ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ՝ «ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈԽԱԿ»Ը - 175

20 մայիս 1851-ին, ծայր աստիճան աղքատ, Աբրահամ եւ Արուսեակ ամոլի ընտանեկան յարկին տակ աշխարհ եկած Պետրոս Դուրեան (Սկիւտար, Ենիմահալլէ, Կ. Պոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն, 20 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 21 յունուար 1872), ըստ Բարսեղ Էքսերճեանի (յետագային՝ քահանայ) Զըմպայեան (տաճկերէն զըմպա արտայայտութիւնը) մականունէն հրաժարելով 1865-ին, զայն կը փոխարինէ դուր հայերէն հոմանիշով եւ այնուհետեւ հանդէս կու գայ Դուրեան մականունով:

Կարելի չէ երեւակայել ու հաւատալ - ո՞ր հայ պատանին իր դպրոցական տարիներէն չէ կրցած իր սրտի գուռին մէջ ամբարել իր անաղարտ առաջին արցունքները, որոնք վստահաբար կոտտանքի ու վիշտերու վէպ մը կրնային կազմել Պետրոս Դուրեանի գէթ տասնեակ մը դալկահար ու թախծերանգ այն հզօր տաղերէն, որոնք կը կոչուին «Տրտունջք», «Զղջում», «Լճակ», «Իմ մահը», «Իմ ցաւը», «Նոր սեւ օրեր», «Սիրել», «Դրժել», «Վիշտք հայուն», «Հեծեծմունք», «Պէտք է մեռնիլ», «Իցի՜ւ թէ» եւ շատ ուրիշներ, այդ տաղերուն տիեզերական ու տառապակոծ ուժականութեամբը լեցուած ապրելով ու կարդալով, յիշելով զանոնք շատ յաճախ, մինչեւ վախճանն իր կեանքի…: 

1855-ին Պալասան տուտուի մօտ փոքրիկն Պետրոս կը սկսի արտաբերել իր առաջին հայերէն թոթովանքները, ապա տարի մը ետք կը յաճախէ Լայլաօղլու վարժոցը: Երկու տարի ետք կը ղրկուի Սկիւտարի ձրիավարժ ճեմարանը, ուր կը սկսի գրել իր անդրանիկ տաղերն ու թատրերգութիւնները, կատարելով նաեւ ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ՝ իր տաղանդը փորձելով վիպագրութեան ալ մէջ: 

1867-ին ճեմարանաւարտ պատանի Դուրեան կարճատեւ շրջան մը կ՚աշխատի իբրեւ քարտուղար առեւտրականի մը քով եւ իրեն համար այս անհրապոյր աշխատանքին մասին սապէս է գրած. «Եթէ ասանկ գործի մը պիտի մտնէի, ինչո՞ւ համար այնչափ աշխատեցայ դպրոցին մէջ, ինչո՞ւ համար միտքս յոգնեցուցի այսչափ տարի. ասկէ վերջը եթէ անօթութենէս մեռնիլս գիտնամ, ատանկ գործ մը չեմ ընդունիր»: 

1868-ին, ան ձրիաբար հայերէն լեզու կը դասաւանդէ Գաբրիէլ քհնյ. Խանճեանի նորաբաց վարժարանէն ներս բարձրագոյն կարգի աշակերտներուն եւ միաժամանակ Սելամիէի մէջ կը հիմնէ ընթերցասիրաց ընկերութիւնը Պօղոս Դելփեանի հետ: 

Յաջորդ տարի, 18 տարեկանին, արդէն հանրածանօթ բանաստեղծ եւ հրապարակագիր է Պետրոս Դուրեան: 1869-ի փետրուարին իր «Վարդ եւ շուշան» թատերախաղի ներկայացումով կը ճանչցուի նաեւ որպէս թատերագիր եւ դրամ վաստկելու ճիգով ու յոյսով կ՚աշխատի իբրեւ դերասան՝ յատկապէս Յակոբ Վարդովեանի թատերախումբին մէջ, միաժամանակ յօդուածներ ստորագրելով՝ ի դիմաց չնչին եկամուտի: 1870-ի վերջերուն իր մէջ ի յայտ կու գայ «Բանաստեղծի կամ երկինքի հիւանդութիւն»ը՝ թոքախտը եւ ի վիճակի չ՚ըլլար շատ անգամ ներկայ գտնուելու իր թատերախաղերու ներկայացման:

Հակառակ տակաւ սաստկացող եւ զինք անկողնին գամող անողոք հիւանդութեան՝ չի դադրեցներ ստեղծագործելու իր ճիգերը, եռանդը, եւ այդ տուայտանքով կը շարունակէ գրել իր ամենէն նշանաւոր բանաստեղծութիւնները՝ «Տրտունջք»ը, «Զղջում»ը, մինչեւ յաւիտենապէս փակելը իր աչքերը, 1872-ի 21 յունուարի երեկոյեան:

Շուրջ 47 բանաստեղծութիւններ ամփոփող «Տաղեր» խորագիրի տակ Դուրեանի ստեղծագործութիւններէն անկախ, հանճարեղ բանաստեղծի թատերական գործերու շարքին են «Սեւ հողեր…», «Վարդ եւ շուշան», «Արտաշէս աշխարհակալ», «Թատրոն կամ թշուառներ», «Տիգրան Բ.», «Կործանումն Հռովմայ եւ շահատակութիւնք հայոց», «Անկումն Արշակունի հարստութեան»: Ասոնցմէ զատ, սփիւռքահայ գրող եւ «Սեւան» հրատարակչատան հիմնադիր-հրատարակիչ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիր Սիմոն Սիմոնեան 60-ական թուականներուն յայտնաբերեց եւ հրատարակեց նաեւ Դուրեանի «Տարագիր ի Սիպերիա» թատերախաղը: Բաց աստի,Պետրոս Դուրեանի գրական արգասիքին մաս կը կազմեն անոր հրապարակախօսական էջերը, նամականին եւ 21 մայիս 1871-ին արտասանուած դամբանական խօսքը՝ առ Վարդան Լութֆեան, իր սիրելագոյն բարեկամին մահուան առիթով:

Վարդ ու շուշան, փթիթք ու մանիշակ, սիւք ու զեփիւռ, սէր ու սոխակ, աշնան գօս տերեւ ու գարնան ծաղիկներու փթթումներ, դալկահար ու տժգոյն լուսին, տրտմութիւն եւ մթութիւն, այսպիսի բառամթերքով բեռնաւոր ԺԹ. դարու Ռոմանթիք շարժումի գրական ներկայացուցիչներու բնորոշ ապրումները բնականաբար իրենց արտացոլանքն ալ ունեցան հիւանդութեամբ տառապած Պետրոս Դուրեանի քերթողութեան ու հոգիին ներսը, ուր «Առ Մայիս» խորագրով երկու տուննոց բանաստեղծութեան մէջ, իր ծննդեան տխուր 20-ամեակին առիթով գրուած, 1871-ին, հէք ու տառապեալ բանաստեղծը կը հեծեծէր իր սրտի խորերէն.

Ծաղիկներու մայրի՛կ դու կոյս՝
Ո՛վ իմ Մայի՛ս ծաղկահանդերձ,
Սա երփներանգ ծաղկօքդ հանդերձ՝
Է՞ր չբերիր Ծաղիկն հոգւոյս:

Ո՜հ, միթէ կա՞յ այլ զըւարթուն
Մայիս հոգւոյ Ծաղիկներու.
-Նա փողփողէ վերեւ գլխու,-
Մի դալկահար Մայիս անհուն:

13 տարեկանին, 1864-ին, արեւմտահայ, այլեւ Զարթօնքի սերունդի բանաստեղծութեան ռահվիրաներէն մին (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի հետ)՝ Դուրեան գրեց «Գարնանային կենացս մէջ» հինգ տուննոց իր առաջին բանաստեղծութիւնը: Հիւծախտէ չէր բռնուած դեռ այն ատեն, բայց ընկերային անարդարութիւններու մէջ ապրող իր կեանքը, յանուն հացի ու դրամական վաստակի իր պայքարուն ամէնօրեայ կեանքը գործէ գործ, արհեստէ արհեստ, մտատանջութիւններով ապրող իր հոգին կը բանար բանաստեղծական տողերով ամոքելու համար, Արարիչին դէմ իր ըմբոստագին առաջին նետերը արձակելով՝ «Տրտունջք»ի երկնումէն ութ տարի առաջ: Պատանութեան սեմին կանգնած եւ մահուան փոսը հեգնող իր անիծակուռ խօսքերը ուղղելով Աստուծոյ, բայց միշտ կեանքի գեղեցկութիւնները ապրիլ սիրող իր հոգին, խոր վիշտով ծաղրեց Արարիչը. այն Արարիչը, որ իր պատանի տարիքին «հաճո՜յք ունէր զինք գերեզման իջեցնելու…».

