ԱՐՄԱՏ ԵՒ ՊՏՈՒՂ

«Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները Քու վրադ». (ՀՌՈՄ. ԺԱ 18)։

Ծառը իր տեսակին համեմատ պտուղ կ՚արտադրէ։ Իսկ ծառը հաստատուած է իր արմատներուն վրայ եւ այս կը նշանակէ, որ պտուղները կեանք կ՚առնեն արմատէն եւ կը սնանին արմատէն։ Ծառը գետնէն բուսած, բարձրացած եւ պտղառատ դարձած է։ Իսկ պտուղներ իրենց մէջ աստուածային շունչ ներմուծուած եւ իմաստութեամբ օժտուած են։ Ծառը իր տեսակին համեմատ լաւ կամ գէշ պտուղ կ՚արտադրէ. ան լաւ պտուղ արտադրելու համար իր տեսակին ազնուութենէն զատ պէտք է ըլլայ նաեւ առողջ եւ պաշտպանուի չարիքին դէմ։ Որեւէ պտղատու ծառ եթէ պտուղ արտադրելու շրջանին մասնաւոր դեղով չսրսկուի, արմատը պէտք եղածին չափ եթէ չխնամուի եւ չզօրացուի, արտադրած պտուղը որդնոտած կ՚ըլլայ, որովհետեւ տեսակ տեսակ մանրէներ, վնասակար միջատներ կը պահուըտին ճիւղերուն, ծաղիկներուն եւ տերեւներուն միջեւ եւ կ՚արատաւորեն պտուղը։ Ուստի, ծառը բարի ըլլալու համար տեսակը պէտք է ըլլայ ազնիւ, արմատը պէտք է ըլլայ առողջ եւ խնամք պէտք է տարուի մաքրութեան…

Եւ մա՛րդն ալ, եթէ արմատը լաւ խնամուած, կրթուած, առողջ պահուած է, լաւ պտուղ կու տայ, լաւ սերունդ մը կը հասցնէ։

Ծառը կ՚արտադրէ այն պտուղէն՝ որուն կը պատկանի ինք։ Եթէ մէկ տեսակ պտուղ արտադրող ծառէն ուրիշ տեսակ պտուղ անկնալուի, այն ատեն պէտք է պատուաստուի ուրիշ պտուղի ծառով։ Չար պտուղ արտադրող ծառին նկարագիրը նո՛յնն է։ Եթէ հետզհետէ անոր ճիւղերը պատուաստուին բարի պտուղ արտադրող ծառի ճիւղերով՝ հաւանականութիւն կայ, որ փոխուի դէպի բարին։ Այլապէս ան կը մնայ միշտ նոյնը։

Մարդիկ ալ լաւ միջավայրի մը մէջ՝ լաւ կրթութեամբ կրնան փոխուիլ եւ կամ գէշ միջավայրի մը մէջ դէպի գէշ փոխուիլ։ Ընկերային կեանքը, այսպէս կ՚ազդէ մարդուն վրայ։

Բուսական աշխարհի մէջ կան պտուղներ եւ ծաղիկներ ալ, որոնք փուշ ունին։ Այս ալ կը նմանի ամէն գեղեցիկ, բարի մարդուն՝ որ իր թերի կողմը ունի, եւ հակառակ իր լայն առաւելութիւններուն եւ յատկութիւններուն, երբեմն «փուշ»ով կը դպին եւ ցաւ կը պատճառեն։

Աստուծոյ համար աշխարհի վրայ ամենէն թանկագին բանը մա՛րդն է, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնէ Յիսուս Քրիստոս, որ բոլոր պատկերացումները առակներով տուաւ մարդը կրթելու համար։

Արդարեւ, որպէս արարած, մարդն ալ իր կարգին «ծառ» մը կարելի է նկատել։ Քալող ծառ մը։ Եթէ ոտքերը հողին մէջ չեն, հողին վրայ կը քալեն եւ ի վերջոյ օր մը հողին մէջ պիտի մտնէ։ Սեմական ժողովուրդներուն մէջ մարդուն սիրտը իր գիտակցութեան կեդրո՛նն է։ Այս իսկ պատճառաւ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ «սիրտ» բառը գործածուած է «հոգի» կամ «միտք» բառերուն տեղ։ Սիրտը գա՛նձ մըն է, ուրկէ մարդ անդադար կու տայ ուրիշին։ Եթէ այդ գանձը բարիքով լեցուն է՝ բարիք կը սփռէ եւ եթէ չարիք լեցուն է՝ չարիք կը պատճառէ բոլորին։

Բարիքով լեցուն սիրտ մը արեւին կը նմանի։ Արեւը լոյսէն եւ ջերմութենէն զատ ուրիշ բան չ՚արտադրեր։ Առանց լոյսի եւ ջերմութեան, մա՛րդ իր գոյութիւնը չի կրնար պահել աշխարհի վրայ։ Ուրեմն, արեւին նկարագիրը եւ էութիւնը «լոյս» եւ «ջերմութիւն» է։ Բարի սրտի մը նկարագիրն ալ բարիքի աղբի՛ւրն է, որ անդադար կը հոսի ուրիշները բարիքով երջանկացնելու համար։

Միջավայր մը երջանկացնելու եւ խաղաղեցնելու համար հազար բարեսիրտ քիչ է, իսկ ապականելու համար մէկ չարասիրտ շատ է։ Չարը կը նմանի սեւի՝ որչափ ալ ճերմակ քսուի վրան՝ դարձեալ նախկին գոյնը տակէն կ՚երեւի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 18, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026