաբար, քանի որ առանց մկտրութեան գերեզման դրուելու չեն, նոյնպէս ալ առանց անոր քրիստոնեայ անունով եւ լոկ աղօթելու նպատակով եկեղեցւոյ ժողովուրդ կոչուելու իրաւունք չունին. ըստ այսմ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին քրիստոնեայ ծնողքէ մը ծնածին անմիջապէս իր հոգեւոր պատմուճանը կը հագցնէ, մատանիին մատ կը դնէ, ինքն ալ ուզէ զայն կը վայելէ, ուզէ անառակութեամբ կը մերկանայ, ուզէ դարձեալ՝ «Հա՜յր, մեղայ յերկինս եւ առաջի քո» գոչելով, այդ զգեստին ու մատանիին կ՚արժանանայ, իրեն համար պահուածի պէս. ինչպէս որ առաքեալներուն մկրտածներէն եւ իրենց հետ պտտողներէն շատերը շեղեցան, ոմանք սատանային մատնուեցան, ոմանք ետ դարձան (տե՛ս Ա. Տիմ 1.19-20). հետեւաբար, Հայաստանեայց Եկեղեցին չունի ժողովուրդ մը, որ Ադամական մեղքէն սրբուած չըլլայ՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» մկրտուած չըլլալով, ուրեմն սուրբ է եւ սրբութիւնը վայելած է իրեն:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

Վաղարշապատ


1 Եկեղեցւոյ սրբութեան յարգանքը ոմանք կը չափազանցեն. այնպէս թէ՝ «քանի որ Եկեղեցին սուրբ է, Եկեղեցիին գլուխը անսխալ է, սուրբը չի՛ սխալիր»: Ոմանք ալ այնպէս կ՚ընեն, որ եկեղեցւոյ սրբութիւնը՝ նոյնիսկ երկինք կը բարձրացնեն, որ մարդոց միտքերը նոյնիսկ չեն հասնիր, այնպէս թէ՝ «հայրը, մայրը եթէ անդամ եթէ չըլլան, զաւակը չի՛ մկրտուիր», եւ կամ «Քրիստոս երեսուն տարեկանին մկրտուեցաւ». յետոյ ասիկա կը ձգեն, երկինքէն գետին կ՚իջնեն, յատակը անցնել կը ձեւացնեն. այնպէս թէ՝ «նահապետները, մարգարէները եւ Քրիստոսէն առաջ գտնուող բոլոր սուրբերը չմկրտուեցան» կամ «աւազակն ալ չմկրտուած, Քրիստոս դրախտ տանիլ խոստացաւ խաչելութեան ժամանակ», որ ըսել կ՚ըլլայ, թէ՝ «չմկրտուիլն ալ քրիստոնէութիւն է», բայց Հայաստանեայց Եկեղեցին ո՛չ կը շռայլէ եւ ո՛չ ալ ագահ կը գտնուի, այլ՝ Աստուածային սահմանին համեմատ գործի կը դնէ. այնպէս որ Եկեղեցիին սրբութիւնը կը քարոզէ. «որոնց մէջ որ Աստուծոյ Հոգին կայ, չեն մեղանչեր», կ՚ըսէ Յովհաննէս (հմմտ. Ա. Յհ 3.9, 5.18). Իբր թէ Եկեղեցիին անմեղութեան սրբութիւն կը վայելէ, բայց նոյն կէտն ալ կը պահէ, թէ՝ «չեմ մեղանչեր ըսողը՝ իր անձը սուտ կը հանէ», դարձեալ նոյն Յովհաննէսն է ըսողը (տե՛ս Ա. Յհ 1.8). անկէ սորվելով առաջին անգամ իր եկեղեցիին պաշտօնեաները՝ հոգեւոր պաշտօններու մէջ անմեղներ կը ճանչնայ, այնպէս որ եկեղեցականի մը ըրած մկրտութիւնը սուրբ է. նոյնպէս պատարագ, պսակ, խոստովանութիւն, եւ այլն, սրբազան պաշտօններ Աստուածային են, այն է Աստուծոյ հոգիով կը ծառայեն (տե՛ս Հռ 7.25). սակայն, այս բոլորով հանդերձ մարդ են. անսխալ ենք ըսելն ալ սուտ է. մատուցած պաշտօննին ժողովուրդին համար սուրբ է, իսկ իրենք մարմնաւոր ըլլալնուն համար անմեղներ չեն եւ ո՛չ ալ անսխալներ. ասոր համար, գլխաւորին մասնաւոր աւելորդ անսխալութիւն մըն ալ աւելցնելով ժողովուրդը՝ տարակուսութեան մէջ չի ձգեր, որովհետեւ սրբութիւնը բոլոր եկեղեցիին կը վերաբերի եւ ո՛չ թէ եպիսկոպոսապետներուն յատուկ է միայն:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026