Գարնանային կենացս մէջ
Սիրոյ ծաղկունք մինչ փըթթէին՝
Սիրտս վառուած սիրովն անշէջ
Առաքինւոյն եւ գեղեցկին,

Մահագուշակ խորշակն անդէն
Հասաւ տիրեց սրտիս բոլոր,
Թառամեցան ծաղկունք ամէն
Ծըլած փթթած սրտիս մէջ նոր:
……………………………………………..
Ահա կ՚իջնեմ, ո՜հ, ես այժմէն
Առջեւս բացուած գերեզման խոր,
Բայց սա տըխուր տեսարանէն
Ի՜նչ կայ արդեօք հաճոյք մ՚Անոր:

«Իմ ցաւը» տառապայեղց քերթուածին մէջ, օրինակի համար, բանաստեղծը հայրենասիրական զգացմանց միջոցով կ՚արտացոլացնէ իր կենսասիրութիւնը: Այստեղ բախման մէջ են մահուան եւ հայրենասիրութեան զգացումները, ցոյց կը տրուի, թէ բանաստեղծը ինչպէ՞ս կը ձգտի դէպի կեանքը, հայրենիքին օգնելու գաղափարը, ի՜նչ փոյթ, որ դաժան իրականութիւնը կ՚ուզէ մահուան դատապարտել հէք եւ տառապեալ բանաստեղծը.

Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝
Հայրենիք մը ունիմ թըշուառ,
Չօգնած անոր՝ մեռնի՛լ աննշան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցա՛ւ ինձ համար:

Եւ ոչ միայն «Իմ ցաւը» քերթուածին, այլեւ «Իմ Մահը», «Սե՜ւ, սե՜ւ», «Զնէ պաշտեմ», «Իղձք առ Հայաստան», «Երգ մարտին Վարդանանց», «Լճակ» եւ այլ քերթուածներու մէջ, Դուրեան իր ներաշխարհի կրակաժայթք լոյսերը պտըտցուց անդաստաններուն մէջէն թէ՛ երկրի ընկերային անարդարութիւններու եւ թէ երկնքի աչառութեան ու անիրաւութեան դրախտի տարածքին, որոնք մերժեցի՜ն պատռել քերթողին սիրտը, ուր «հրդեհ կար, ո՛չ մատեան»:

Ոչ ոք ըսաւ - հէ՜ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չմեռնի:

Ոչ ոք ըսաւ - սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան…
-Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան:

2017-ի ամառը, երկրորդ անգամ ըլլալով երբ մեկնեցայ Պոլիս, որոշեցի այցելել Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած Պետրոս Դուրեանի դամբանը, ուր կը հանգչէին նաեւ աճիւնները Ռեթէոս Պէրպէրեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, նշանաւոր ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի եւ այլ անուանի մտաւորականներու: Պոլիս երթալ եւ գոնէ Պետրոս Դուրեանի գերեզմանատունը չայցելել՝ Երուսաղէմ երթալ ու հաճի չըլլալու կը նմանի: Ծանօթ հայ բարեկամի մը ինքնաշարժը այն ատեն զիս ապահովապէս տեղափոխեց Սկիւտար՝ հայոց գերեզմանատուն, Պոլսոյ Ասիական հատուածը, ուր գերեզմանատան չորս կողմը շրջայց կատարելէ ետք կանգ առի Դուրեանի դամբանին քով, պատմական լուսանկար մը ալ ունենալու այնտեղ: 

Հայ գրականութեան մէջ կան սակաւ տողեր, չափածոյ կամ արձակ, որոնք մեր յիշողութեան տեսադաշտէն անկարելի է որ անհետին, անհնար է որ ջնջուին՝ մինչեւ մեր կեանքի վախճանը անոնց հոգեցունց ազդեցութիւնը մեր հոգիներուն մէջ կրելով: Դուրեանի տաղերուն մէջ այդպիսի տողերը քիչ չեն: Այդ հրաբխային ուժգնութիւն ունեցող բառերը, յիրաւի, գողգոթան են հայ գրական կեանքի, սկիզբը՝ աշխարհաբարի, եւ գագաթնակէտը՝ արեւմտահայ հզօր քնարերգութեան:

