ՍՈՒՐՃ ԿԸ ԽՄԷ՞Ք
Մարզանքի փորձին հասցուցի տղաս։ Համաձայնեցանք, որ փորձի աւարտին կը զանգէ։ Մէկ ժամ ու թերեւս աւելի պիտի սպասէի։ Օդը շատ տաք էր հաճոյքով քալելու համար։ Յոգնած էի տուն ելլելու եւ իջնելու համար եւ… ինչո՞ւ չէ՝ ըսի եւ աջիս-ձախիս մայթերուն վրայ նետուած սրճարաններէն մէկուն դուռը բացի եւ ներս մտայ։
Պարզաբանում մը.
«Սրճարան» ըսելով անգլերէն «cafe» բառը թարգմանեցի, բնականաբար, մինչդեռ մանկութեան իմ հի՜ն գիտելիքներուս համաձայն, «սրճարան» ըսածդ սուրճ խմելիք տեղ մը չէր երբե՛ք. հարսանիքներ կ՚ըլլային իմ գիտցած Հալէպի հին սրճարաններուս մէջ, խումբեր կը նուագէին, մարդիկ կը պարէին ու իրենց դանակ-պատառաքաղներով խմիչքի ապակեայ բաժակները կը զարնէին, որպէսզի հարս ու փեսան համբուրուին…
Մանկութեան սրճարաններս են ասոնք:
Քիչ մը ժամանակ անցաւ. «սրճարանը» սուրճ խմելու, սուրճը ըմբոշխնելու յատուկ արարողութեան հետ կապել կարենալու չափ ժամանակ…
Աղմկալի չէին «այդ» սրճարանները. տան ու գործին միջեւ գտնուող «յատուկ» տարածութիւն մը, ուր իր լռութեամբ, ինքն իր հետ մինա՛կ կրնար մնալ մարդ՝ բազմութեան մէջ:
Առանձին, լուռ կը նստէին, կրնա՛յին նստիլ, հին սրճարանները յաճախողները, աշխարհը իրենց ետին ձգած՝ սուրճ, սուրճե՜ր կը խմէին, սիկառէթ կը ծխէին, միստիք ծուխ ու անգին լռութիւն մը կը շրջէր այդ սեղաններուն վերեւը… պարզ ու անպաճոյճ աթոռներու վրայ նստած գիրք կը կարդային մարդիկ, «անթիքա» սովորութիւն մը չէր համարուեր այդ մէկը: Գրողները կը գրէին, հոն՝ այդ բազմութեան մէջ կրնային մտքով առանձնանալ ու արարել, բանաստեղծները իրենց գրածները կ՚ասմունքէին, երաժիշտները կը նուագէին, կ՚երգէին, քաղաքական գործիչները, յեղափոխականները իրենց գաղափարները կ՚արտայայտէին, քով-քովի նստողները կը զրուցէին, իսկապէս կը զրուցէին, միտք ու գաղափար փոխանակելու ունակ կ՚ըլլային սրճարաններու մէջ նստողները, թերեւս համաձայնէին, թերեւս ոչ, սուրճ ու թէյեր կու գային, գաւաթները կը պարպուէին, հոգիները կը լեցուէին…
Առանձին նստած տեղէս շուրջս նայեցայ.
Այսօրուան քաֆէին մէջ նստող այսօրուան մարդիկն էին, իրենց այսօրուան աղմկալի լռութիւններով:
Պատերուն, բոլո՛ր պատերուն վրայ հեռատեսիլներ, հեռատեսիլէն սփռուող անձայն պատկերներ, շուրջ բոլորը հնչող բարձր երաժշտութիւն եւ այս բոլորին մէջ՝ մարդիկ, հեռաձայնո՛վ մարդիկ:
Սրճարանին մէջ առանց հեռաձայնի մա՞րդ:
Չկա՛ր, ցաւօք:
Ձեռքս պայուսակիս մէջ նետեցի հեռաձայնս հանելու. նոյն ժամանակին մարդը չե՞մ ես:
Չէի, նոյն ժամանակին մարդը չեմ, գիտե՛մ:
Հեռաձայնս չհանեցի, դիմացս դրուած սուրճերու եւ ըմպելիքներու բազմահազար ձեւերուն ու գոյներուն մէջէն սովորական սուրճ մը ապսպրեցի հիասթափուած սպասեակէն եւ լուռ ու մինակ՝ գաւաթ մը սուրճով փորձեցի առանձնութիւնս վայելել:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս վերացաւ լռութեան այս պահը մեր կեանքէն:
Ինչո՞ւ չենք կրնար առանձին մնալ:
Առանց ո՛չ մէկ բանի, առա՛նց հեռաձայնի, առանց համակարգիչի, առանց պաստառի, առանց ականջակալի ինչո՞ւ չենք կրնար նստիլ այլեւս:
Ե՞րբ զարմանալի, նոյնիսկ կասկածելի եղաւ մէկու մը առանց «այս բաներուն» նստիլը:
Ե՞րբ կորսուեցաւ առանձնութեան, լռութեան պահուն արժէքը:
Ինչո՞ւ «նոթիֆիքէյշըններով» կ՚աղաւաղենք մենք մեր հետ մնալու թանկագին այդ պահը:
Անյետաձգելի՞ են մեր նամակները, շատ յաճախ երկու բառնոց, անմիտ ու անլեզու նամակները…
Անյետաձգելի՞ են մեր բառերն ու միտքերը լիապէս փոխարինող «սթիքըրներն» ու «իմոժիները»…
Ո՞վ, ի՞նչ շահեցաւ մեր դէպի արագութիւն փութալէն:
Գէշ բան չէ՛, կը հասկնամ, արագ բան մը գտնելը, բանի մը մասին ո՛չ թէ օրերով, այլ՝ տեղւո՛յն վրայ հարցնելը. իսկ արագ պատասխան առնելը՞… օ՜հ… զարմանահրա՜շ:
Այսօր արհեստական բանականութեամբ մարդիկ արագ միտքեր «կը ստեղծեն», չըսելու համար՝ կը գողնան, արագ, շատ արագ զեկոյցներ, դասախօսութիւններ կը պատրաստեն, յօդուածներ կը գրեն, շատ արագ կը թարգմանեն, կը գծեն, կը ներկեն, կը զարդարեն…
Արագ, արագ, շա՜տ արագ:
Այդքան դատարկ ոչնչութի՞ւն եւ ի զուր վատնուած ժամանա՞կ էր, փաստօրէն, մեր այս բոլորին կամաց-կամաց ըլլալուն լուռ ու համբերատար սպասելը:
Երբե՛ք:
Չեմ հաւատար եւ չեմ ալ ուզեր հաւատալ:
Երբեմն փրկութիւն է արագութիւնը, արագ ու բացառիկ լուծումները, կ՚ընդունի՛մ, բայց, երբեմն ալ անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն է սպասե՛լը, մինակ կամ բազմութեան մէջ մինակ՝ բանի մը սպասելը, կասկածով «այո՛»ի կամ «ո՛չ»ի մը սպասելը, լաւը յուսալը, յոյսը գծելը, վատը պատկերացնելը, ուս ու գլուխ թօթուելը, զԱստուած յիշելը, այդ մոռացութեան համար ինքզինք խարազանելը, Անոր գթութեան անսահմանութիւնը յիշելը, ետ ու դարձեա՛լ ապաւինիլը, այս բոլորին մասին մէկու մը պատմելը, իրական՝ ուրախ կամ տխուր աչք ու ձայնով պատմելը, այդ մէկուն ո՛չ թէ կապոյտ ու կանաչ «ուաթսափի» գիծերով, այլ՝ սրտի թրթիռով հրճուիլը…
Այս բոլորը ընելը, դանդա՛ղօրէն ընելը ժամանակի կորուստ չէ՛ր, այսօր ալ չէ՛, երբե՛ք, բայց շատերուս այդպէս մտածելը՝ մեր մարդկութենէն բաներ մը կորսնցնելու փաստն է՝ անկասկած:
Շուրջս հնչող քաոսին եւ մէջս օրօրուող այս միտքերու հակասութեան մէջ պայուսակիս մէջէն հեռաձայնիս ձայնը լսեցի:
Տղուս մարզանքի փորձը վերջացած էր, իմ՝ ինքզինքս լսելու:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