ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆՔ՝ ԱՌԱՆՑ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼՈՒ
Ժամանակակից աշխարհը իր նորարարութիւններով հասարակութեան շա՜տ բան տուաւ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, անաղմուկ ձեւով շա՜տ բան տարաւ մարդկութենէն. ինչպէս օրինակ՝ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմութիւնը, համբերութիւնը, ուշադրութիւնը, պարզութիւնը, վստահութիւնը եւ գրեթէ բոլոր այն բաները՝ որոնք անցեալին մարդը մա՛րդ ընող արժէքներ էին: Այնպէս կը թուի, որ նորագիտութեան տուածները աւելի են, սակայն ճշմարտութիւնը այդպէս չէ։ Արժէքներու կորուստները, ինչ որ մարդ արարած նորարարութիւններու պատճառով ունեցաւ՝ ո՛չ թէ ներկայ ժամանակաշրջանին, այլ ապագայի մարդկութեան կեանքին մէջ մեծ հետք ձգելու ուժգնութիւնն ու կարողութիւնը ունի։ Այսօր գիտութիւնը կը զարգանայ, սակայն, հասարակութիւնը կը քայքայուի ու այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ, երբ կամաց կամաց ընտանիքներու մէջ կը վերանայ սէրը եւ կը սկսի իշխել եսը:
Մեր մարդկային կեանքի մեծագոյն հակասութիւնը մերօրեայ զարգացումն է, որովհետեւ մարդ արարած ինչքան կը զարգանայ՝ այնքան ետդարձի մէջ կը գտնէ ինքզինք։ Եթէ հասարակութիւն մը զարգացած չէ, անոր մօտ կը պակսին որոշ արժէքներ՝ մեղադրելի չէ, որովհետեւ տակաւին չեն ունեցած յառաջդիմութեան լոյսն ու փարոսը, սակայն, երբ ընկերութիւն մը զարգանալէ, յառաջդիմելէ ետք դէպի ետդարձի ճամբան կը բռնէ՝ պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ:
Աւելի քան դար մը առաջ մարդ արարածին համար գրեթէ «անհասանելի» կը թուէր հեռուն եւ այդ իսկ պատճառով մարդ ինքզինք աւելի մօտիկ կը զգար իր մերձաւորին։ Այսօր մերձաւորը հեռու՝ իսկ հեռաւորը մօտիկ դարձած է մարդուն համար։ Այս մէկը ինքնաբերաբար մարդոց մէջ կը մեռցնէ յարաբերելու արուեստի գիտակցութիւնը. անցեալի մտերմութիւնը կը դառնայ «կորսուած երազ»։ Ի դէպ, այս բոլորը սարսափելի դարձնողը այն է, որ կը պատահի ո՛չ բռնի։ Մարդ ընդունի թէ ոչ, որոշ հաճոյք մը կը զգայ այդ բոլորէն եւ իր կեանքի նպատակն ու կեդրոնը կը վերածէ իր եսը եւ կեանքը կ՚ապրի պարզապէս այդ եսը գոհացնելու համար: Ներկայ ընկերութեան մէջ չարութիւնը աճ կ՚արձանագրէ, որովհետեւ եսը կը սկսի կառավարել ընկերութիւնը։ «Ես ճիշդ եմ»ի հոգեբանութիւնը կը քանդէ տրամաբանութեան բոլոր սահմանները. «մենք»ով առաջնորդուող հասարակութիւնը կը փոխարինուի «ես»ի:
Կամաց կամաց, անշուշտ, այս բոլորը ընկերութեան մէջ կը սկսի դառնալ սովորական, սակայն, երբ պատահի ընտանեկան յարկէն դուրս, որովհետեւ որոշ ժամանակ այս երեւոյթները գոյութիւն ունէին ընտանեկան կեանքէն դուրս՝ իսկ այսօր մուտք գործած են արդէն իսկ ընտանեկան կեանք եւս:
Այս երեւոյթներու վտանգաւոր բնոյթը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար բաւարար է աչք մը նետել ամերիկեան քաղաքակրթութեան վրայ։ Այսօր Ամերիկայի շատ մը դատական նիստեր բաց են հանրութեան դիմաց եւ այդ դատավարութիւնները սերտելով բաւարար է հասկնալ, թէ դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդուի ընտանիքի ապագայ վիճակը. տանք անոնցմէ մի քանի օրինակներ։ Զաւակ մը 21-րդ տարեդարձի առիթով ծնողքէն ինքնաշարժ կը պահանջէ որպէս նուէր (ապագայ աշխարհին մէջ խնդրելը մոռցուած երեւոյթ մը պիտի ըլլայ)։ Ծնողքը զաւկին կը նուիրէ ելեկտրական նոր ինքնաշարժ մը։ Զաւակը ծնողքին դէմ դատ բանալով կը դիմէ դատաւորին՝ բողոքելով, որ հայրը ի վիճակի է շատ աւելի սուղ եւ արժէքաւոր ինքնաշարժ մը նուիրել եւ այդ մէկը «իրաւունք» կարծելով կ՚ուզէ դատական որոշումներով ձեռք բերել: Այլ մէկը իր ծնողքին դէմ դատ կը բանայ՝ որովհետեւ ծնողքը կը ստիպէ, որ դպրոց յաճախէ։ Հաւատացէ՛ք, որ մարդկային տրամաբանութենէ դուրս եղող բողոքներուն ու երեւոյթներուն շարքը կարելի է երկարե՜լ ու երկարել:
Եթէ պահ մը հաւատանք, որ մարդկային կեանքի մէջ իրականութիւն է «ինչ որ ցանես այն կը հնձես» կարգախօսը, ապա շատ ինքնավստահ կրնանք ըսել, որ ապագային մարդութենէն վերացած արժէքներէն պիտի ըլլայ նաեւ յարգանքը։ Այսօր շա՜տ մը արժէքներ վերացած են մեր մէջ. օրինակ՝ կարեկցանք, անկեղծութիւն, խոնարհութիւն, հաւատարմութիւն, վստահութիւն… Այսօր նոյն տան մէջ ապրող եղբայր-քոյր, զաւակ ու մայր իրարու հանդէպ վստահութիւն չունին. ընտանիքին մէջ եւս գոյութիւն ունեցող «մենք»ն ալ կը վերածուի «ես»ի:
Կ՚ուզենք, որ այս բոլորը պարզապէս որպէս քննադատութիւն չընդունուի։ Երեւոյթը քննադատելը անիմաստ է, որովհետեւ ընդունինք թէ ո՛չ, մեր ապագայ սերունդները այդ ապրելակերպն է, որ պիտի որդեգրեն. անոր դէմ դնել կարելի չէ. մշակոյթներ իրարմէ ընդհանրապէս վատ երեւոյթները ընդօրինակելու ունակութիւնը ունին։ Մերօրեայ երիտասարդութիւնը հայելին է ընդօրինակուած վատ մշակոյթներուն։ Մարդկային կեանքը դիտեցէ՛ք որպէս առեւտրական ընկերութիւն մը։ Եթէ ընկերութիւն մը նոր մասնաճիւղեր բանալով հանդերձ նիւթապէս աճ արձանագրելու փոխարէն վնասներ արձանագրէ՝ որոշ ժամանակ ետք իր սնանկութիւնը յայտարարելով պատմութիւն կը դառնայ։ Նոյնը մեր մարդկային կեանքն է։ Երեւութապէս կը յառաջդիմենք ու կը զարգանանք, սակայն, էապէս ո՛չ մէկ աճ կ՚արձանագրենք, ընդհակառակն, կը զոհենք բոլոր այն արժէքները, որոնք տակաւին կը շարունակեն մարդը մա՛րդ պահել: Ներկայ երիտասարդութիւնը մի՛ մեղադրէք, որովհետեւ մեր օրերուն ապրող «վատ»ը ապագայի «լաւ»ն ու «փնտռուած»ը պիտի դառնայ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Յաղթանակ
մը ի վերջոյ մէկ անձի գործ է, մէկ հանճարի գործ է: Հանճարը իսկական ազատութեան խորհրդանիշ է: Հանճարը ազատութիւն է:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան