ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐՈՒՆ…
Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններով լեցուն է. վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ամբողջ կեանքի մը մէջ աւելի՛ շատ են տրտում, տխուր օրերը, քան ուրախ, զուարթ օրերը։ Անշուշտ, ասիկա նոյն համեմատութիւնը չունի բոլոր կեանքերու մէջ՝ ոմանց համար մէկը երկար եւ միւսը կարճ, եւ փոխադարձաբար… բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ կեանքի մէջ անխուսափելիօրէն կ՚ապրուին թէ՛ ուրախութիւն, թէ՛ տխրութիւն միանգամայն… եւ այս իրողութիւնը կը հաստատէ Յիսուս Քրիստոս, երբ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Արդարեւ, բոլոր նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ մարդ պէ՛տք է քաջ ըլլայ, պէտք է հաւատայ եւ վստահի, ապաւինի՛։
Հաւատացեալին ապաւէնն է Աստուած՝ Որուն կը վստահի իր բոլոր նեղութիւններուն մէջ եւ անշեղ հաւատով եւ քաջութեամբ, համբերութեամբ կը յուսայ, քանի որ հաւատով յուսալը անպայմա՛ն կու տայ իր բարեբեր «պտուղ»ը…
Այս իմաստով, Աստուծոյ Խօսքը «շտապ օգնութեան» դերը կը կատարէ, երբ մարդ նեղութեան մէջ է. Աստուծոյ Խօսքը ուղղակի լսելու համար պէտք է կարդալ Աստուածաշունչ մատեանը՝ անոնք կը հասնին ամէն ժամ եւ հոն՝ հաւատքը կը զօրանայ, կը սնուցանի, կ՚աճի եւ կասկածը սովամահ կ՚անհետանայ։ Այս տրուպ գրիչը կենդանի վկա՛ն է այս ճշմարտութեան…
Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները ազդունակ եւ օգտակար պիտի ըլլան, երբ հաւատքով եւ հոգիի աչքերով կարդացուին։
Եթէ տխուր ենք. (ՅՈՎՀ. ԺԴ),
Երբ մեղանչած ենք. (ՍԱՂՄՈՍ ԾԱ),
Երբ վտանգ մը կը սպառնայ մեզ. (ՍԱՂ. ՂԱ),
Երբ ձախողած ենք. (ՍԱՂՄ. ԻԷ),
Երբ կը կարծենք, թէ Աստուած մեզ լքած է եւ յուսալքուած ենք. (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ),
Երբ խթանուելու կարիքը ունինք. (ԵԲՐ. ԺԱ),
Մինակ՝ վախի մէջ. (ՍԱՂՄ. ԻԳ),
Մտահոգութեան մէջ. (ՄԱՏԹ. Ը 19-34),
Վիրաւորուած երբ կը զգանք մենք զմեզ եւ քննադատական կեցուածք ունինք. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ),
Երբ կասկածի մէջ ենք. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 28-31),
Զանազան հոգերու մէջ. (ՄԱՏԹ. Զ 34), (Ա ՊԵՏ. Ե 6-7), «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». վստահիլ Աստուծոյ,
Եթէ հաւատքի մասին կասկածներ ունինք. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 15-18),
Երբ վարկաբեկուած կը զգանք. (ՀՌՈՎՄ. Ը 31-39),
Երբ խաղաղութիւն կը փնտռենք. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25-30),
Երբ կը կարծենք, թէ աշխարհ մեծ է Աստուծմէ. (ՍԱՂՄ. Ղ). «Ո՜վ Տէր, Դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։ Լեռներուն ծնանելէն առաջ…»,
Քրիստոսի կարիքը ունինք՝ ապահովութեան նման. (ՀՌՈՎՄ. Ը 1-30),
Երբ տունէն կը բացակայինք՝ ճամբորդութեան մը պատճառով. (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ),
Մեր անձին համար երբ կ՚աղօթենք. (ՍԱՂՄ. ՁԷ),
Քաջութեան համար. (ՅԵՍՈՒԱՅ Ա),
Երբ նիւթական սղաճը եւ ներդրումները սաստիկ տակնուվրայ կ՚ընեն մեզ. (ՄԱՐԿ. Ժ 17-31),
Ճնշուած վիճակի մէջ. (ՍԱՂՄ. ԻԷ),
Երբ մարդոց հանդէպ վստահութիւնը եւ հաւատքը կորսնցուցած, յուսալքուած ենք. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ),
Երբ դրամատան հաշիւը դատարկ է. (ՍԱՂՄ. ԼԷ),
Այնպէս կը թուի մեզի, թէ մարդիկ անկեղծ չեն եւ ընդհանրապէս, բարեկամական կեցուածք չունին մեզի հանդէպ. (ՅՈՎՀ. ԺԵ),
Երբ յուսահատ ենք. (ՍԱՂՄ. ՃԻԶ),
Պտղաբեր դառնալու համար. (ՅՈՎՀ. ԺԵ),
Պօղոս առաքեալի երջանկութեան գաղտնիքը հասկնալու համար. (ԿՈՂՈՍ. Գ 12-17),
Պատեհութիւններ եւ բարութիւններ փնտռելու համար. (ԵՍԱՅԵԱՅ ԾԵ),
Մարդոց հետ բարւոք յարաբերութիւններ մշակելու համար. (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ),
Յաղթահարելու վախին. (ՍԱՂՄ. Գ 4),
Ապահովութեան համար. (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ 3),
Վստահութեան համար. (ՄԱՐԿ. Ը 35),
Վերավստահութեան համար. (ՍԱՂՄ. ՃԴԵ 18)։
Վերոյիշեալ Աստուածաշնչական հատուածները եւ կեանքի անձնական փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ եթէ առանց տարակուսելու եւ առանց կասկածի աղօթենք՝ անպայմա՛ն պատասխանը կը ստանանք. «Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէ՛ք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։
Ուստի, զօրացնենք մեր հաւատքը, թողունք կասկածը եւ աղօթե՛նք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 19, 2026, Իսթանպուլ