ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ՝ «ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ» ԱՆՈՒԱՆ ՏԱԿ
Հայերէն լեզուն ոչ-շատ հեռու անցեալին ապրեցաւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը. շրջան՝ ուր գրաբարը սկսաւ դիտուիլ որպէս «եկեղեցական լեզու» եւ մեր կեանք մուտք գործեց աշխարհաբարը՝ իր զանազան ճիւղաւորումներով, որոնք վերջաւորութեան ամփոփուեցան Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն բաժանումներու տակ: Անշուշտ, մինչեւ այդ յստակ բաժանումները հայոց լեզուն՝ նոյնիսկ իր գրաբար վիճակին մէջ, ենթարկուած էր բազմաթի՜ւ փոփոխութիւններու. օրինակի համար՝ լեզուագէտներ կը յայտնեն այն կարծիքը, որ հինգերորդ դարու գրաբար հայերէնն ու տասներորդ դարու գրաբար հայերէնը նոյն վիճակը չունէին. շատերու համար բարեփոխուած, իսկ ուրիշներու համար աղաւաղուած վիճակ մը ունէր։ Նոյնն էր Աղբեղեանական ուղղագրութեան պարագային. շատեր այդ մէկը կը տեսնէին որպէս «բարեփոխում», իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ հակառակ կարծիք կը բարձրացնէին: Հայ լեզուի պատմութեան մէջ այնպէս կը ներկայացուի, որ կարծես միայն 1800-ական թուականներէն ետք խօսակցական «աշխարհաբար» լեզու մը գոյացած ըլլայ, մինչ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ գրականին կողքին խօսակցական հայերէնի որոշ տարբերակներ արդէն իսկ գոյութիւն ունէին 12-րդ եւ 13-րդ դարերու ընթացքին: Տարբերութիւնը, սակայն, այդ ժամանակուան եւ 1800-ական թուականներուն այն էր, որ մինչեւ այդ ժամանակ գրաբարը կը շարունակէր մնալ պաշտօնական գրական լեզուն. մարդիկ աշխարհաբար կը խօսէին, սակայն, աշխարհաբար չէին գրեր։ Իսկ 1800-ական թուականներուն մարդիկ ժողովուրդին «հասկնալի» դառնալու համար հարկ նկատեցին խօսակցական այդ լեզուն ներառել գրականին մէջ եւս՝ ստեղծելով աշխարհաբար գրականութիւն, որ նոյնպէս ունէր իր համակիրներն ու ընդդիմադիրները:
Աշխարհաբար լեզուով գրելու պէտքը զգացուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը սկսաւ խօսակցական հայերէնը պահել. նոր սերունդը ժամանակի ընթացքին սկսաւ մոռնալ գրաբարը եւ, հետեւաբար, գրաբարով գիրքեր հրատարակել շարունակել ո՛չ թէ լեզուն պիտի զարգացնէր, այլ հայ երիտասարդը աւելիով պիտի հեռացնէր հայ գիրքէն: Հետեւաբար, նպատակ ունենալով հայ երիտասարդը մօտիկ պահել հայ գրականութեան, գրաբարը փոխուեցաւ աշխարհաբարի, սակայն, ունեցաւ հիմնական մէկ պայման. աշխարհաբար հայերէնը պիտի կազմուի եւ հիմք ունենայ գրաբար հայերէնը:
Անշուշտ, այս բոլորը ընելով մտաւորականներ նպատակ ունէին նոր սերունդը, ժողովուրդը մօտ պահել գրականութեան, որովհետեւ գրականութեան ճամբով էր, որ կը կազմուէր, կը դաստիարակուէր հայ միտքը։ Հայու ազգասիրութիւնն ու դաստիարակութիւնը տունին ու դպրոցին կողքին կու գար նաեւ մամուլէն, գրականութենէն։ Սակայն, ինչպէս ամէ՛ն ժամանակ, նոյնպէս այն ատեն եւս բոլորը նոյն ազնիւ ու բարի մտադրութիւնը չունէին. շատեր կը փորձէին հայերէն լեզուն եւրոպականացնել՝ ինչպէս այսօր մենք կ՚ընենք՝ շատ անգամ ռուս եւ շատ անգամ եւրոպացի դարձնելով մեր լեզուն։ Այսօր կը քննադատենք օտար բառերու հայերէն «կարծուիլ»ը, սակայն, այդ հիւանդութիւնը մեր ազգին մէջ նոր մուտք գործած երեւոյթ մը չէ։ Օրինակ համար՝ Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած «Մուրճ» ամսագիրը 1890 թուականին արդէն իսկ շատ մը բառեր կը փորձէր հայացնել. զոր օրինակ՝ ան իր էջերու մէջ կը գործածէ «սէզօն», «պրօցես», «ինտերես», եւ բազմաթիւ այլ բառեր։ Անշուշտ, այս բառերը մեր արդի հայերէնին համար ինչքա՜ն ալ բնական թուին, այդ ժամանակաշրջանին համար տարօրինակ ու անընդունելի էին։ Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ կը տեսնենք, որ հայերէն լեզուի «եւրոպականացումը» ո՛չ թէ ժամանակի հարց է, այլ գուցէ մտադրուած վիճակ մը՝ որովհետեւ շատերու համար լեզուի, մշակոյթի եւ այլ արժէքներու հայեցիութիւնը այնքան ալ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ: Ցաւ ի սիրտ, այդ ժամանակուան մտաւորականութիւնը չկրցաւ առաջքը առնել նման հայերէնի տարածման։ Անշուշտ, վրան աւելցաւ օտար պետութեան լուծի տակ ապրելու դժբախտ ժամանակաշրջանը եւ այսպիսով գրաբարէն աշխարհաբարի դարձած լեզուն, իր նորաստեղծ ճիւղաւորումներով շատ աւելի դժբախտ տեսք մը ունեցաւ:
Այս բոլորին մասին գրած ու խօսած ժամանակ, ակամայ կ՚ունենանք հետեւեալ մտածումը. մենք այսօր չենք խօսիր ու չենք գրեր այն հայերէնը՝ որով մեր նախահայրերը կը խօսէին ու կը գրէին։ Բնականաբար, մեզի յաջորդող սերունդները եւս պիտի չխօսին ու պիտի չգրեն այն հայերէնով՝ զոր մենք այսօր կը գործածենք։ Անշուշտ, երանելի՜ պիտի ըլլար, եթէ այդ փոխուած հայերէնը ըլլար աւելի՛ լաւը, սակայն, բոլորս ալ գիտենք, որ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Այնպէս, ինչպէս գրաբարը այժմ եկեղեցւոյ լեզու դարձած է (անշուշտ, ժամանակ մը ետք եկեղեցւոյ լեզու ըլլալէ ալ պիտի դադրի, մանաւանդ հիմա, որ սփիւռքի մէջ շատ մը եկեղեցիներ պատարագներն ու քարոզները անգլերէնով կը մատուցեն հաւատացեալին), մերօրեայ հայերէնը եւս պիտի ըլլայ անցեալ։ Բազմաթիւ հայերէն բառեր պիտի ունենան նոր արդիական անուանումներ։ Այս բոլորին մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կը տեսնենք. միշտ լաւն ու ճշմարիտը պիտի փոխարինուի նորաստեղծ «կեղծ»ով։ Անշուշտ, այդ կեղծը եւս պիտի ունենայ իր այլ կեղծ տարբերակները՝ մինչեւ որ օր մը հայերէն լեզուի անուան տակ հայերէն ո՛չ մէկ բառ ունենանք եւ այդ մէկը կոչենք՝ լեզուի զարգացում:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայու
հաւատքին զոյգ թեւերն են կրօնականն ու ազգայինը, որոնցմով թափ կ՚առնէ հայ ոգին եւ կը սաւառնի դէպի յաւերժութիւն: Եթէ փորձենք մեր հայու հաւատքին երկու թեւերէն մէկը կամ միւսը թուլցնել եւ կամ՝ անտեսել, կը դանդաղի հայ կեանքին թռիչքը, այլեւ կը խանգարուի թռիչքին ուղղութիւնը:
ՍԻՄՈՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան