ԳՐՉԱՆՈՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
Այնպէս ինչպէս համաշխարհային գրականութեան, նոյնպէս հայկական գրականութեան մէջ յատուկ տեղ ունին գրչանունները։ Գրչանունը գրականութեան մէջ ունի հիմնական մի քանի պատճառներ, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ։ Հիմնական պատճառները հետեւեալներն են.
ա- Գաղտնութիւն.- Մարդիկ, որոնք զգայուն նիւթի մասին կ՚ուզեն գրել կա՛մ կ՚որոշեն քննդատել անքննադատելին եւ հեռու մնալ քննադատութիւններէ եւ վէճերէ, կը դիմեն գրչանունին։ Հայկական մամուլի մէջ կան բազմաթի՜ւ վիճայարոյց գրութիւններ, որոնց հեղինակները կը շարունակեն մնալ անծանօթ՝ որովհետեւ այդտեղ գոյութիւն ունին նոյնիսկ գրչանուններ՝ որոնք ստեղծուած են ընդամէնը մէկ յօդուածի եւ գրութեան համար: Գրչանունի այս տեսակը լաւագոյն ձեւն է անձը ազատելու «ազատ խօսք»ի թշնամի կառավարութենէն, կուսակցական վէճերէն ու հետապնդումներէ:
բ- Սեռի քօղարկում.- Մասնաւորաբար 18-19-րդ դարերու ընթացքին հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունէր այն համոզումը, որ գրականութիւնը տղամարդոց «զբաղմունք»ն է եւ տղամարդիկն են, որ գրականութիւն կրնան մշակել ու ստեղծել, թէեւ Զարթօնքի շրջանի մեր հայ իգական սեռի գրողները յաջողեցան կոտրել ու յաղթել այդ նախապաշարումներուն եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ գրականութեան զարգացման։ Սակայն, համաշխարհային գրականութեան մէջ շատեր տարածուած այդ երեւոյթը նկատի ունենալով՝ շատ անգամ ուզեցին իրենց սեփական կարծիքները տղամարդու գրչանունով հրապարակ դուրս հանել, որովհետեւ հին ժամանակ կինը չունէր այնքան խօսքի իրաւունք՝ ինչքան այսօր: Ժողովուրդը նախապաշարում մը ունէր եւ հետեւաբար գրութիւնները ո՛չ թէ գաղափարով ու բովանդակութեամբ, այլ անուանական ձեւով գնահատանքի կ՚արժանանար:
գ- Հեղինակաւոր անուններ.- Բազմաթիւ գրողներ կ՚ուզեն ունենալ շատ աւելի մեծ հեղինակութեամբ անուններ, որոնք շատ անգամ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն։ Օրինակի համար՝ Խաչիկ Տօնոյեանը շատ աւելի դիւրին մոռացութեան կրնայ տրուիլ՝ քան Խաչիկ Դաշտենցը, Յովհաննէս Շիրազը շատ աւելի դիւրին կը յիշուի՝ քան Օնիկ Կարապետեանը, նոյնպէս Պարոյր Սեւակը՝ քան Պարոյր Ղազարեանը եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել: Հին ժամանակ ստեղծած գրականութեան չափ կարեւոր էր նաեւ ստեղծուած անունը, որովհետեւ ստեղծագործ անունն է, որ մարդոց միտքը կը մնայ. օրինակի համար՝ Գուրգէն Աճէմեանը շատ աւելի պարզ ու հասարակ անուն պիտի ըլլար՝ քան Գուրգէն Մահարին:
***
Հայ գրականութեան պարագային գրչանունները բացասական են այնքանով, որ բազմաթի՜ւ ընտիր գրութիւններ ու յօդուածներ մնացած են անանուն։ Հայկական մամուլը լեցուն է գրութիւններով, որոնց հեղինակին ո՛վ ըլլալը մինչեւ օրս եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի մնան անյայտ։ Անշուշտ, կայ հաւանականութիւն մը, որ տարիներ ետք յօդուածի մը հեղինակի ինքնութիւնը ճշդուի՝ ինչ որ անձնապէս իրականացնելու բախտաւորութիւնը ունեցած ենք։ Հայ գրող Վահրամ Մավեան մահանալէ ետք կինը անոր պատկանող բոլոր ձեռագրերն ու նամակները պայուսակի մը մէջ դնելով ղրկած է Հայաստանի ձեռագիրներու թանգարան, սակայն, դժբախտաբար, աւելի քան երեսուն տարի մէկը այդ արխիւով զբաղելու ժամանակը չէ ունեցած։ 2020 թուականին մի քանի հոգիով որոշեցինք այդ նամակները աչքէ անցընել եւ անոնց շարքին կար նամակ մը, որուն մէջ տարիներ ետք Վահրամ Մավեան իր ընկերոջ գրած մէկ նամակին մէջ կը խոստովանէր, որ Փարիզի թերթերէն մէկուն մէջ գրչանունով հրատարակուած յօդուածը կը պատկանէր իրեն։ Սակայն, նման բացայայտումներ միշտ տեղի չեն ունենար:
Տանք գրչանունի հեղինակը չգտնելու այլ օրինակ մը. նախքան Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծ ու գրող ըլլալը՝ նոյնիսկ երբ տակաւին ան լոյս աշխարհ չէր եկած հայկական մամուլի մէջ, կար Վարուժան գրչանունը օգտագործող հեղինակ մը՝ որուն ո՛վ ըլլալը յստակ չէր։ Իզմիրի «Արեւելեան Մամուլ» թերթին մէջ Վարուժան գրչանունով լոյս կը տեսնէր «Մտացածին պատկերներ» ընդհանուր խորագրին տակ հրատարակուած գրութիւններ: Նոյն հեղինակը կը ստորագրէր նաեւ որպէս Վին եւ Թալիա։ 1950-1960-ական թուականներուն որոշ ուսումնասիրողներ Վարուժան գրչանունը կրող գրութիւնները «սխալմամբ» կը վերագրեն Դանիէլ Վարուժանին եւ նոյնիսկ Վարուժանի երկերուն մէջ տեղ կու տան այդ գրութիւններուն, սակայն, ապագային որոշ ուսումնասիրողներ՝ ինչպէս՝ Հրանուշ Դարբինեան, լրջօրէն սերտելով փաստած է զայն: «Գրական Թերթ»ի 19 օգոստոս 1960 թուականի թիւին մէջ Հրանուշ Դարբինեան հրատարակած է այս կապակցութեամբ կատարած իր լուրջ ուսումնասիրութիւնը՝ «Երկու Վարուժան» խորագրին տակ: Ո՞վ է միւս Վարուժանը. անոր մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կան. գրեթէ ոչինչ։ Նման անանուն գրողներ շատ են հայ գրականութեան մէջ, պատճառը թերեւս այն է, որ նման մարդիկ ուզած են գրականութիւն ստեղծել, լեզուն մշակել՝ առանց երբեք ճանչցուած ու յայտնի ըլլալու ցանկութիւնը ունենալու:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կեանքը
այսպէս է: Լաւ-լաւ բաներ ամէնքը կը խօսին եւ կ՚ուզեն այդպէս ալ երեւալ, բայց, սովորաբար, իրական արժէքը շատ աւելի ցած է, քան ինչ որ կ՚ուզեն ցոյց տալ: Քիչերուն տրուած է համեստ եւ քաջութիւն ունենալ իրենց իսկական արժէքը ցուցադրելու:
ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ
(ԳԱՐԵԳԻՆ ՓԱՍՏԸՐՄԱՃԵԱՆ)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան