ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ՏՕՆԸ
Յարութեան տօնախմբական շրջանին լրո՛ւմն է «Հոգեգալուստ»ը՝ որ կը կատարուի Յինանց յիսուներորդ օրուան կիրակին, ի յիշատակ Սուրբ Հոգիին առաքեալներու դասին վրայ իջման՝ Վերնատան մէջ, եւ զօրութիւններու եւ լեզուներու շնորհներու բաշխումով Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հաստատման։
Նախապէս այս տօնը մէկ օր միայն կը կատարուէր. քանի որ յաջորդ եօթնեակը՝ շաբաթը Եղիական պահքի յատկացուած էր։ Եւ սակայն, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, ԺԲ. դարուն, տնօրինեց, որ ամբողջ եօթնեակի ընթացքին տօնուի Հոգեգալուստը՝ պահելով հանդերձ նիւթական-մարմնական պահեցողութեան կանոնը։
Յարութեան շրջանի վերոյիշեալ 64 օրերէն զատ, Քրիստոսի յարութեան նուիրուած են տարւոյ մէջ բոլոր կիրակիներն ալ։ Ուրիշ եկեղեցիներ, կիրակին յարութեան ընծայելով հանդերձ ամսաթուին համեմատ ուրիշ տէրունի կամ սրբոց տօն եւս կը կատարեն կիրակի օրերը։ Հայ Եկեղեցին սրբոց տօն երբեք չի կատարեր կիրակի օրերը։ (Բացառութիւն է միայն Եղիա մարգարէի յիշատակը՝ որ կը տօնուի կիրակի օր)։
(«Սուրբ եւ տօնք». Թորգոմ Պատրիարք, Երուսաղէմ, 1939)։
«Սուրբ Հոգի» ա՛յս է յատուկ անունը Անոր՝ զոր մենք կը պաշտենք եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաւորենք։ Եկեղեցին զԻնք Տիրոջմէ կ՚ընդունի. «յանեղն եւ ի կատարեալն»։
«Հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայերէն «Ռուահ» բառով, որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յիսուս արդարեւ կ՚օգտագործէ հովին շօշափելի պատկերը՝ թելադրելու համար Նիկոդեմոսին Աստուծոյ անձնական Շունչը եղող աստուածային Հոգիին վերանցական նորութիւնը. (ՅՈՎՀ. Գ 5-8)։
Միւս կողմէ, «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներ են, որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն։ Սակայն Աստուծաշունչը, ծիսակատարումը եւ աստուածաբանական բարբառը այս երկու բառը իրարու միացնելով, կը նշանակեն անպատում, անասելի եւ աննկարագրելի Անձը Սուրբ Հոգիին, «հոգի» եւ «սուրբ» բառերուն միւս կիրարկումներուն եւ գործածութիւններուն հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։
Յիսուս երբ Սուրբ Հոգիին գալուստը կ՚աւետէ եւ կը խոստանայ, զԻնք «Ան՝ որ մօտը կանչուած է», որ սովորաբար բացատրուած է «Մխիթարիչ» բառով. առաջին Մխիթարիչը Յիսուս ըլլալով։ Ուստի Տէրը Սուրբ Հոգին «ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Բացի իր յատուկ անունէն, որ ամենէն աւելի գործածուած է «Առաքեալներուն Գործեր»ուն եւ «Թուղթեր»ուն՝ նամակներուն մէջ, Պօղոս առաքեալի մօտ կարելի է գտնել հետեւեալ կոչումները.
«Խոստումին Հոգին». (ԵՓՍ. Ա 13), (ԳԱՂ. Գ 14),
«Որդեգրութեան Հոգին». (ՀՌՈՄ. Ը 15), (ԳԱՂ. Դ 6),
«Քրիստոսի Հոգին». (ՀՌՈՄ. Ը 9),
«Տիրոջ Հոգին». (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 17),
«Աստուծոյ Հոգին». (ՀՌՈՄ. Ը 9, 14), (ՀՌՈՄ. ԺԵ 19), (ԿՈՐՆԹ. Զ 11, Է 40)։
Իսկ Պետրոս առաքեալի մօտ՝ «Փառքի Հոգին». (Ա ՊԵՏՐ. Դ 14)։
Հոգեգալուստի օրը՝ Զատկական-Յարութեան եօթը շաբաթներու աւարտին, Քրիստոսի Զատիկը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին հեղումով, որ կը յայտնուի, կը տրուի, կը հաղորդուի իբրեւ աստուածային Անձ՝ անեղ եւ կատարեալ. Քրիստոս Տէրը, Իր Լիութենէն, Հոգին առատօրէն կը սփռէ. (ԳՈՐԾ. Բ 33-36)։
Հոգեգալստեան օրը Ամենասուրբ Երրորդութիւնը լիովին կը յայտնուի։ Քրիստոսի աւետած Արքայութիւնը բա՛ց է Իրեն հաւատացողներուն առջեւ։ Անոնք իրենց մարմինին խոնարհութեամբ եւ հաւատքով արդէն իսկ կը մասնակցին Ամենասուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան։
Սուրբ Հոգին անընդհատ գալուստով, աշխարհը կը մտցնէ «վերջին ժամանակներ»ուն մէջ, որ Եկեղեցւոյ ժամանակն է, որ արդէն իսկ ժառանգուած, բայց տակաւին «անաւարտ Արքայութիւն»ն է։
Այսպէս, ուրեմն, տեսնուեցաւ ճշմարիտ Լոյսը, ընդունուեցաւ երկնաւոր Հոգին, գտնուեցաւ ճշմարիտ հաւատքը։ Ուստի, հաւատացեալներ կ՚երկրպագեն անբաժանելի Ամենասուրբ Երրորդութեան, քանի որ Ան փրկեց զիրենք։
Արդարեւ, անհնար է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի առանց Անոր Հոգիին մասնակցելու։ Սուրբ Հոգին է, որ կը յայտնէ մարդոց, թէ ո՛վ է Յիսուս։ Որովհետեւ. «ո՛չ ոք կարող է ըսել. Տէր է Յիսուս, եթէ ոչ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 3)։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ նաեւ. «Հոգին կը քննէ ամէն ինչ, մինչեւ իսկ խորութիւնները Աստուծոյ… Ո՛չ ոք գիտէ Աստուծոյ խորհուրդները, բացի Աստուծոյ Հոգիէն». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 10-11)։ Միայն Աստուած կը ճանչնայ կատարելապէս։ Մարդ կը հաւատայ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ Աստուա՛ծ է Ան՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան Անձերէն մի՛ն։ Ուստի, երբ մարդ կ՚ըսէ. «Կը հաւատամ Աստուծոյ», այս կը նշանակէ, թէ ան կը հաւատայ Սուրբ Հոգիին։
Այս իմաստով, Սուրբ Հոգին կը յայտնէ Քրիստոսը։ Ուստի, անհնար է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի առանց Անոր Հոգիին մասնակցելու։ Սուրբ Հոգին է, որ կը յայտնէ մարդոց, թէ ո՛վ է Յիսուս։ Որովհետեւ. «ո՛չ ոք կարող է ըսել. Տէր է Յիսուս, եթէ ոչ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 3). ինչպէս աւելի վերը յիշուեցաւ այս ճշմարտութիւնը, կը նշանակէ, թէ առանց հոգին ճանչնալու կարելի չէ՛ ճանչնալ եւ հասկնալ, ապա ուրեմն՝ հաւատալ եւ վստահիլ ոեւէ մէկու։ Արդարեւ, ինչպէս եւ յաճախ կը կրկնենք, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի համաձայն, պէտք է հաւատալ՝ հասկնալով եւ հասնկալ՝ հաւատալով։ Հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ. «Հաւատալը արարքն է բանականութեան, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Եւ Սուրբ Հոգին կը զօրացնէ հաւատքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2026, Իսթանպուլ