ՃԱՀՃԱՑՈՂ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԼՃԱՆԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐԴԸ
«Ճահիճ» բառը լսելուն պէս, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կը կազմաւորուի կանգնած ջուրի, տիղմի ու անշարժութեան պատկեր մը։ Այս տպաւորութիւններուն կ՚ընկերակցի հնութեան, նեխումի ու թանձր լճացման ծանր հոտի յիշողութիւնը։ Այդ գարշահոտութիւնը, որ օդին մէջ աննկատելիօրէն կը տարածուի, կը յուշէ կեանքի ու հոսքի բացակայութեան մասին, ուր իւրաքանչիւր անկանոն քայլ աւելիով ներքեւ կը քաշէ հոն յայտնուած ամէն բան։
Բնութեան մէջ ճահիճը, անշուշտ, իր ուրոյն կենսաբանական արժէքն ու նշանակութիւնը ունի, կը ծառայէ բազմաթիւ կենդանի տեսակներու, կը պահպանէ բնական հաւասարակշռութիւններ եւ կարեւոր դեր կը կատարէ շրջակայ միջավայրի մէջ։
Սակայն, մարդկային մտածողութեան մէջ ճահիճը վաղուց վերածուած է բոլորովին այլ խորհրդանիշի՝ ներքին լճացման, հոգեկան ծանրութեան, մտաւոր անշարժութեան եւ կեանքի կորուսեալ ընթացքի պատկերին։
Այսօր մարդկութիւնը կը հպարտանայ աննախադէպ արագութեամբ զարգացող արհեստագիտութեամբ, անսահման տեղեկատուական հոսքերով եւ հաղորդակցութեան աներեւակայելի միջոցներով։ Բայց, ակնառու հակասութիւն մը կը նկատուի. որքան աշխարհը կը շարժի, այնքան շատ մարդիկ ներքնապէս կը կանգնին։ Արտաքին արագութիւնը միշտ չէ, որ ներքին զարգացում կը նշանակէ։ Երբեմն հակառակը՝ անդադար շարժող աշխարհը մարդը կը մղէ այնպիսի հոգեկան վիճակի մը, ուր ան այլեւս չի գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը շարժի, ո՞ւր կ՚երթայ եւ ի՞նչ կը փնտռէ։
Ահա այսպէս կը ծնին արդիական աշխարհի ճահիճները։
ԱՌՕՐԵԱՅԻ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԿԼԱՆՈՒՄԸ
Մարդու կեանքը երբեք մէկ օրուան մէջ չի ճահճանար։ Անիկա դանդաղ ընթացք մըն է, որ կը սկսի գրեթէ աննկատ, միանման գործողութիւններով՝ ամէն առաւօտ նոյն ժամուն արթննալ, նոյն ճանապարհը բռնել, նոյն դժգոհութիւնները կրկնել, նոյն յոգնածութեամբ տուն վերադառնալ եւ օրը փակել նոյն դատարկութեամբ։ Առաջին հայեացքով ասոնք բնական երեւոյթներ են, սակայն, տարիներու ընթացքին կրնան ստեղծել այնպիսի մեքենական գոյութիւն մը, ուր մարդը այլեւս ո՛չ թէ կ՚ապրի, այլ պարզապէս գոյութիւն կը պահպանէ։
Մարդը կը սկսի իր օրը առանց գիտակցաբար ընտրելու զայն։ Ամէն բան կը կատարուի սովորութեան ուժով՝ սուրճը նոյն ժամուն, հեռաձայնը նոյն շարժումով, ընկերային ցանցերը նոյն ձեւով, դժգոհութիւնները նոյն բառերով։
Երբեմն չենք ալ պատկերացներ, որ այս անգիտակից կրկնութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին կը խլէ ազատ ընտրելու կարողութիւնը։ Մարդը կը կարծէ, թէ ի՛նք կ՚ընտրէ, մինչդեռ իրականութեան մէջ իր սովորութիւններն են, որ իրեն փոխարէն կ՚ընտրեն։
Ասոր կը գումարուի նաեւ արդիական այն տագնապը, որ կը մղէ մեզ անդադար ներկայ ըլլալու ամէն տեղ, որպէսզի բան մը բաց չձգենք։ Ճահճացումը յաճախ կը սկսի այն պահէն, երբ կը կորսնցնենք «ոչ» ըսելու կարողութիւնը։ «Այո», կ՚ըսենք աշխատանքային բոլոր պահանջներուն, ընկերային բոլոր հրաւէրներուն, թուային բոլոր ծանուցումներուն եւ այդպիսով կը կորսնցնենք մեր սեփական կեանքը տնօրինելու ղեկը։
Ահա, թէ ինչու հոգեբանները կը շեշտեն, որ ամենավտանգաւոր կեանքը այն չէ, ուր դժուարութիւններ կան, այլ այն, ուր այլեւս հարցումներ չկան։ Կու գայ պահ մը, որ մարդը կը դադրի ինքն իրեն հարցնելէ՝ «Ո՞ւր կ՚երթամ», «Ինչո՞ւ կ՚աշխատիմ», «Ի՞նչ իմաստ կայ այս բոլորին մէջ»․․․ Երբ այս հարցումները կը պակսին, կը նշանակէ՝ արդէն իսկ սկսած է ներքին լճացումը։
ՅԱՐՄԱՐԱՒԷՏՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՊԱՏՐԱՆՔԸ
Ճահիճը վտանգաւոր է ո՛չ միայն այն պատճառով, որ կը խեղդէ, այլ որովհետեւ առաջին պահուն հանգստութիւն կը ներշնչէ։
Անիկա ապահով է, ծանօթ է, կանխատեսելի է․․․ Մարդը կը զգայ, թէ վտանգ չկայ, որովհետեւ ոչինչ կը փոխուի։ Սակայն, կեանքի մեծագոյն հակասութիւններէն մէկը այն է, որ երբ ոչինչ կը փոխուի, մարդ ինքն ալ կը դադրի աճելէ։
Յարմարաւէտութիւնը ինքնին չարիք մը չէ։ Սակայն, երբ զայն կը դառնայ կեանքի գլխաւոր նպատակը, մարդը կամաց-կամաց կը հրաժարի իր երազներէն, իր ստեղծագործութենէն, իր հետաքրքրութիւններէն եւ նոյնիսկ՝ սեփական ինքնութենէն։
ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ «ՃԱՀԻՃՆԵՐԸ»
Այսօրուան ճահիճները այլեւս անտառներու մէջ չեն։ Անոնք բնակարաններու, գրասենեակներու, հեռաձայններու եւ համակարգիչներու մէջ են։
Ժամանակակից մարդը կը սիրէ ըսել. «Ժամանակ չունիմ»։ Բայց, շատ յաճախ խնդիրը ժամանակի պակասը չէ, այլ՝ նպատակի բացակայութիւնը։ Մենք կրնանք ամբողջ օրը աշխատիլ, հարիւրաւոր նամակներու պատասխանել, բազմաթիւ ժողովներու մասնակցիլ, սակայն, երեկոյեան զգալ, թէ ո՛չ մէկ քայլ մօտեցուցած է մեզ մեր կեանքի իմաստին։ Յաճախ կը կարծենք, թէ մեր դժբախտութիւնը գաղափարներու կամ տեղեկութեան պակասն է՝ անապատացումը, մինչդեռ իրականութեան մէջ մենք կը խեղդուինք անոնց յորդութեան ու անշարժութեան տակ՝ ճահճացումէն։ Մեզի պակսողը լռութիւնն է. այն է միակ զտիչը կամ քամիչը, որ թոյլ կու տայ տիղմը զատել մաքուր ջուրէն։ Արտաքին շարժումը կրնայ թաքցնել ներքին անշարժութիւնը։ Այս երեւոյթը մասնագէտները երբեմն կը նմանցնեն մարզասարքի վրայ վազելուն․ ուժ կը ծախսես, կը յոգնիս, կը քրտնիս, սակայն, վերջապէս նոյն տեղը կը մնաս։
ԹՈՒԱՅԻՆ ՃԱՀԻՃ
Շարժական արդի հեռաձայնը դարձած է մեր օրերու ամենէն խոր ճահիճներէն մէկը։
Անվերջ տեղեկութիւններ կը ստանանք, կարճ տեսանիւթեր կը դիտենք, շարունակական ծանուցումներու հոսքին տակ ենք, ընկերային ցանցերու անվերջ էջեր կը յաջորդեն մէկը միւսին։
Մենք այն պատրանքին մէջ ենք, թէ տեղեկութիւն կը ստանանք, սակայն, իրականութեան մէջ մեր ուշադրութիւնը կը կտրուի հազարաւոր մանր կտորներու։ Միտքը այլեւս ժամանակ չունի խոր մտածելու, լռելու կամ ստեղծագործելու։ Միտքը այլեւս ժամանակ չունի խոր մտածելու, լռելու կամ ստեղծագործելու։ Այսօրուան աշխարհին մէջ մեր ուշադրութիւնը դարձած է ամենաթանկ ապրանքը։ Թուային հսկաները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն այնպիսի հրահանգաշարեր մշակելու համար, որոնք մեզ կը պահեն հեռաձայնի վրայ մատով անվերջ սահքի թակարդին մէջ։ Շատ խոշոր մտածողներ արդէն համոզուած են, որ թուային ճահիճը պատահականութիւն չէ, այլ յատուկ նախագծուած համակարգ, որուն նպատակն է մարդը պահել անգիտակից եւ կլանուած վիճակի մէջ։ Ամէն վայրկեան նոր պատկեր մը կը փոխարինէ նախորդը, նոր աղմուկ մը կը ծածկէ ներքին ձայնը։
Տեղեկատուական այս հեղեղին մէջ, դժբախտաբար, ամենէն սակաւացած արժէքը ուշադրութիւնն է։
Ընկերային ցանցերը ստեղծած են նոր իրականութիւն մը, ուր մարդիկ աւելի շատ կը զբաղին իրենց կեանքը գեղեցիկ ներկայացնելով, քան՝ գեղեցիկ ապրելով։
Լուսանկարները կը փոխարինեն յուշերը։ Դիմատետրի վրայ կատարուած գրառումներն ալ կը փոխարինեն ապրումները, զորս իրական կեանքի մէջ պիտի ապրէինք։
Արտաքին փայլքը կը ծածկէ ներքին դատարկութիւնը։
Այս երեւոյթը կը ստեղծէ համատարած համեմատութիւններու մթնոլորտ։ Մարդը այլեւս իր կեանքը չի չափեր իր երջանկութեամբ, այլ ուրիշներու ցուցադրած երջանկութեամբ։
Սակայն, ցուցադրուող կեանքը յաճախ բեմադրուած է, մինչդեռ իրական կեանքը միշտ աւելի բարդ է։
ՄՏԱՒՈՐ ՃԱՀԻՃ
Ժամանակակից հրահանգաշարերը մեզ կը շրջապատեն միայն այն կարծիքներով, որոնք արդէն կը սիրենք։
Մենք կը լսենք միայն մեզի նման մտածող մարդիկ, կը կարդանք միայն մեզի հաճելի հեղինակներ եւ կը հետեւինք միայն մեր համոզումները հաստատող աղբիւրներու։
Այսպէս միտքը կը դադրի զարգանալէ։
Քննադատական մտածողութիւնը կը տկարանայ, որովհետեւ այլեւս չկայ առողջ բախում զանազան գաղափարներու միջեւ։
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱՀԻՃ
Մարդիկ կրնան տարիներով ապրիլ նոյն տան, նոյն շէնքին մէջ, բայց դադրած ըլլալ իրարու հետ իսկապէս խօսելէ։
Հարցերը կը սահմանափակուին հաշիւներով, գնումներով, երեխաներու դասերով եւ կենցաղային մանրուքներով։
Հոգիները կը հեռանան, մինչ մարմինները կը շարունակեն ապրիլ նոյն յարկին տակ։
Ամենէն վտանգաւոր լռութիւնը այն չէ, երբ բառ չկայ, այլ երբ այլեւս ոչինչ կայ ըսելիք։
«ԿԱՄԱՑ-ԿԱՄԱՑ ԵՌԱՑՈՂ ԳՈՐՏԻՆ» ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇԸ
Հոգեբանութեան մէջ լայնօրէն գործածուող փոխաբերութիւն մը կը նկարագրէ այս վիճակը։
Եթէ գորտ մը անմիջապէս նետուի եռացող ջուրի մէջ, ան պիտի ցատկէ դուրս։
Բայց, եթէ ջուրը կամաց-կամաց տաքցուի, ան պիտի շարունակէ մնալ, որովհետեւ փոփոխութիւնը աննշան է։
Մարդու կեանքն ալ այդպէս է։
Տարիներ անց մարդը յանկարծ կը գիտակցի, որ այլեւս այն մարդը չէ, որ ժամանակին կ՚ուզէր ըլլալ։
Սակայն, այդ փոփոխութիւնը, անշուշտ, մէկ օրուան մէջ տեղի չունեցաւ։ Անիկա հազարաւոր փոքր զիջումներու արդիւնքն է։ Եւ ամենասարսափելին ու ցաւալին այն է, որ այս մահացու լճացման մէջ միայն ես, դուն կամ ան չենք. այսօր գրեթէ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութիւնն է, որ կամաց-կամաց կը խորասուզուի նոյն համատարած ու համաշխարհային ճահիճին մէջ։ Մեր ամբողջ քաղաքակրթութիւնը, իր բոլոր փայլուն ձեռքբերումներով հանդերձ, վերածուած է հսկայական կաթսայի մը, ուր միլիառաւոր «գորտեր» հանգիստ ու անվրդով կը տաքնան՝ առանց անդրադառնալու, որ իրենց հոգեկան ու մտաւոր աշխարհը դանդաղօրէն կը հիւծի ու կ՚եփուի։ Համաշխարհայնացումն ու մետիան կը թելադրեն, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ «յաջողակ», «գեղեցիկ» կամ «երջանիկ» մարդը։ Փորձելով տեղաւորուիլ այդ արհեստական կաղապարներուն մէջ՝ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց անհատականութիւնը, կը վախնան սխալելէ կամ դատապարտուելէ։ Արդիւնքը կ՚ըլլայ այն, որ բոլորը կը սկսին մտածել ու ապրիլ նոյն ձեւով, ինչ որ հաւաքական լճացման պատճառ կը դառնայ։
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՃԱՀՃԱՑՈՒՄ
Միայն անհատները չէ, որ կը լճանան։ Անհատներու ներքին լճացումը կը դառնայ զանգուածային երեւոյթ եւ այսպէս կը ծնին հասարակական ճահիճները։
Այդպիսի միջավայրերու մէջ նախաձեռնող մարդիկ կը քննադատուին, որովհետեւ անոնք կը խանգարեն ընդհանուր անշարժութիւնը։
Նոր գաղափարները կը դիմաւորուին կասկածանքով։ Ստեղծագործութիւնը կը փոխարինուի կրկնութեամբ։
Միջակութիւնը կը դառնայ ապահովութիւն, իսկ գերազանցութիւնը՝ վտանգ։
Նման հասարակութիւնները դանդաղ կը ծերանան՝ նոյնիսկ եթէ տնտեսապէս զարգացած թուին։
Մեծ մտածողները վաղուց ըսած են, որ ժողովուրդներու իրական հարստութիւնը ո՛չ միայն դրամն է, այլ մտածելու, ստեղծելու եւ փոփոխուելու կարողութիւնը։
ԻՆՉՊԷ՞Ս «ՉՈՐՑՆԵԼ» ՍԵՓԱԿԱՆ ՃԱՀԻՃԸ
Բնութեան մէջ ճահիճը կը կենդանանայ միայն այն ժամանակ, երբ նոր ջուր կը մտնէ անոր մէջ։
Ասոր ամենացայտուն օրինակը Մեռեալ ծովն է. անիկա չի ճահճանար ու չի մեռնիր, որովհետեւ Յորդանան գետէն անդադար ջուր կը ստանայ, բայց ինքը ո՛չ մէկ տեղ ջուր կու տայ՝ ելք չունի։
Մարդկային կեանքն ալ նոյն օրէնքով կ՚ապրի. եթէ մենք միայն սպառենք ու ստանանք (տեղեկութիւն, դրամ, հաճոյք եւ այլն), բայց, ոչինչ տանք աշխարհին (ստեղծագործութիւն, սէր, օգնութիւն), մեր հոգին կը վերածուի ներքին Մեռեալ ծովու մը։
Սեփական ճահիճը «չորցնելու» առաջին քայլը սեփական լճացումը ընդունիլն է։ Առանց այս անկեղծ խոստովանութեան՝ փոփոխութիւն չկայ։
Երկրորդ քայլը փոքր, բայց կանոնաւոր փոփոխութիւններ կատարելն է. օրինակ՝ նոր գիրք մը կարդալ, արուեստի նոր ճիւղ մը բացայայտել, օտար լեզու մը սորվիլ, նոր մարդոց հետ ծանօթանալ, ուրիշ ճանապարհով տուն դառնալ, կամ պարզապէս օրը քանի մը վայրկեան լռութեան մէջ անցընել։ Փոքր հոսքերը ժամանակի ընթացքին կը կազմեն մեծ գետեր։
Երրորդը՝ կանխամտածուած անյարմարաւէտութիւնն է։ Զարգացումը գրեթէ միշտ կը սկսի այն կէտէն, ուր մարդ կը լքէ իր սովորական ապահովութիւնը։ Երբեմն պէտք է գիտակցաբար ընտրել դժուարը, որովհետեւ հեշտութիւնը միշտ չէ, որ դէպի աճ կը տանի։
Չորրորդը՝ հոգեւոր եւ մտաւոր սնունդն է։ Լաւ գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, արուեստը, լռութիւնը, աղօթքը կամ խորհրդածութիւնը կը մաքրեն ներքին աշխարհը այնպէս, ինչպէս աղբիւրը կը մաքրէ կանգնած ջուրը։
Վերջապէս՝ պէտք է ընտրել այնպիսի մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը մեզ կը մղէ աւելի լաւ դառնալու։ Մարդը անխուսափելիօրէն կը նմանի այն միջավայրին, որուն մէջ կ՚ապրի։ Այդ պատճառով առողջ ընկերակցութիւնը երբեմն կեանք փոխող որոշում կրնայ ըլլալ։
Կեանքը բնոյթով գետ մըն է։ Անիկա չէ ստեղծուած կանգ առնելու համար, պիտի հանդիպի ժայռերու, պիտի փոխէ իր հունը, պիտի փրփրի, երբեմն ալ պիտի հանդարտի, բայց, երբեք պիտի չդադրի հոսելէ։
Ո՛չ ոք ամբողջովին ապահովուած է ճահճացման վտանգէն։ Ամէն սերունդ ունի իր տիղմը, ամէն ժամանակաշրջան՝ իր անտեսանելի ճահիճները։ Սակայն, նաեւ ամէն մարդ ունի ընտրելու ազատութիւնը՝ մնա՞լ կանգնած ջուրի մէջ, թէ բանալ նոր հուն մը։
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԱՅՏ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ «ՔՈՒ ԿԵԱՆՔԻԴ ԺԱՄԱՆԱԿԸ» ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔԸ
Քու կեանքիդ ժամանակը՝ ապրէ՛ այնպէս, որ այդ բարի ժամանակաշրջանին չըլլայ ո՛չ մէկ տգեղութիւն կամ մահ՝ ո՛չ քեզի, ո՛չ ալ որեւէ կեանքի համար, որուն քու կեանքդ կը դպչի։
Փնտռէ՛ բարութիւնը ամէն տեղ եւ երբ գտնես զայն՝ դուրս բե՛ր իր թաքստոցէն, եւ թող անիկա ըլլայ ազատ ու աներկիւղ։
Նիւթին ու մարմնին տո՛ւր ամենանուազ արժէքը, որովհետեւ ատոնք են, որոնք մահ կը պարունակեն եւ պիտի անցնին։
Ամէն բանի մէջ փնտռէ՛ ու գտի՛ր այն, ինչ որ կը փայլի եւ զերծ է ապականութենէ։
Քաջալերէ՛ առաքինութիւնը այն բոլոր սիրտերուն մէջ, ուր անիկա մղուած է գաղտնութեան ու վիշտի՝ աշխարհի ամօթին ու սարսափին պատճառով։ Անտեսէ՛ ակնյայտը, որովհետեւ անիկա արժանի չէ պարզ աչքին եւ բարի սիրտին։
Ո՛չ մէկ մարդու ստորադաս եղիր եւ ո՛չ մէկ մարդու՝ գերադաս։ Յիշէ՛, որ ամէն մարդ քու սեփական անձիդ մէկ տարբերակն է։ Ո՛չ մէկ մարդու մեղքը օտար է քեզի եւ ո՛չ մէկուն անմեղութիւնը առանձին բան մըն է։ Ատէ՛ չարիքն ու անաստուածութիւնը, բայց ո՛չ անաստուած կամ չար մարդիկը։ Ասոնց հասկցիր։
Մի՛ ամչնար բարի ու մեղմ ըլլալէ, բայց եթէ քու կեանքիդ ժամանակը գայ սպաննելու պահը՝ սպաննէ՛ եւ մի՛ զղջար։
Քու կեանքիդ ժամանակը՝ ապրէ՛ այնպէս, որ այդ սքանչելի ժամանակաշրջանին աշխարհին չաւելցնես իր թշուառութիւնն ու յուսահատութիւնը, այլ ժպտիս անոր անհուն բերկրանքին ու առեղծուածին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան