ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԻՆՔ

Աւելի քան հինգ հարիւր տարի առաջ ապրած իտալացի գրող Նիքոլօ Մաքիավելլի (Niccolò Machiavelli) իր յայտնի «Իշխանը» աշխատութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Քաղաքականութեան մէջ ճշմարտութիւնը հազուադէպ յաղթէ ուժին»։ Պետութիւններ ինչքան ալ փորձեն համոզել, որ երկիրը ժողովրդավար օրէնքներով կ՚առաջնորդուի՝ սո՛ւտ է: Նոյն այդ սուտը կը տիրէ այսօր. նոյն այդ սուտը կը տիրէր մի քանի տասնեակ դարեր առաջ եւ նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ առաջ. փա՞ստ. Ք.Ա. հինգերորդ դարաշրջանին ապրած յոյն պատմաբան Թուկիւտիտէսի խօսքերը մեծագոյն փաստն են այս դժբախտ ճշմարտութեան. «Զօրաւորները կ՚ընեն, ինչ որ կ՚ուզեն, իսկ տկարները կը համակերպին»։ Անշուշտ, «զօրաւոր» ըսելով անցեալին ի՞նչ կը հասկնային՝ հարցականի տակ է, սակայն, մեր օրերուն զօրաւորը ա՛ն է, որ հարստութեան տէր է։ Նման «զօրաւոր»ներ իրենք զիրենք օրէնքէն վեր դասելով իրենք զիրենք երկրի տէրը ըլլալ կը կարծեն, իսկ պետութիւններ «արդարութիւն» եւ «հաւասարութիւն», «մարդկային իրաւունք» եւ նման գոյութիւն չունեցող լոզունգներ բարձրացնելով կ՚ընեն քարոզուածին հակառակը: 

Հայ երաժշտութեան պատմութեան ամենէն ազդեցիկ հեղինակութիւններէն մէկուն՝ Աշուղ Ջիւանիի «Խելքի աշեցէ՛ք» երգ-բանաստեղծութիւնը լաւագոյն հայելին է այս դառն իրականութեան, որ կը հաւատայ, թէ այնքան ատեն որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ոսկին ու հարստութիւնը՝ խելքին եւ խիղճին գոյութիւնը իմաստ մը չունի։ Ինչքա՜ն անտեղի է արդարադատութեան մէջ կշիռքի խորհրդանիշը, որովհետեւ կշիռքը գիտութեան կանոններու վրայ հիմնուելով անաչառ դատաստան կը հիմնէ. այնպէս, ինչպէս բժշկութեան մէջ «օգնել»ու երեւոյթը շատո՜նց վերացած է, նոյնպէս արդարադատութեան մէջ անաչառութիւնը երկար ատենէ ի վեր դադրած է գոյութիւն ունենալէ: 

Ժողովրդավարութեան ճշգրիտ սահմանումը ի՞նչ է՝ չենք գիտեր, սակայն, եթէ մարդիկ կը փորձեն այդ մէկը բացատրել հաւասարութեամբ, արդարութեամբ եւ «ժողովուրդի կամք»ով, ապա բացայայտ ձեւով կրնանք հաստատել, որ սուտ եւ կեղծ համոզումներ են։ Այնպէս կը կարծուի, որ ժողովուրդը իր քուէով կ՚ընտրէ իր առաջնորդը՝ որպէսզի ծառայէ ազգին ու հայրենիքին, սակայն, վերջաւորութեան հակառակը կը պարզուի. ընտրուածը ծառայելու փոխարէն ծառայութիւն կը ստանայ, իր աշխատանքով երկիրը իր տէրերուն դիմաց լաւագոյնս ներկայացնելու փոխարէն՝ երկիրը իրը ըլլալ կը կարծէ։ Այսօր հասարակ ժողովուրդին դիմաց փակ է շա՜տ մը միջոցներ ու հնարաւորութիւններ. գրեթէ ամէ՛ն բան բաց է ու հնարաւոր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ղեկավարներուն համար: Անշուշտ, այս յոռի երեւոյթները շատ աննշան մանրուքներու մէջ եւս կարելի է տեսնել. օրինակի համար, երկրին մէջ հաստատուած օրէնքները ամենայն խստութեամբ ի զօրու են պարզ ու հասարակ քաղաքացիին համար, սակայն, ղեկավարներուն համար՝ ոչ. եւ այդ մանրուքները հասկնալի դարձնելու համար տանք շա՜տ անիմաստ օրինակ մը. եթէ այսօր ես ինքնաշարժս մի քանի վայրկեանի համար կեցնեմ պետութեան կողմէ արգիլուած վայր մը, տուգանքի եւ պատիժի կ՚արժանանամ, որովհետեւ այդտեղ կանգ առնելով խանգարած կ՚ըլլամ «հասարակական կարգ»ը։ Նոյն այդ տեղը թող նախարար մը կեցնէ իր ինքնաշարժը. տարօրինակ ձեւով «հասարակական կարգ»ը չի խանգարուիր։ Նման պարզ ու հասարակ երեւոյթ մը ինքնաբերաբար մտածել չի՞ տար, որ ժողովրդավար երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի։ Մարդ ո՛չ թէ իր մարդ ըլլալով, այլ պաշտօնով, իր դիրքով ու հարստութեամբ կը չափուի: 

Ֆրանսացի մեծ գրող Ժան Ժաք Ռուսօ կը հաւատայ, որ ժողովուրդը ղեկավար կ՚ընտրէ՝ որպէսզի աւելի ազատ, աւելի հանգիստ կեանք ունենայ եւ տարօրինակ ձեւով ընտրութենէն ետք կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը։ Բացատրենք. ժողովուրդը իր ձեռքով, իր կամքով այնպիսի ուժ մը կու տայ ղեկավարներուն՝ որոնց դէմ չի կրնար պայքարիլ։ Այսօր գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ (նոյնիսկ ամենէն խաղաղ կարծուածները) չեն սիրեր իրենց ղեկավարութիւնները, սակայն, կը գիտակցին, որ դէմ դնել կարելի չէ, որովհետեւ այն ուժը, որ իրենք իրենց ձեռքով տուին, կրնայ գործածուիլ իրենց անձերուն դէմ: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով քաղաքականութեան մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կը տեսնենք։ Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ հարուստներ ինչո՞ւ կը հետաքրքրուին քաղաքականութեամբ. կրնաք մտածել, որ արդէն իսկ հարուստ են՝ ամբողջ կեանք մը թագաւորի մը պէս ապրելու հարստութեան տէր են։ Ինչո՞ւ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալ. պատասխանը պարզ է. անոնք ունին հարստութիւն, իրենց դրամով շատ մը անձերու վրայ կ՚իշխեն, սակայն, կ՚ուզեն իրենց ձեռքը ունենալ նաեւ իշխանութիւնը՝ ամբողջութեամբ իշխելու համար։ Հարուստները քաղաքականութեան միջամուխ կ՚ըլլան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ թէ եւրոպական երկիրներու մէջ, որովհետեւ տեղ մը իշխելու ցանկութիւնը հիւանդութեան պէս կը տարածուի եւ նոյնիսկ մեծ գումարներ կը զոհեն՝ այդ իշխանութիւնը ձեռք բերելու համար: Այդ իսկ պատճառով, աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ Հայաստանի նոր ընտրութիւնները դրական ո՛չ մէկ բան պիտի փոխեն մեր հասարակութեան մօտ. պարզապէս չկատարուած խոստումներուն վրայ պիտի աւելնան նորերը, որպէսզի չորս տարի ետք՝ միւս ընտրութիւններուն յանկարծ յիշեն, որ նոր խոստումներու կարիքը կայ… եւ այսպէս կը խոստանան՝ մինչեւ հին խոստացողները փոխարինուին նորերով:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայերէն գիր ստեղծել, կը նշանակէ մարդոց խումբի մը արտայայտութեան ուրոյն ձեւ մը շնորհել, արգիլել, որ ան ուրիշ գիր գործածէ: Կը նշանակէ զայն տարանջատել ուրիշ ազգերու գիրերէն: Կը նշանակէ «ազատել» զայն:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026