ԱԿՆԱՐԿ - 165 - ՔԱՂԱՔՆԵՐ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐ՝ ԶԻՐԱՐ ՉՃԱՆՉՑՈՂ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՎ

Կար ժամանակ, երբ մարդոց տուներուն դռները գրեթէ երբեք չէին գոցուեր։ Գիւղի մը մէջ ոեւէ մէկու մը տուն երթալու կամ այցելելու համար հասցէ պէտք չէր. բաւարար էր անուն մը տալ եւ վերջ…։ Քաղաքներու հին թաղերուն մէջ ալ նոյն մտերմութիւնը գոյութիւն ունէր. դրացիները իրարու տուն կը մտնէին առանց նախապէս հեռաձայնելու, երեխաները նոյն բակին մէջ կը խաղային, իսկ երեկոները մարդիկ իրենց աթոռները դուրս կը հանէին ու ժամերով կը խօսէին։ Մարդը մարդուն համար միայն «սովորական բնակիչ-դրացի» մը չէր, այլ՝ կռուան մը, որմէ կարելի է ստանալ մխիթարութիւն, ապահովութիւն եւ օգնութիւն։

Այսօր, սակայն, աշխարհը փոխուած է։ Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն ինչ իր համն ու հոտը սկսած է կորսնցնել։ Մօտիկ անցեալի պարզութիւնը, անմիջականութիւնն ու մարդկային ջերմ փոխյարաբերութիւնը այսօր գրեթէ անգտանելի արժէքներու վերածուած են։ Մարդը զարգացած է, հնարաւորութիւններով ու դիւրութիւններով զինուած է, մնայուն վազքի մէջ է, սակայն, այս բոլորի կողքին ան դարձած է սառն ու ներփակ։ Իւրաքանչիւր մարդ մնայուն վազքի մէջ է. առաւօտեան տունէն դուրս կու գայ, օրուան մեծ մասը կ՚անցընէ աշխատավայրին մէջ, վերադարձին ալ ինք զինք կը փակէ՝ կամ հեռաձայնին, կամ հեռատեսիլին, կամ համակարգիչին դիմաց նստելով, նոյնիսկ անուշադրութեան մատնելով իր ընտանիքի անդամներն իսկ (ամուսին, կին, զաւակներ ու հարազատներ)։ Այս անընդհատ վազքին մէջ ան կորսնցուցած է ամենակարեւոր կարողութիւններէն մէկը՝ զգալ իր դիմացինին ներկայութիւնը, բաժնեկցիլ իր դիմացինին ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը, յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը։

Գիւղերն ու քաղաքները վերածուած են հաւաքատեղիներու եւ բնակավայրերու, ուր մարդիկ թէեւ կողք կողքի կ՚ապրին, սակայն, իրարմէ կը փախչին, զիրար չեն ճանչնար։ Բարձրայարկանի բազմաբնակարան շէնքի մը բնակիչները տարիներով նոյն մուտքէն կ՚անցնին, նոյն վերելակը կը գործածեն, նոյն պատերուն մէջ կ՚ապրին, բայց իրարու անուններն իսկ չեն գիտեր։ Դէմքով թերեւս զիրար կը ճանչնան, սակայն, տարրական բարեւ մը իսկ չեն փոխանակեր։ Շատեր նոյնիսկ գլուխնին կախած կը մտնեն վերելակ, որպէսզի ստիպուած չըլլան ուրիշի մը հետ խօսելու։

Այս երեւոյթը այսօր քաղաքի սահմաններէն ալ դուրս եկած է եւ սկսած է կամաց կամաց տարածուիլ գիւղերու մէջ եւս։ Մօտիկ անցեալին գիւղը մարդկային մտերմութեան վերջին ապաստանն էր։ Մարդիկ իրարու տուն կ՚երթային առանց հրաւէրի, հացն ու աղը կը բաժնէին, դժուարութեան ժամանակ իրարու օգնութեան կը հասնէին։ Այսօր, սակայն, նոյնիսկ գիւղերուն մէջ մարդիկ աւելի շատ հեռաձայններուն հետ կը խօսին, քան դրացիներուն։ Ներկայ արուեստագիտականութիւնը, որ կոչուած էր մարդոց միջեւ կապերը աւելի դիւրացնելու, յաճախ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցաւ. մարդիկ իրարու «կապուած» են համացանցով, բայց հոգեպէս օտարացած ու հեռացած են իրարմէ։

Այս օտարացումն ու հեռացումը յատկապէս քաղաքներուն մէջ աւելի տեսանելի է։ Քաղաքը, որ ժամանակ մը քաղաքակրթութեան, մշակոյթի եւ մարդկային շարժումի խորհրդանիշ էր, այսօր, բազմաթիւ վայրերու մէջ վերածուած է հսկայ մենութեան։ Հազարաւոր մարդիկ նոյն փողոցներուն վրայ կը քալեն, բայց ոեւէ մէկը միւսին գոյութիւնը չի նկատեր։ Իւրաքանչիւր մարդ շտապելու պատճառ մը ունի, բայց ո՛չ ոք ժամանակ ունի ուրիշ մարդ մը լսելու։

Հետեւեալ պատումը թերեւս ամենէն վառ օրինակն է այս իրականութեան.

Գարնան երեկոյ մըն էր։ Շէնքի մը հինգերորդ յարկին վրայ ապրող ծեր մարդ մը, իր սովորութեան համաձայն, պատուհանին կողքը նստած էր եւ նոյն ժամուն վար իջնող ու վեր բարձրացող իր դրացիները կը դիտէր։ Անոնք ամէն օր զինք կը տեսնէին, բայց ո՛չ մէկը երբեւէ հարցուցած էր անունը կամ հետաքրքրուած էր իրմով։

Օր մը ծերուկին պատուհանը գոց կը մնայ։

Երկու օր անցաւ նոյն վիճակով, սակայն, ո՛չ ոք ուշադրութիւն դարձուց։

Երրորդ օրը ծանր հոտ մը սկսաւ տարածուիլ միջանցքին մէջ։ Մարդիկ միայն այն ատեն դուռը ծեծեցին…։

Շտապ օգնութիւնը եկաւ։

Ծեր մարդը մեռած էր երեք օր առաջ։

Երբ ոստիկան մը հարցուց, թէ արդեօք ծեր մարդը ազգական ունի՞, բոլորը իրարու նայեցան…

Ո՛չ ոք գիտէր։

Անունն իսկ չէին գիտեր…։

Ճիշդ է, որ շէնքը լեցուն էր բնակիչներով, բայց մարդ չկար…։

Այս պատումը պարզ պատմութիւն մը չէ։ Անիկա մեր ժամանակներուն հայելին է։ Մենք հասանք այնպիսի վիճակի մը, ուր մարդ իր նմանին գոյութիւնը միայն այն ատեն կը նկատէ, երբ ան այլեւս գոյութիւն չունի։ Մարդիկ այսօր իրարու մահը աւելի արագ կը զգան, քան իրենց ներկայութիւնը։

Ի՞նչ է այս բոլորին պատճառը կամ աղբիւրը:

Անշուշտ, պատճառները բազմաթիւ են։ Ժամանակակից կեանքը մարդուն մէջ մշտական լարուածութիւն ստեղծած է։ Տնտեսական դժուարութիւնները, աշխատանքի ճնշումները, ապագայի անորոշութիւնը մարդս հոգեպէս յոգնած ու ճնշուած դարձուցած են։ Յոգնած ու ճնշուած մարդը, բնականաբար, ինքն իր մէջ կը փակուի։ Ան այլեւս ո՛չ համբերութիւն ունի ուրիշը լսելու եւ ո՛չ ալ հոգեկան ներուժ՝ նոր յարաբերութիւններ կառուցելու։

Միւս կողմէ, ներկայ արուեստագիտութիւնը մարդուն կեանքը դիւրացուցած է, բայց, միաժամանակ, մեկուսացուցած է զինք։ Այսօր մարդը տունէն դուրս չելլելով կրնայ գնում ընել, լուր կարդալ, ֆիլմ դիտել, նոյնիսկ աշխատիլ ու դրամ շահիլ։ Ամէն ինչ կարելի դարձած է առանց մարդկային շփումի։ Հեռաձայնները, որ կոչուած էին մարդոց մէջ եղող հեռաւորութիւնը կարճցնելու, իրենք վերածուած են հաստ պարիսպներու՝ որ մարդիկը իրարմէ կը բաժնեն: Սեղանի մը շուրջ նստած ընտանիքի մը անդամներն իսկ իրարու չեն նայիր, իրարու հետ չեն շփուիր՝ ամէն մէկը իր հեռախօսին մէջ թաղուած ըլլալուն պատճառով…։

Աւելի ցաւալին այն է, որ այս երեւոյթը աստիճանաբար սկսած է սովորական դառնալ։ Մարդիկ այլեւս չեն զարմանար, երբ դրացիները ո՛չ միայն իրարու անունները չեն գիտեր, այլեւ զիրար չեն ճանչնար։ Չեն զարմանար, երբ տարիներով նոյն շէնքին մէջ ապրող մարդիկ իրարու հետ ամբողջական նախադասութիւն մը չեն փոխանակած։ Մենակութիւնը բնական վիճակի վերածուած է այսօրուան մարդուն համար։

Սակայն, մարդը բնութեամբ առանձինն ապրելու համար ստեղծուած չէ։ Մարդը ընկերային էակ մըն է, որ ինչքան ալ փորձէ ինքնաբաւ երեւնալ, խորքին մէջ ուրիշ մարդոց կարիքը ունի, իր նմանին կարիքը ունի։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փափաքի, որ մէկը ըլլայ իրեն «բարի լոյս» ըսող, իր առողջութեամբ հետաքրքրուող, դժուարութեան մը ընթացքին թեւ ու թիկունք եղող։ Մարդը ինչքան ալ ինքզինք առանձնացնէ, ապա միշտ ալ ուշադրութեան, սիրոյ եւ ուրիշի մը ներկայութեան կարիքը ունի եւ կը զգայ միշտ։

Հետաքրքրական է, որ ժամանակակից աշխարհը մարդկային իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ զարգացման մասին շատ կը խօսի, բայց, միաժամանակ, մարդուն հոգին օրըստօրէ կը դատարկուի։ Քաղաքները կը մեծնան, բայց մարդոց սիրտերը կը նեղնան ու կը փոքրանան։ Շէնքերը կը բարձրանան, բայց մարդկային յարաբերութիւնները կը փոքրանան ու կը նուազին։ Մարդիկ այսօր հազարաւոր «ընկերներ» ունին համացանցի վրայ, բայց իրական կեանքին մէջ գրեթէ ո՛չ ոք ունին իրենց կողքին…։

Բազմաթիւ մտածողներ անդրադարձած են այս երեւոյթին։ «The Lonely Crowd»1 գիրքին մէջ ժամանակակից մարդը կը նկարագրուի որպէս անհատ մը, որ բազմութեան մէջ կ՚ապրի, բայց ներքուստ միայնակ է։ Ան մշտապէս ուրիշներուն կարծիքով կ՚ապրի, սակայն, իրական մարդկային կապերէ զուրկ է։ Արդիական աշխարհը մարդուն սորվեցուցած է, թէ ինչպէս կրնայ յաջողիլ, բայց, մոռցնել տուած է իրեն հաւատարիմ մնալ իր կոչումին՝ մարդ ըլլալ եւ մարդ մնալ։

Առանձնութեան այս ախտը միայն հոգեբանական խնդիր մը չէ, այլ՝ ընկերային վտանգ մըն է, ուր մարդիկ զիրար չեն ճանչնար եւ այդպիսով վստահութիւնը կը մեռնի։ Երբ վստահութիւնը մեռնի կամ կասկածի առարկայ դառնայ, հասարակութիւնը սառն եւ անտարբեր կը դառնայ։ Այդպիսի միջավայրի մը մէջ մարդ արարածը միայն իր մասին կը մտածէ։ Ուրիշին ցաւը զինք չի հետաքրքրեր, որովհետեւ անոր հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի եւ ո՛չ մէկ բան կը զգայ դիմացինին նկատմամբ։

Անցեալին, դժուար օրերուն մարդիկ իրարու տուն կը վազէին՝ օգնութեան հասնելու համար։ Այսօր, նոյն շէնքին մէջ մարդ մը կրնայ օգնութեան կարիք ունենալ, բայց դրացիները նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ան գոյութիւն ունի, ինչպիսին էր պարագան վերի պատումի ծերուկին…։ Ա՛յս է ներկայիս մեր ապրած ողբերգութիւնը. մարդ երբեք այսքան մեծ թիւով մարդոցմով չէր շրջապատուած ու ապրած, միաժամանակ, երբեք այսքան առանձին չէր եղած…։

Երբեմն կը կարծենք, թէ այս խնդիրը լուծելը մեծ ծրագրերու կամ պետական քաղաքականութիւններու կարիքը ունի։ Իրականութեան մէջ, սակայն, լուծումը յաճախ փոքր քայլերէ կը սկսի։ Մարդ կրնայ իր դրացիին պարզ բարեւ մը տալով փոխել անոր տրամադրութիւնը։ Նաեւ, կրնայ հիւանդ դրացիի մը այցելել մխիթարութիւն տալով անոր։ Տակաւին, կրնայ վերելակին մէջ լուռ կանգնելու փոխարէն երկու նախադասութիւն փոխանակել վերելակին մէջ եղողներուն հետ…։ Այս փոքր եւ այսօրուան մարդուն համար աննշան ու անարժէք թուացող քայլերը թերեւս կարենան մեծ փոփոխութիւններ յառաջացնեն, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցող մարդկային կարեւոր դէպքերն ու իրադարձութիւնները սկսած են լուռ, համեստ ու գրեթէ անտեսանելի արարքներէ, որոնք ժամանակի ընթացքին վերածուած են հասարակութիւններ ու կարծրատիպեր փոխող ներուժի։ 

Հին սերունդները մեզի ժառանգ ձգած են կարեւոր ճշմարտութիւն մը. «մարդը մարդով կ՚ապրի» կամ «մարդը մարդով մարդ է»։ Այս ճշմարտութիւնը այսօր աւելի քան երբեք կենսական է, որովհետեւ եթէ շարունակենք այս ձեւով ապրիլ, շուտով ականատես պիտի դառնանք՝ քաղաքներու եւ գիւղերու, ուր ամէն մարդ տուն ունի, բայց դրացի չունի. փողոցներու՝ ուր հազարաւոր մարդիկ կը քալեն, բայց ո՛չ ոք կը զգայ միւսը, շէնքերու՝ ուր լոյսերը վառ են, բայց, մարդկային ջերմութիւնը մարած է։

Այս բոլորին մէջ, ներկայ ժամանակներուն մեծագոյն աղքատութիւնը թերեւս ո՛չ թէ նիւթական աղքատութիւնն է, այլ՝ մարդկային ներկայութեան պակասը։ Մարդիկ այսօր ամէն ինչ ունին, բացի իրարու ժամանակ տրամադրելէ։ Իսկ երբ մարդը մարդուն ժամանակ չի՛ տրամադրեր, աշխարհը կամաց կամաց կը վերածուի բնակավայրի մը՝ առանց բնակիչի հոգիին։

Այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է, որ մարդիկ զիրար վերագտնեն։ Անհրաժեշտ է, որ դարձեալ սորվին բարեւել, հարցնել իրարու մասին, լսել զիրար, հետաքրքրուիլ իրարմով, այցելել իրարու…։ Քաղաքակրթութիւնը արդարեւ, միայն կամուրջներ, օդակայաններ եւ բարձր շէնքեր կառուցելը չէ. իրական քաղաքակրթութիւնը մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելն ու այդ կամուրջները կանգուն ու բանուկ պահելն է։

Այսպիսով, թերեւս օր մը, երբ մեր երեխաները նոյն շէնքին մէջ ապրող ծեր մարդուն անունը գիտնան, երբ դրացիներ դարձեալ սկսին իրարու դուռը ծեծել ու իրարու այցելել առանց պատճառի, երբ մարդիկ վերելակին մէջ իրենց գլուխը կախելու փոխարէն ժպտին, այն ատեն միայն պիտի կարենանք ըսել, թէ մեր քաղաքները դարձեալ մարդկայնացան…։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մայիս 2026, Վաղարշապատ


1 Հրատարակուած է 1950 թուականին: Համահեղինակներն են՝ Տէյվիտ Ռիսմըն, Նէյթըն Կլէյզըր եւ Ռիւըլ Տեննի: Գիրքը կը խօսի ամերիկեան հասարակութեան բնաւորութեան եւ ժամանակակից մարդուն հոգեբանական ու ընկերային վարքագիծին մասին։ Գիրքը թէեւ շուրջ կէս դար առաջ գրուած է, բայց շատ այժմէական է:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026