ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆԸ

Մարդկային ցեղերուն մէջ աստուածային բազմաթիւ ըմբռնումներ եւ գաղափարներ կը գտնուին։ Ցեղերէ ոմանց մէջ կան աւելի հին գաղափարներ, որոնք կը կոչուին «հոգեպաշտութիւն»։ Հոգեպաշտութիւնը՝ «animism» ա՛յն հաւատքը՝ այն համոզումն է, որ վստահութիւնը կը դնէ բազմաթիւ աստուածային ուժերու վրայ՝ հոգիներ, ոգիներ եւ այլն, որոնք՝ իբր թէ կը բնակին ժայռերու մէջ, ծառերու մէջ, ինչպէս եւ հայ նախնիները «սօսի» կոչուած ծառերը կը պաշտէին, նաեւ տուներու մէջ, առուակներու, գետերու, լեռներու եւ նոյնիսկ յատուկ պարագաներուն՝ մարդոց մէջ կը բնակին։

Արդարեւ, իր ամենալայն առումով, «կրօնք»ը՝ մարդուն զԱստուած փնտռտուքն է։ Անոր հետ ուղիղ յարաբերութիւն մշակելու համար, որ արժանի է պաշտամունքի եւ բարձրագոյն նուիրումի։ Մարդ, անդրադառնալով իր տկարութեան, թերութիւններուն եւ անկատարութեան, իր սահմանափակ կարողութեան պահանջքը կը զգայ հաւատալու, այսինքն վստահելու իրմէ աւելի կարող, աւելի զօրաւոր գերագոյն էակի մը՝ որ միշտ պատրաստ ըլլայ օգնելու իրեն, ամէն տեղ գտնուի, միշտ ներկայ ըլլայ, այսինքն միշտ հո՛ս ըլլայ, հոս՝ «աստ» գտնուի, «աստուած» ըլլայ…

Աստուած գաղափարը, այս իմաստով, այդ Գերագոյն Էակը անուանող եւ պատկերացնեող ամենէն յարմար բառը «աստուած» բառն է, որ անոր ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ «աստ» այսինքն՝ հո՛ս ներկայ ըլլալը ցոյց կու տայ։ Աստուած՝ աստուած է, քանի որ Ան միշտ «աստ» է, հո՛ս է։

Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը «կրօնք» մըն է, որ հիմնուած եւ տարածուած է Աստուծոյ կատարած յայտնութիւններուն եւ հռչակումներուն վրայ՝ ուղղուած մարդուն, Քրիստոսի մասնայատուկ յայտնութեամբ, որով Հայրը նպատակ ունի մարդկութիւնը Իրեն հետ հաշտեցնել։

Ուստի, մարդկային պատմութեան մէջ բոլոր կրօններու կորիզը եւ հիմնակէտը կը տեսնուի «աստուծոյ» մը՝ անձի մը կամ անձերու, «անձ»ի հանգամանք ընծայուած իրի մը կամ իրերու գոյութեան, զօրութեան եւ կամ միջոցի մը վրայ, որով անհատը, ընտանիքը, ցեղախումբը եւ կամ ժողովուրդը եւ անոր կազմակերպուած ձեւը՝ ազգը կարենայ ուղիղ կերպով յարաբերիլ անձի մը հետ, զոր կոչած է աստուա՛ծ։ Ապա ուրեմն, սխա՛լ պիտի ըլլայ ըսել, թէ կրօնքի մը արժէքը կը կայանայ անոր ունեցած բարոյական որակումին մէջ «աստուած» հասկացողութեան վերաբերեալ։ Մարդ զԱստուած կը փնտռէ, որովհետեւ անոր կը կարօտի, անոր պէտք ունի…

Այս պատճառով մարդ կախում ունի Աստուծմէ, քանի որ Ա՛ն է Արարիչը եւ Նախախնամը։ Արդարեւ, Աստուծոյ գոյութեան հաւատալ եւ զԱստուած փնտռել տարբեր արարքներ են. մարդ կրնայ հաւատալ Աստուծոյ, բայց կրնայ հեռու մնալ եւ անտարբեր վարուիլ Աստուծոյ նկատմամբ, դարձեալ, մարդ կրնայ ուրանալ Աստուծոյ գոյութիւնը, բայց կրնայ հետաքրքիր ըլլալ եւ փնտռել զԱյն։ Այս երկուքը տարբեր եւ իրարմէ անկախ վարմունքներ են։ Բայց կասկած չկայ, ամէն մարդու սրտին խորը, ծածուկ տեղ մը Աստուած ներկա՛յ է եւ պատրաստ Ինքզինք յայտնելու… Աստուծոյ գոյութիւնը ճշմարտութի՛ւն է եւ կրօնքի մը հիմնական գաղափարն է, ուստի, հոգեմտաւորական մտածումի մը մէջ վճռակա՛ն դեր ունի։ «Ա՛յն բնոյթը, զոր Աստուծոյ վերագրուած է, ամբողջական դրութեան գոյն կու տայ։ Մարդ եթէ տարակուսի կամ ձախողի այս կէտին մէջ, կը նշանակէ՝ ձախողած է ամբողջ ճշմարտութեան տարածութեան մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Henry Orton Wiley «Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւն» գիրքին մէջ։

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ զանազան կերպերով եւ միջոցներով փնտռած են զԱստուած, ինչ որ կը հաստատէ Աստուծոյ անուրանալի ճշմարտութիւնը եւ գոյութիւնը, քանի որ մարդ գոյութեանը հաւատացած բան մը կը փնտռէ։ Կախարդութիւն, հմայութիւն, մոգութիւն, վհուկութիւն, զոհաբերութիւն եւ թովչութիւն (=դիւթութիւն, հրապոյր, կախարդութիւն…) մաս կը կազմեն վերոյիշեալ աստուածային հին գաղափարներէն՝ հոգեպաշտութեան։ Այս շարժումին կը պատկանին Չինաստանի «Դաօ» կրօնքը «Taoism», ինչպէս նաեւ Ափրիկէի ցեղային զանազան կրօններ եւ այլն։

Հոգեպաշտութիւնը որեւէ բարոյական բովանդակութիւն չունի՛։ Այսինքն՝ չաստուածները եւ կամ հոգիները զիրենք պաշտողներուն բարոյական արդարութեամբ հետաքրքրուած չեն հոգեւոր իմաստով։ Ուրեմն, պաշտամունք եւ կրօնք հասկացողութիւնը կը կայանայ զոհաբերումներու եւ թովչութիւններու, կախարդութիւններու մէջ բաժին վերցնելու վրայ, որպէսզի համոզեն չաստուածները եւ անոնց բարկութիւնը ամոքեն, որպէսզի թոյլ տան, որ մարդը իր կեանքը խաղաղութեամբ վարէ…

Քրիստոնէութիւնը, սակայն, կը հաւատայ մէկ գերիշխան ճշմարիտ Աստուծոյ եւ կը մերժէ, կ՚ուրանայ մնացած բոլոր չաստուածները։ Ուստի, քրիստոնէական հաւատքը կու գայ Աստուածայայտնութենէ եւ ո՛չ թէ վարկածներու ամփոփումներէ եւ փնտռտուքներէ, քանի որ ան բանաւո՛ր հաւատք է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 2, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026