Անցած ապրիլի 6-ին, Ս. Զատկին յաջորդող Մեռելոցի օրը, արտասովոր օրերէն մէկն էր Պուրճ Համուտի հայոց գերեզմանատան մէջ: Երբ մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եթերն ու երկինքը կը պատռէին թշնամիին արձակած ռումբերէն, անզէն ժողովուրդին վրայ, հայ զանգուածները անտեսելով որոտագոռ ու ձայնի պատը ճեղքող ահարկու սարսափը՝ թշնամիին անթիւ ռազմական օդանաւերով իրագործուած, իրենց ննջեցեալ սիրելիներուն, հարազատներուն դամբանները այցի եկած կ՚աղօթէին արտասուալից աչքերով: Չտեսնողին համար անհաւատալի կը թուէր այդ սրտաճմլիկ տեսարանը պատկերացնել: Շիրմաքարերու ճակատին փորագրուած տողերը մեծ մասամբ Պետրոս Դուրեանի քերթուածներէն քաղուած սրտաճմլիկ դրասանգերու ցաւագին պատկերներ կը կազմէին: Տեղ մը, երիտասարդ այրի կին մը կանգնած իր վաղամեռիկ ամուսնոյն դամբանին առջեւ՝ ուր մոմերը արտասուաթոր աչքերով քիչ-քիչ կը հիւծէին ու յուշիկ կը ծխար խունկը, որբեւայրին կը հեկեկար Դուրեանի բանաստեղծական տողերուն ազդեցութեան տակ, լացի ձայնը ուղղելով իր ամուսնոյն կողմը. «… Եթէ յիշատակդ ալ թառամի, /Ա՜հ, ա՛յն ատեն դուն կը մեռնիս…»: Այլ տեղ մը ճակատաբաց դամբանին վրայ կը կարդամ. «…Եւ մահամերձն ալ կ՚ուզէ երկու բան,/ Նախ կեա՜նքը, վերջը՝ լացող մ՚իր վըրան»: Այլ դամբանի մը վրայ ըմբոստացեալ տողերով գրուած կը կարդամ. «Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ,/ Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած…»: Անդին, գորովագութ քոյր մը կ՚արտասուէ մարմարակերտ դամբանի մը առջեւ, ուր գրուած կը կարդամ. «… Տխուր կոչնակ մ՚երբ հնչէ/ Մտերիմիդ մա՜հը յիշէ…»: Եւ այսպէս, ամբողջ հայոց գերեզմանատունը Դուրեանի ցաւագրութիւններով, անթարշամ մահագրութիւններով ողողուած՝ սիրելիներուս եւ հարազատներուս հոգիներուն խաղաղութեան համար ե՛ս ալ խունկ ու մոմ վառեցի ու աղօթեցի, եւ թեթեւցած սրտով դուրս եկայ գերեզմանատունէն, մինչ հեռուներէն դեռ կը լսուէին կատաղի ռմբակոծումներու տարափը անպաշտպան ժողովուրդին գլխուն…:

Արդարեւ, Դուրեանագիտութիւնը՝ որ Արշակ Չօպանեանի ալ կողմէ առնուեցաւ լուսարձակի տակ, խոր ու ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ մը, շարունակուեցաւ Էքսերճեանով, Շամտանճեանով, Օշականով, Կիւրճեանով, Գ. Ստեփանեանով եւ շատ ուրիշներու ալ ճգնանքներով, դեռ կը շարունակէ սպառել անկշռելի մելան ու թանաք հայ գրաքննադատական միտքին կողմէ, այլեւ կը մնայ սրտատրոփ սեւեռակէտը հայ եւ օտար գրականութեանց շատ սպասարկուներու:

Հայ գրականութեան մէջ իրաւամբ «Սկիւտարի սոխակը» յորջորջումը հագած Պետրոս Դուրեան, այն շատ քիչերէն է, որոնք, ըստ Յակոբ Օշականի, «… այն մէկ հատիկ անունն է արեւմտահայ գրականութեան մէջ, որուն հետ մեր մտքին այցելէին համաշխարհիկ գրականութեան ամենէն վաւերական քերթողները… Անիկա մէկն է այն շատ քիչերէն, որոնք հազարամէ հազարամ կ՚երեւին մտքի հերկերուն կամ զգացման ծովերու ափունքին, խորհրդաւոր, գեղեցիկ, դժբախտ, հեքիաթային ու Աստուծոյ մատը իրենց ճակատին…»: Իսկ ըստ Չօպանեանի, «Դուրեան անոնցմէ է, որ կը սկսի հայոց նոր բանաստեղծութիւնը: Ի՛նչ ձեւ ալ առնէ վաղը հայ բանաստեղծութիւնը, ի՛նչ զարգացման ալ հասնի, այդ միամիտ երգերը, իրենց անհաւասարութիւններով ու անկատարութիւններով հանդերձ, պիտի միշտ պահեն իրենց անթառամ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ անկեղծ ներշնչման մը ծնունդն են եւ որովհետեւ հանճարի կնիքը կը կրեն: Դուրեանի տաղերու այդ փոքրիկ հաւաքածուն, բոլոր մտքերուն մէջ քանդակուած, բոլոր բերաններուն վրայ սեւեռուած, ազգային իր մը պիտի դառնայ, եւ ամենէն աւելի սիրուածնրէն մին: Ու սերունդները, որոնք պիտի գան սերունդներէն յետոյ, իրենց երազանքի ու տրտմութեան ժամերուն, նոճիներու սուգին մէջէն ու վերջալոյսի տրտմութեան տակ այդ դալկահար ստուերին թափառիլը պիտի տեսնեն միշտ, պաշարուած երամով մը ցաւով սարսռացող տողերու, որոնք մենութեան մէջ թեւաբաց՝ իրենց անհուն քաղցրութեամբ ողբը կ՚երգեն»: 

Համաշխարհային գրականութեան վաղամեռիկ ու հանճարեղ քերթողներու շարքին, ռուսերը կը լեռնանան իրենց Պուշկինով, նաեւ Լերմոնտովով ու Եսենինով: Ֆրանսացիք կը հպարտանան իրենց Արթիւր Ռեմպոյով: Անգլիացիք՝ իրենց Պայրընով ու Շելլիով: Դուրեան՝ Մեծարենցի հետ, հպարտանք առթող հայ քնարերգութեան վսեմագոյն երկու քանքարները, միջազգային արժեչափով մտածման ու զգացման հսկաները, պարզապէս Հա՞յ ըլլալնուն համար չեն կրնար հաւասարիլ միւսներուն սրբազան «մահերուն համբաւ»ին…:

21-ամեայ երիտասարդութեան սեմին իր վաղաժամ մահկանացուն կնքած Պետրոս Դուրեան, 175 տարեկան է այսօր, սակայն նո՛յն երիտասարդական աւիւնով, դեռ չպատմուած սէրերով ակաղձուն ու հայրենասիրութեան անբասիր կրակով վառող երիտասարդն է, եւ պիտի մնա՛յ այդպէս հազարամեակներ ալ: 

Արդարեւ, տեղին է, որ անգամ մը եւս ապրինք հանճարեղ Միսաք Մեծարենցէն՝ հանճարեղ Պետրոս Դուրեանին ձօնուած հետեւեալ «Պետրոս Դուրեան» խորագրեալ բանաստեղծութեան ծիածանագեղ արցունքին ու կոյս կոտտանքին խորունկ ճշմարտութեամբը.

Լուռ, մարմարակերտ դամբանին խորէն,
Հանճարի աչքերն անքոյթ կը նային,
Լոյս ոգիներու կեանքովն երկնային
Ա՛լ մեկուսացած ունայն ժըխորէն:

Մեռա՜ւ, խանդավառ սէրերն երգելէն՝
Ու պիտի յաւէտ միտքերն հըմային
Իր թունդ քընարէն, ու երգերն ալ հին
Պաշտումով ըզմեզ միշտ պիտի գերեն:

Յոյզով մեռա՛ւ ան, յուշքով՝ կ՚ապրի դեռ,
Ծառերուն նըման, որ թարմ ու դալար,
Իր գերեզմանին կ՚ելլեն քովն ի վեր:

Հիացքներ կ՚երթան իրեն ետեւէն…
Եւ իր յուշքերն ալ, յաւէտ անմոլար
Ու մի՜շտ ոգեւոր՝ դեռ պիտի տեւե՜ն:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026