ՈՒՏԻ ԵՐԿՈՒ ՁԱՅՆԵՐԸ՝ ՄԷԿ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ - ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ամերիկայի հայկական թանգարանը արուեստասէրին վերադարձուցած է կարծես թէ մոռցուած, բայց իրականութեան մէջ, առասպելական անուն մը՝ ուտահար Ճոն Պէրպէրեանը, որ ուտը հանրահռչակ դարձուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ շնորհիւ Անատոլուէն ներգաղթեալներու միջոցով ամերիկեան ափեր հասած երաժշտութեան։
Այս առասպելական անուան կողքին, թանգարանի երդիքին տակ բոլորովին վերջերս հանդէս եկած է նաեւ ճանչցուած ժամանակակից երաժիշտ Անդրանիկ Քիզիրեանը՝ «Երաժշտութիւնը գոյներու մէջ» համերգաշարի ծիրէն ներս:
Անոնց տպաւորիչ կատարումը իւրօրինակ կամուրջ ստեղծած է հայ երաժշտական աւանդութեան երկու սերունդներուն միջեւ: Այդ կամուրջը միայն տարիքներու կամ երաժշտական փորձառութիւններու միջեւ չէր, այլ կը միացնէր նաեւ ամերիկահայ մշակութային կեանքի երկու ժամանակաշրջաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով նպաստած է հայկական երաժշտական ժառանգութեան պահպանման։
Ճոն Պէրպէրեանն ու Անդրանիկ Քիզիրեանը միասին կատարած են տասնեօթ ստեղծագործութիւններ, որոնց կարգին՝ Արցախի սիրուած «Ղարաբաղի եղնիկ» ժողովրդական երգը, որ կը գովերգէ տարածաշրջանի բնութեան գեղեցկութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը, Կոմիտասի հաւաքագրած եւ մշակած «Կուժն առա» եւ «Եար ջան, արի» ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ Մեղրիի տարածաշրջանի հետ կապուած «Մեղրիի աղջիկներ» աշխոյժ պարեղանակը, որ Ամերիկայի մէջ յայտնի դարձած է Ճոն Պէրպէրեանի մէկ ալպոմին շնորհիւ:
Որպէս երեկոյի գեղեցիկ ու պատմական աւարտ՝ համերգէն ետք երկու արուեստագէտներն ալ հանդիսաւորութեամբ ստացած են Ամերիկայի Հայկական թանգարանի դեսպանի պատուակալ տիտղոսները՝ ի նշանաւորումն հայ մշակոյթի տարածման ու պահպանման գործին մէջ ունեցած մեծագոյն վաստակին։
«Ուտի հնամենի պատմութիւնն ու Ամերիկայի Հայկական թանգարանի միջավայրը՝ իր անժամանակեայ ցուցանմոյշներով, կատարեալ վայր էին նման համերգի համար։ Հիւրերը մեծ հաճոյքով բացայայտեցին ցուցադրութիւնները, իսկ ինծի համար այս մէկը միշտ կը մնայ որպէս անմոռանալի երեկոյ», համերգէն ետք նշած է Ճոն Պէրպէրեան։
«Անմոռանալի փորձառութիւն էր՝ բաժնելու հայկական ուտի պատմութեամբ ու արուեստով եւ միեւնոյն ժամանակ նոր շունչ հաղորդելու մեր վտանգուած ուտի երաժշտութեան։ Այս ամէնը նման հեղինակաւոր հաստատութեան մէջ իրականացնելը ա՛լ աւելի տպաւորիչ ու տեղին դարձուց հանդիպումը։ Նման մշակութային միջոցառումները կը պահպանեն ու կը հզօրացնեն մեր համայնքը եւ կարեւոր դեր կը խաղան այս երաժշտութեան պահապաններու պատասխանատուութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ», աւելցուցած է Անդրանիկ Քիզիրեան։
«Երաժշտութիւնը գոյներու մէջ» ծրագիրը կենդանի կատարումներու եւ կրթական տարրերու միջոցով կը նպաստէ Ամերիկայի Հայկական թանգարանի ցուցադրութիւններու հետ բովանդակային կապի ամրապնդման՝ հրաւիրելով հանդիսատեսը զգալու հայ երաժշտութեան եւ արուեստի հարուստ բազմերանգութիւնը: Ծրագիրն արդէն կը գործէ երկրորդ տարին եւ կ՚իրականացուի Նենսի Ռ․ Քոլիկեանի առատաձեռն աջակցութեամբ։
ՃՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. ՈՒՏԻ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՎԱՐՊԵՏՆ ՈՒ ՆՈՐԱՐԱՐԸ
Ճոն Պէրպէրեան ծնած է 1941 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ՝ հայ ներգաղթեալներ Երուանդի եւ Սրբուհիի ընտանիքի երդիքին տակ: Ան աւարտած է Նիւ Եորքի Քոլումպիայի համալսարանը՝ ստանալով տնտեսագիտութեան մասնագէտի աստիճան եւ երաժշտութեան մասնագիտացում, իսկ մագիստրոսի աստիճանը ստացած է Հարուըրտի Պիզնըս դպրոցէն։
Թէեւ անոր հայրը՝ Երուանդ Պէրպէրեան, փորձառու ուտահար էր եւ նուագարաններ պատրաստող, ան կը փափաքէր, որ Ճոնը սորվի արեւմտեան գործիք մը, զոր աւելի յարգուած կը համարէր: Եւ այդ պատճառով Ճոն իր երաժշտական ուղինն սկսած է դասական ջութակի դասեր առնելով: Սակայն, շուտով պարզ դարձաւ, որ անոր իրական կիրքը ուտն է, եւ տասն տարեկանին սկսաւ հնարաւորինս լաւ ընդօրինակել հայրը:
Հօր գործին՝ հագուստներու մաքրումի խանութի ետեւի սենեակին մէջ կար արհեստանոց մը, ուր հայրը ուտեր կը վերանորոգէր: Այնտեղ Ճոն, հօրը հետեւելով, ձեռք ձգեց ուտի վերանորոգման արժէքաւոր հմտութիւններ: Տարիներու ընթացքին Ճոն Պէրպէրեան հնարաւորութիւն ունեցաւ հանդիպելու փորձառու վարպետներու, որոնք իրենց նուագարանները իր Երուանդ հօրը կը տանէին նորոգութեան կամ կ՚այցելէին անոնց տունը: Այդ երաժիշտներու կարգին էին Ուտի Հրանդը, Չիք Կանիմեանը, Մարքօ Մելքոնը, Ճորճ Մկրտիչեանը եւ շատ ուրիշներ: Պէրպէրեաններու տունը միշտ լեցուն էր երաժշտութեամբ: Մասնագէտներ եւ կենսագիրներ կը նշեն, որ այդ միջավայրին մէջ ուտը ընտանեկան յիշողութեան եւ մշակութային ինքնութեան բնական շարունակութիւնն էր։
Ինչպէս կը գրէ ժամանակակից ուտահար, երաժիշտ Արա Տինքճեան, ուտը հայկական գործիք չէ: Ծագումը կը վերագրուի հին պարսկական կայսրութիւններու շրջանին։ Զայն գործածած են նաեւ արաբները, թուրքերը, յոյները եւ հայերը: Տինքճեան կը կարծէ, թէ Ամերիկայի մէջ ուտին առընչուած ամենակարեւոր դէպքը (զոր ինք կը կոչէ «Մեծ պայթում»), տեղի ունեցաւ 1950 թուականի յունիսի 15-ին, երբ Քէնքիւլեան ազգանունը կրող Ուտի Հրանդը այցելեց այդ երկիր։ Ան չէր գացած ելոյթի համար, այլ հարուստ յոյն-ամերիկացի մը զայն Ամերիկա տարած էր՝ անոր տեսողութիւնը վերականգնելու համար։ Դժբախտաբար, Հրանդ Քէնքիւլեանի տեսողութեան վերականգնումը յաջողութիւն չունեցաւ: Մինչ ան Ամերիկա կը գտնուէր, հայկական գաղութի մարդիկ յայտնաբերեցին, որ զայն արդէն կը ճանչնային՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած եւ Ամերիկա ներածուած անոր ձայնագրութիւններէն: Այս ձեւով ուտը տարածուեցաւ երկրին մէջ։
Երբ Ճոն Պէրպէրեան 16 տարեկան էր, ան կատարեց իր առաջին լուրջ խմբային աշխատանքը որպէս ուտահար՝ Մասաչուսեթս նահանգի Ուիթինսվիլ քաղաքին մէջ՝ նուագախումբի մը հետ։ Հետաքրքրական է, որ տարիներ ետք, իրենց ամուսնութեան աւելի ուշ շրջանին, Ճոնն ու իր կինը՝ Պարպարան, տեղափոխուեցան Մասաչուսեթս։
1960-ականներու սկիզբին, համալսարանական ուսումնառութեան տարիներուն, Ճոն երեքէն չորս տարի, շաբաթական երեք գիշեր աշխատած է Մանհեթընի կեդրոնը գտնուող «Ոսկէ եղջիւր» ճաշարանին մէջ։ Թէեւ անոր աշխատանքային եւ ուսումնական օրերը խիստ ծանր էին, բայց յատկապէս այս ճաշարանի ելոյթներու եւ խմբային այլ նուագակցութիւններու շնորհիւ ան կրցաւ վճարել Քոլումպիայի համալսարանի ուսման վարձքը: Հոն նուագած ատեն անոր մօտեցաւ «Mainstream Records»ի տաղանդներու որոնողը, որ պայմանագիր կնքեց առաջին ձայնագրութեան համար:
Ճոն պայթեցուց ազգային երաժշտութեան աշխարհը՝ 20 տարեկանը նոր թեւակոխած․ որպէս առաջատար ուտահար, յաջող շարք մը ձայնագրութիւններ ունեցաւ եւ համագործակցեց նշանաւոր ձայնագրման ընկերութիւններու հետ։
60-ականներու վերջին թողարկած անոր «Մերձաւոր-արեւելեան ռոք» ալպոմը, կերտեց համաշխարհային երաժշտութեան սիրահարներու սերունդներ եւ յայտնի է որպէս Մերձաւոր Արեւելքի ոճերու միաձուլումի լաւագոյն նմոյշներէն մէկը: Այս նորարարական ձայնագրութիւնը այսօր ալ բարձր կը գնահատուի։
1973 թուականին, Ճոն հիմնեց իր տնային ձայնագրման աշխատանոցը, որուն միջոցով շարունակեց թողարկել մեծ յաջողութիւն արձանագրած սկաւառակներ, ան նաեւ ձայնագրեց ալպոմներ այլ արուեստագէտներու համար:
Մինչեւ հանգստեան կոչուիլը, երաժիշտը ցերեկը կ՚աշխատէր որպէս գնումներու գործակալ Նիւ Եորքի մէջ, իսկ արձակուրդներուն ու յատուկ առիթներով կը վայելէր երաժշտական ելոյթները: Ան եղած է խոշոր համերգասրահներու գլխաւոր արուեստագէտներէն մէկը։ Տարիներ շարունակ մասնակցած է անթիւ պարահանդէսներու եւ տօնական միջոցառումներու՝ ողջ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ:
Իր մօտիկ ընկերոջ եւ երաժշտական գործընկերոջ՝ հռչակաւոր երգիչ Օննիկ Տինքճեանի հետ Ճոն Պէրպէրեան երեք յաջող համերգային շրջագայութիւններ ունեցած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Աւելի՛ն, Համաշխարհային երաժշտութեան հիմնարկը եւ Նիւ Եորքի Ազգային ժողովրդական արուեստի կեդրոնը համատեղ հովանաւորած են դասախօսութիւններու եւ համերգներու շարք մը, ուր ան հանդէս եկած է որպէս գլխաւոր արուեստագէտ:
Պարգեւատրուելով հեղինակաւոր «Վարպետ եւ աշակերտ» դրամաշնորհով՝ նախ 1996-ին Փենսիլվանիոյ Արուեստի խորհուրդին, ապա 2004-ին Մասաչուսեթսի Մշակութային արուեստի խորհուրդին կողմէ, ուտ դասաւանդած է Հարթֆորտի երաժշտական քոլէճին, ինչպէս նաեւ այլ հաստատութիւններու մէջ: Ան ուտ կը դասաւանդէր նաեւ տան մէջ։
Ճոն Պէրպէրեան միաժամանակ ամերիկահայ համայնքի յարգուած եւ աշխոյժ անդամն է. երկար տարիներ ծառայած է որպէս եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամ, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային գաւառական ժողովի պատգամաւոր:
Նման նշանաւոր երաժիշտի մը կրկին յայտնուիլը ամերիկահայութեան գլխաւոր մշակութային կեդրոնին մէջ, իսկական անակնկալ մըն էր ներկաներուն համար եւ անհուն ուրախութեամբ լեցուց սիրտերը։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԻԶԻՐԵԱՆ. ՈՒՏԻ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉԸ
Անդրանիկ (Էնտրիւ) Տէյվիտ Քիզիրեան ծնած է Մասաչուսեթս նահանգի Նիւթըն քաղաքին մէջ՝ 1970-ականներուն, ունի ֆիլատելֆիական արմատներ եւ ներկայիս կը բնակի Լոս Անճելըս: Ան զաւակն է բազմասերունդ ամերիկահայ ընտանիքի մը, որուն արմատները կը հասնին պատմական հնամենի Սեբաստիա, Արաբկիր, Եոզղատ եւ Մարաշ քաղաքները:
Քիզիրեան իր երաժշտական ուղիին սկսած է 9 տարեկանին՝ դասական կիթառ սորվելով: Ի տարբերութիւն շատ մը ամերիկահայ ուտահարներու, Անդրանիկը իր ընտանիքին մէջ առաջինն է, որ սկսած է ուտ նուագել 19 տարեկանին, երբ միջազգային յարաբերութիւններ կ՚ուսանէր Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ: Անոր առաջին ուսուցիչը եղած է դեղագործ եւ փորձառու ուտահար տքթ. Արա Տէր-Մարտիրոսեան: Ուտի անցում կատարելը կիթառէն ետք հազուադէպ երեւոյթ էր, քանի որ իր նախորդներն ու հասակակիցները հիմնականին մէջ ջութակահարներ էին:
Տարիներու ընթացքին Քիզիրեան անձամբ կատարելագործուած է վարպետներու մօտ. օրինակ` Արա Տինքճեան, Ճոն Պիլեզիքճեան, քանոնահար Ժաք Չալիկեան եւ նոյն ինքն՝ Ճոն Պէրպէրեան, որուն հետ ալ օրերս ունեցաւ փայլուն համերգը։
Ան սերտ յարաբերութիւններ կը պահէ նախորդ սերունդներու առաջատար ուտահարներու հետ (Ռիչըրտ Յակոբեան, Մալ Պարսամեան, Մարք Կաւուր): Քիզիրեանի երաժշտական զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ Ճորճ Մկրտիչեանը, որ պատահաբար նոյնպէս Ֆիլատելֆիայէն էր:
Երաժշտութեան զուգահեռ, Անդրանիկ Վիլանովայի համալսարանին մէջ ստացած է իրաւաբանական կրթութիւն, որմէ ետք տեղափոխուած է Լոս Անճելըս։ Այնուհետեւ ստացած է միջազգային գանձատրումներու մագիստրոսի աստիճան՝ Քոլումպիայի համալսարանէն: Հոն, փրոֆ. Մելիսա Պիլալի ղեկավարութեամբ, ան ակադեմական մակարդակով հետազօտած եւ փաստագրած է ուտի պատմութիւնն ու դերը ամերիկահայ համայնքի կեանքին մէջ՝ նպատակ ունենալով պահպանել Արեւելեան Ամերիկայի հայկական սփիւռքի ազգային, մշակութային արմատները: Ուսանողական տարիներուն Քոլումպիայի մէջ ան կազմակերպած եւ Արա Տինքճեանի հետ միասին սարքած է երկու ուտերով համերգ մը, որու ընթացքին Կոմիտասէն ու Սայաթ Նովայէն բացի, հնչեցուցած են օսմանեան շրջանի հայ երախտաւորներու՝ Պիմէն Շէն Տէր-Ղազարեանի, Ուտի Հրանդ Քէնքիւլեանի եւ Քեմանի Թադէոս էֆէնտի Էքսէրճեանի գործերը:
Անդրանիկ առաջին անգամ ձայնագրուած է Ֆիլատելֆիոյ «Արագած» համոյթի կազմին մէջ, որ նուիրուած էր հայկական աւանդական եւ ժամանակակից ժողովրդական ու դասական երաժշտութեան պահպանման: Այնուհետեւ ընդլայնած է իր սահմանները Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած «History Series» ձայնագրութիւններով՝ հարուածային գործիքներու վարպետ Պարէտ Երէցեանի եւ դաշնակահար Կրէկ Հոշարեանի հետ:
Անդրանիկ յայտնի է ուտի հնչողութեան մէջ իր նորարարական ու փորձարարական մօտեցումներով։ Իրեն սերնդակից բազմաթիւ երաժիշտներու նման, ան չի բաւարարուիր աւանդութիւնը վերարտադրելով, այլ կը փորձէ զայն նոր միջավայրերու մէջ ապրեցնել, ուտը ան ներառած է ռոք, մեթալ եւ փոփ ժանրերուն մէջ: Երաժիշտը նաեւ համագործակցած է «System of a Down» խմբի մեներգիչ Սերժ Թանքեանին հետ։
ՍՓԻՒՌՔԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԳԱՆՁԱՐԱՆԸ
Այս հաստատութիւնը, ուր կայացաւ նշանաւոր այս համերգը, տարիներ շարունակ բացի պատմութեան թանգարանէ ըլլալէ, եղած է հանդիպման կէտ մը, ուր հայ մշակոյթը կը շարունակէ ներկայանալ նոր ձեւերով։
Ամերիկայի Հայկական թանգարանը (նախկին՝ Հայկական գիրքերու եւ արուեստի թանգարան), Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան թանգարանէն ետք, հայկական թանգարանային ամենակարեւոր ու մեծագոյն հաւաքածուն է աշխարհի տարածքին: Հիմնադրուած է 1971 թուականին: Թանգարանը ունի եռայարկ շէնք, որուն բաժանմունքներուն մէջ կը պահպանուին հայերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, հայկական հին գորգեր, սափորներ, ինչպէս նաեւ հայ նշանաւոր նկարիչներու գործեր: Հաստատութիւնը պարբերաբար կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, գրական ու մշակութային բազմապիսի երեկոյթներ:
Նախապէս կոչուած է Ամերիկայի Հայկական գրադարան եւ թանգարան։ 2013 թուականին հաստատութիւնը վերանուանուած է Ամերիկայի Հայկական թանգարան՝ ի նշան անոր խոշոր թանգարանի կարգավիճակի պաշտօնական ճանաչման։ Կառոյցի գլխաւոր նպատակն է հաւաքել, պահպանել հայկական մշակութային արժէքները եւ ապահովել անոնց անվնաս փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն։
Տակաւին 1971 թուականին, խումբ մը հայեր նախաձեռնեցին հայերէն գիրքերու եւ հայ եկեղեցիին պատկանող զանազան իրերու հաւաքագրումը Մասաչուսեթս նահանգի Պելմունտ քաղաքին մէջ։ 1985-ին, երբ արդէն իսկ հաւաքուած էր հարուստ հաւաքածու մը, զայն ներկայացուեցաւ հանրութեան դատին։ Սոյն թանգարանը իր ներկայի հասցէն տեղափոխուած է 1988 թուականին՝ զբաղեցնելով քաղաքի կեդրոնը գտնուող չորս յարկանի շինութիւն մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ նշանաւոր բարերար Ստեփան Բաբգէն Մուկարի եւ անոր կնոջ՝ Մարիամ Մուկարի յիշատակին։
Թանգարանը ներկայիս ունի շուրջ 20 հազար նմոյշներ, որոնց կարգին են՝ 5 հազար հնադարեան ու միջնադարեան հայկական մետաղադրամներ, ազգային տարազներ, աւելի քան 3 հազար գործուածք, 180 հայկական հնօրեայ գորգեր, ինչպէս նաեւ ուրարտական եւ կրօնական նմուշներու ընդարձակ հաւաքածուներ, ձեռագիրներ, նոթաներ, քարտէսներ եւ լուսանկարներ։ Հաւաքածուն մշտապէս կ՚ընդլայնուի նոր նուիրատուութիւններով: Խոշոր հաւաքածուներ ձեռք բերուած է Պետուկեան ընտանիքէն, մեծ թիւով նշագրուած հայկական գորգեր՝ Արթուր Գրիգորեանէն, իսկ Ղարաբեան ընտանիքէն՝ Քէօթահիայի խեցեգործական ընտիր ապրանքներ։ Թանգարանը նաեւ ձեռք բերած է աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի հաւաքածուն, Նորթըն Տոտճի հաւաքածուէն յետխորհրդային շրջանի նկարներ, Ճէք Գէորգեանի կտաւներէն եւ բազմաթիւ այլ արժէքաւոր ցուցանմոյշներ։
Թանգարանի կազմին մէջ գործող «Մեսրոպ Պոյաճեան» հետազօտական գրադարանին մէջ առկայ է շուրջ 27 հազար անուն գիրք՝ հայերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով, ինչպէս նաեւ պարբերականներ, պաստառներ, վաւերագրական փաստաթուղթեր ու քարտէսներ։ Գրադարանի հպարտութիւնն ու ամենանշանակալից բաժինը կը նկատուի 1915-ի փրկուածներու պատմած յուշերուն ձայնագրութիւններու բացառիկ հաւաքածուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան