Պոլիս այցելութեան առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ շահեկան զրոյց՝ սփիւռքահայ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեանի հետ

Վերջերս Պոլիս այցելեց սփիւռքահայ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան, որու քաղաքէս ներս կեցութիւնը տեւեց շուրջ ամիս մը։ Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս։ Վարագ Գեթսեմանեան քաղաքս փութացած էր՝ «Սապանճը» համալսարանի հրաւէրով։ Արդարեւ, այդ համալսարանի պատմութեան ամպիոնին եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի համապատասխան բաժանմունքին միջեւ համագործակցութեան նախագիծ մը կը մշակուի եւ այդ աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ Վարագ Գեթսեմանեան։ Կեցութեան օրերուն ան դասախօսութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ «Սապանճը» համալսարանէն ներս։ Ան խօսեցաւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու արխիւներու նշանակութեան եւ գիտական տեսակէտէ կարեւորութեան շուրջ՝ նիւթը մատուցելով Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հարուստ հաւաքածոյի տուեալներու առանցքով։ Վարագ Գեթսեմանեան Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս համայնքային կառուցուածքի հետազօտութիւն մըն ալ կը պատրաստէ այս շրջանին։ 

Քաղաքիս մէջ կեցութեան օրերուն Վարագ Գեթսեմանեան այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր շահեկան զրոյց մը ունեցանք իր հետ։ Մեզի համար հաճելի էր տեղեկանալ, որ սփիւռքահայ այս յայտնի գիտնականը գրեթէ վերջին փուլին հասցուցած է իր առաջին գիրքի պատրաստութիւնները։ Այս գործին մէջ ան խոշորացոյցի տակ կը բերէ՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Օսմանեան պետութենէն ներս համայնքներու ինքնակառավարման դրութիւններն ու անոնց կրած ձեւափոխութիւնները՝ մասնաւորապէս 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան առանցքին շուրջ։ Ան մեզի յայտնեց, որ Պոլսոյ կեցութեան օրերուն հետամուտ եղած է իր գիտական աշխատանքներուն եւ ի լրումն այդ բոլորին՝ իրեն համար մասնաւոր նշանակութիւն ունեցած է՝ Գնալը կղզիի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս եղանակին մատուցուած առաջին Սուրբ Պատարագին մասնակցիլը։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարի եւս եկած էր Պոլիս, սակայն, այդ այցելութիւնը եղած էր շատ կարճ՝ ի տարբերութիւն այս անգամէն, երբ ան շուրջ ամիս մնաց այստեղ։ 

Իր կալուածէն ներս Վարագ Գեթսեմանեան իսկապէս արժէքաւոր գիտնական մըն է սերնդակիցներու շարքին՝ մանաւանդ, որ բաւական յաւակնոտ ուսում մը ստացած է։ Ան նախ աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, իսկ աւելի վերջ՝ ուղղուած է դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Շիքակոյի համալսարանէն ներս մագիստրոսական աստիճան ձեռք բերած է, իսկ տոքթորականի թեզը պաշտպանած է Փրինսթընի համալսարանէն ներս։ Այժմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի պատմութեան եւ հնագիտութեան ամպիոնի դասախօսներէն մին է։ Ընթացքին, Վարագ Գեթսեմանեան կարեւոր փորձառութիւն մըն ալ ունեցած է Երեւանի մէջ գիտական գործունէութիւն ծաւալելով եւ դասախօսելով։ Արդարեւ, ան մինչեւ 2023 թուականը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս դասախօսած է, իսկ այդ թուականին յարմար դատած է վերադառնալ Պէյրութ՝ մասամբ նաեւ ընտանեկան պատճառներով։ Երեւանի մէջ գտնուած տարիներուն Վարագ Գեթսեմանեան բազմակողմանի պրպտումներ ըրած է Հայաստանի Ազգային արխիւէն, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն եւ Մատենադարանէն ներս։ 

Այս ամբողջը արդէն ինքնին հետաքրքրական զրուցակից մը կը դարձնէ Վարագ Գեթսեմանեանը, որու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն ներս ներկայութիւնը իսկապէս շատ հաճելի էր։ Թէեւ մեր մարդկային-ընկերական յարաբերութիւնները որոշ չափով գերիշխեցին մեր ունեցած զրոյցին, սակայն, ան բաժնեց նաեւ իր տպաւորութիւնները՝ Լիբանանի առկայ կացութեան շուրջ։ Արդարեւ, Լիբանանի կացութիւնը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած պայմանները չեն կրնար զուտ տեղական կամ սահմանափակ միջավայրի երեւոյթներ ընկալուիլ, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը աւանդաբար եղած է սփիւռքը սնելու տեսակէտէ կենսական նշանակութեամբ երակ մը։ 

Մեր զրոյցի ընթացքին Վարագ Գեթսեմանեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը իսկապէս օրհասական է, որովհետեւ 2019 թուականէն ի վեր երկիրը իրերայաջորդ ցնցումներ կը դիմագրաւէ զանազան բնագաւառներէ ներս։ Անշուշտ, իր վկայութիւնները չափազանց հաւաստի են՝ մանաւանդ, որ գիտնականի մը հայեացքով կը մատուցեն ընդհանուր պատկերը։ Գեթսեմանեանի խօսքով՝ երկրէն ներս ծանր ընկճուածութիւն մը կը տիրէ։ Աւելի՛ն, Կազզէի կացութիւնն ալ անմիջական ազդեցութիւն կը գործէ Լիբանանի վրայ: Ստեղծուած անորոշ իրավիճակը արդէն ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը խաթարած է ամբողջովին։ 

Լիբանանի այս ընդհանուր վիճակին մէջ հայութիւնն ալ անմասն չէ ստեղծուած խնդիրներէն եւ անոնց ծանր հետեւանքներէն։ Վարագ Գեթսեմանեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի հայութիւնը այսօր, դժբախտաբար, չունի երբեմնի կենսունակութիւնը։ Ճիշդ է, որ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ այդ կենսունակութիւնը արդէն իջած էր, սակայն, վերջին շրջանի անկումը արդէն անբաղդատելի կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ մանաւանդ, որ արտագաղթն ալ թափ ստացած է աննկարագրելիօրէն։ 

Վարագ Գեթսեմանեան ցաւով արձանագրեց, որ մշակութային, մտաւորական, ընկերատնտեսական գետիններու վրայ եւ ընդհանրապէս ամէնուր անհնար է բնականոն գործունէութիւն ծաւալել եւ սա ծանր կացութիւն մը կը յառաջացնէ նաեւ ազգային-համայնքային հաստատութիւններուն տեսակէտէ, որոնց գործունէութիւնն ալ ստիպողաբար կը շեղի իրենց բուն առաքելութեան ճանապարհէն: Քաղաքական, կրթական, ընտանեկան, ընկերային եւ բոլոր առումներով լիբանանահայութիւնը կը տուժէ: 

Վարագ Գեթսեմանեան այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ լիբանանահայ կրթօճախներու կացութեան։ Արդարեւ, Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցներու ապագան մեծ հարցականի մը տակ է։ Մէկ կողմէ տնտեսական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ աշակերտութեան թիւի անկումը բառին բուն իմաստով կը սպառնան համակարգի յարատեւութեան։ 

Այս բոլորի լոյսին տակ, Վարագ Գեթսեմանեան խոր մտահոգութեամբ եւ յուզումով ընդգծեց, որ Լիբանանի պարագային ալ հայութեան ապագան անխուսափելիօրէն պիտի նմանի՝ Սուրիոյ, Իրաքի կամ Եգիպտոսի հայութեան կացութեան։ Այսինքն, գրեթէ անհետացման սահմանին կը հասնի լիբանանահայութեան վիճակը, ինչ որ իսկապէս ողբերգութեան համազօր կը նկատուի։ 

Վարագ Գեթսեմանեան այս երեւոյթը կը մեկնաբանէ նաեւ սփիւռքի ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։ «Սփիւռքի մտաւորական շարժը Միջին Արեւելքէն դէպի արեւմուտք կը սահի։ Սա կը նշանակէ հայոց սփիւռքի արեւմտականացում», համոզուած է ան: 

Վարագ Գեթսեմանեանի հետ մեր զրոյցը տարուբերումներով եւ անխուսափելի հակասութիւններով ընթացաւ։ Արդարեւ, մէկ կողմէ սիրեցեալ բարեկամ մը, արժէքաւոր գիտնական մը հիւրասիրելու ուրախութիւնն էր, իր գիտական նուաճումներուն վերահասու դառնալը կը բազմապատկէր այդ ուրախութիւնը, միւս կողմէ, հաւաքական տեսակէտէ իր փոխանցած մտահոգութիւնները, բնականաբար, տխրեցուցին մեզ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք տքթ. Վարագ Գեթսեմանեանի գիտական գործունէութեան համար՝ մանաւանդ, որ ան արդէն գրեթէ աւարտելու վրայ է իր առաջին գիրքի պատրաստութիւնները։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026