ԴԷՊՔԵՐԷՆ ՎԵՐՋԻՆԸ. ՕԴԱԿԱՅԱՆ ԵՒ ԹՌԻՉՔ
Ի վերջոյ հասայ օդակայան, քիչ մը մելամաղձոտ վիճակով, կար արդարութեան յաւերժական փնտռտուքը՝ գրաւականացման պահերու յանձնուում մը:
Վերարտադրել մարդկային ամբոխայնացումը, արարչագործական ծրագիրներ մշակել՝ հասնելու կամ ոչ զանոնց։ Բանակերտել զգայնացման մաքրածին դրոյթն ու ոգին, տալ ամէն ինչին աւելի՝ ինչ որ ունի այն, ու նոյնիսկ ըլլալը հունավիժեցնել վասն կատարելագործման մը, որ գիտես չի գար, բայց խելագարօրէն կը տանջէ քեզ, դարձնելով անձդ աստուած, ձուլուած ու ձուլուած, չեղած ու չեղած:
Ո՜հ, այդ սպասումը. սպասումը հասման, որ գործոյթ չէ կեանք կերտելու, ինչքան տարփանքի աւիշ է ու կատարման կիրք:
Պիտի ընեմ այս ալ, պիտի հասնիմ ասոր ալ, պիտի ըլլամ այդ ալ, պիտի կերտուիմ անով ալ.... եւ սպասումը կը սահաքամուի մէջդ՝ իբրեւ յաւերժութեան կաթիլագործում, վասն չաւարտող իւրացման տեսքիդ, տենչիդ, նպատակիդ, տեսակիդ ու դուն քեզ վատնելուդ:
Օդակայաններու զննումի բաժնէն անցնելով միշտ ալ կը տխրիմ ու վրաս կ՚իջնէ նեղութիւն մը՝ մարդկային վիճակի ծառայումին վերաբերող։ Ինչո՞ւ կան կարգերն ու կասկածանքները, ինչո՞ւ մենք մեզ զննող ենք: Սարքէն անցաւ կին մը, որ քովս կանգնած էր, իսկ ես կարծես չուզեցի շատ հեռու ըլլալ անկէ ու ակամայ ընտրեցի «արդարագործում մը»։ Ան կարծես իմացաւ իր «հերոսուհիի կարգավիճակին» մասին - իմ կողմէս տրուած։ Ան ամուր ձեւով ու քամահրաբար նետեց կերպընկալէ ծրարը, որուն մէջ կը տեղադրես ձայն տուող իրերդ, ապա դարձեալ կը հաւաքես։ Ծրարը քիչ մը ինծի դպչաւ, ես ինծի ըսի. «սա իմ պահս է վերականգնելու անարդարութիւնները եւ քաւութան նոխազութեան հեշտագին պահը վայելելու»: Սակայն ինչո՞ւ այդ կինը իմ կողմէս ալ «ընտրուեցաւ», հաւանաբար, աչքառու էր իր գերպճնութեամբ ու տրփանքով, ան կոշտ էր, անքաղաքավար, ինքնահաւան ու ցոփ, հաքուած էր շատ սուղ հագուստներ ու դրած էր նոյնպէս ճոխ ու սուղ զարդեր, ենթարկուած գեղեցկագիտական գործողութիւններու եւ վերէն կը նայէր բոլորին, նոյնիսկ պաշտօնեաներուն հետ շատ կոշտ կը վարուէր: Իմ փորձառութենէս մեկնած եզրակացուցի, որ անբարոյ կին մըն է եւ աշխատանքային ճամբորդութեան մը ելած է։ Անշուշտ, յարգելով նոյնիսկ այդ արհեստն ալ, բայց այդ պահուն այդ մէկը օգնող չէր իմ «ոսկեայ հատուցման համար»։ Կեանքի արդարացումները անիրաւուածութեան հենքերով կը բանի եւ ես վիրաւորուած էի շատ մը բաներէ եւ ճիշդ այդ կինը պէտք է վճարէր անոնց համար: Գոռացի վրան․
-Չե՞ս տեսներ դիմացդ, դուն քեզ ի՞նչ կը կարծես, եկած ես մարդոց վնաս հասցնելու, անճաշակ։
Եւ հայեացքս ուղղելով ճիշդ այդ վայրկեանին ինձմէ ոչ շատ հեռու օդակայանի աշխատուհիի մը, որ տեսակ մը հրճուեցաւ ըրածէս, նոյնիսկ ըսի․
-Գիտե՞ս ինքը ինչ գործ կ՚ընէ… կարծեմ էսքորթ է։
Կինը կարծեմ ռումանացի էր եւ շատ ալ անգելերէն չէր գիտեր, բայց ան դեղնեցաւ ո՛չ թէ ըսածներէս, այլ կարծեմ այն ցնցումէն, որ ինչպէս ստացաւ այդպիսի յանդիմանութիւն, քանի կարծեմ կը մտածէր, որ անհնար է մէկը իրեն նկատողութիւն ընէ եւ ուրիշ մակարդակի էր ինքը կամ «վերի արտի ցորեն»: Զգացի արտայայտութենէն, որ նոյնիսկ պիտի ուշաթափուի, գերցնցուած ու զարմացած էր, բայց միեւնոյն ժամանակ պարտուած ու կարծեմ ջախջախուած։ Մի կերպ ինքզինքը գտաւ ու հեռացաւ:
Ես ինձ քիչ մը պարսաւեցի՝ մտածելով, որ հաւանաբար չափազանցեալ էր այդ կնոջ «քաւութեան նոխազացումը» եւ ըստ տիեզերական, աստուածային ու համամարդկային ու ներանձնական հիմնարարութիւններուն ու կերտուող կամ չկերտուող բարոյականացումներուն՝ զգացի, որ յաջորդին հատուցում մը պիտի ապրիմ արդէն։
Եւ այդպէս ալ եղաւ: Տարուած մտքերով դուրս եկայ սխալ դռնէ մը եւ ինքզինքս տեսայ նորից նոր օդականայէն դուրս եւ ստիպուած էի կրկնել մուտքի գործողութիւնը սկիզբէն: Ահռելի խճողում էր եւ մտածեցի թեթեւամտութեամբ կամ նախապաշարումով, որ այդ կինը վատ մաղթանք տուաւ ինձ լռելեայն եւ շատ հաւանական է, որ թռիչքս փախցնեմ… Նման մտորումներու մէջ ատրենալինի, արդարացիութեան եւ ինքնավստահութեան խառնուրդը փութաց մէջս ու վազեցի շրջանցելով ամբոխը եւ խօսելով անվտանգութեան ծառայութեան հետ ու շատ արագօրէն նոյն գործողութիւնները կատարուեցան՝ կամքի եւ մարտահրաւէրի փոխարէն անուշութիւնը ըմբոշխնելով։ Նոր կէտէ մը անցումի ժամանակ ունեցածս տոմսը չաշխատեցաւ, քանի դուրս ելած էի եւ վայրկեան մը ընկրկեցայ, սակայն, պահելով կամքս շատ խստօրէն բացատրեցի պաշտօնեային պատահարը եւ իրեն ըսի, որ անմիջապէս բանայ տեսախցիկները։ Շուտ շարժեցաւ ու անցուց զիս, իսկ բաւական ուղեւորներ զիջեցան եւ վերջին հանգրուանին երեք անգլիացի աղջինկեր նոյնիսկ օգնեցին ինծի՝ ձեռքի պայուսակս գործիքին մէջ տեղադրելու եւ արագօրէն անցումս դասաւորելու համար, բարեհամբոյր ձեւով հասկնալով ամէն ինչ: Խորհեցայ, որ նոյն տիեզերականացումով մը կարծես անոնք կ՚ըսէին. «Դուն քեզ շատ մի՛ պարսաւեր, այդ կինը արժանի էր ըրածիդ եւ պիտի չփախցնես թռիչքդ»: Այդպէս ալ եղաւ եւ անոնց դէմքերն ու բարեմաղթանքները դրոշմուեցան մէջս։
Միշտ հոգիին արմատներուն մէջ կան տեսակ մը ոռոգումներ, որոնք վհատութեան ժամանակ անշեղութիւն կու տան կամայ թէ ակամայ եւ կը պատգամեն, որ քանի կաս, ուրեմն պայծառ ես ու արդար, կանգուն ես ու կերտելի:
Կարգի մտայ, որպէսզի «չեքին» ընեմ։ Յանկարծ ըսին, որ պէտք է տոմսակիս գինը վճարեմ, ինչ որ անակնկալ էր, քանի գիտէի, որ հրաւիրուած էի ու տոմսս վճարուած էր։ Պաշտօնեան ըսաւ, որ 24 ժամ առաջ առցանց ամրագրումը չեմ ըրած, հետեւաբար չեմ կրնար բարձրանալ օդանաւ, եթէ չվճարեմ։ Նոյն դէպքին շարունակութիւնը համարեցի այս արարն ալ, սակայն, անգլիացիներուն բարի մաղթանքները դեռ թարմ էին ու գացի վճարեցի տոմսին համար, որպէսզի ժամանակ չվատնեմ, միաժամանակ տեսակ մը արդարօրէն թեթեւ ձեւով կոպտեցի (միտքէս խնդալով) ինծի մօտ եղած ուրիշ աղջկայ մը, որ ցոփ տեսք ունէր ու ինծի կը նայէր յանդիմանութիւններ փնտռելով: Գրեթէ վազելով հասայ թռիչքիս սպասման բաժինը եւ արդէն նկատեցի, որ երեք տղայ հայերէն կը խօսէին, ուրախացայ ու մօտեցայ իրենց եւ սկսաւ մեր զրոյցը։ Բաւական սպասումէ ետք, մտանք դէպի Եւրոմիութեան գօտիէն դուրս եկողներու բաժինը: Ետեւս ասիացիներ կային եւ մէջս եղած հաւասարակշռացումը, համադրումները, դէպքերուն ու անոնց հետ մարդու կերտուածքի բարոյահոգեբանացման, ընկերաբանացման ու վարմունքի անսահման ծիրով՝ կ՚ուզէի տեսակ մը համամարդկայնանալ ու համաշխարհայնանալ։ Ուստի, սկսայ անոնց հետ խօսիլ ու ծանօթացայ։ Ապա նոյնիսկ վերջին անվտանգութեան պաշտօնեային հետ աւելի քաղցր ժամանակ ստեղծելու ջանքով տարուեցայ, որմէ կարծեմ ինքն ալ գոհ մնաց:
Հասանք մեր թռիչքին դուռը, բայց եւ այնպէս, ըսին, որ յետաձգուած է 40 վայրկեանով…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