ԱԿՆԱՐԿ - ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԸ

Այս տարի եւս 9 յուլիսը լուռ անցաւ…։

Ո՛չ զանգեր հնչեցին, ո՛չ յուշեր արթնցան, ո՛չ ալ ազգային մեր կեանքը կանգ առաւ մէկ վայրկեան՝ յիշելու համար այն մարդը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին, հայ հոգեւոր միտքին եւ հայ ժողովուրդին։

Այս տարի լրացաւ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսին ննջման 90-ամեակը (9 յուլիս 1936, Անթիլիաս, Լիբանան)։

Իննսուն տարի…

Ո՞ւր էին կամ ո՞ւր են յիշատակի հանդիսութիւնները։ Ո՞ւր էին կամ ո՞ւր են գիտաժողովները։ Ո՞ւր էին կամ ո՞ւր են այն հրապարակագրական, հետազօտական, ուսումնասիրական գրութիւնները, որոնք պէտք էր վերստին ներկայացնէին այս մեծ հայուն կեանքն ու գործը։

Ցաւալի է խոստովանիլ, սակայն, իրականութիւնը ա՛յն է, որ Բաբգէն Կաթողիկոսը այսօր ալ կը շարունակէ մնալ մեր ազգային կեանքի ամենէն անարդարաբար մոռցուած մեծութիւններէն մին։ 

Մինչ մենք յաճախ կը դժգոհինք մեր ժամանակներու հոգեւոր, մտաւոր եւ ազգային առաջնորդներու պակասէն, նոյն ատեն չենք ճանչնար եւ չենք արժեւորեր անոնք՝ որոնք արդէն ունեցած ենք։

Բաբգէն Կիւլէսէրեանը այդպիսի դէմք մըն էր։

Հոգեւորական՝ այո՛։

Բայց միայն հոգեւորական չէր Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսը։ Ան՝ 

Գիտնական էր։

Պատմաբան էր։

Բանասէր էր։

Ուսուցիչ էր։

Խմբագիր էր։

Կազմակերպիչ էր։ 

Բարեկարգիչ էր: 

Դաստիարակ էր: 

Բարոյախօս էր: 

Ազգաշէն ու ազգակերտ մշակ մըն էր։

Իր կեանքը կը տարածուի Անթէպէն մինչեւ Արմաշ, Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Մուշ, Անկիւրիայէն մինչեւ Ամերիկա, Երուսաղէմէն մինչեւ Անթիլիաս։ Ուր ալ գտնուած է, իր հետ տարած է նոյն առաքելութիւնը՝ ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ընդմէջէն հայ ժողովուրդին։ 

Մինչ ուրիշներ կը բաւարարուէին պաշտօններու փառքով, ան կը կառուցէր, կը կազմակերպէր, կը դասաւանդէր, կը գրէր, կը ստեղծագործէր, կը խմբագրէր, կը դաստիարակէր՝ աչքերը յառելով ապագային…։

Բաբգէն Կաթողիկոսի կեանքին վրայ մակերեսային հայեացք մ՚իսկ բաւարար է հասկնալու համար, թէ գործ ունինք բացառիկ անձնաւորութեան մը հետ։ Ան ղեկավարած է թեմեր, քարոզած, դասաւանդած, խմբագրած է, հիմնած ու կազմակերպած է բազմաթիւ ոլորտներու եւ անդաստաններու մէջ։ 

Բայց անոր մեծագոյն ծառայութիւնը, թերեւս, գրիչի ծառայութիւնն էր, միտքի ծառայութիւնն է:

Այսօր երբ կը խօսինք հայ եկեղեցական գիտութեան, պատմագրութեան եւ ազգային միտքի մասին, դժուար է շրջանցել Բաբգէն Կիւլէսէրեանի անունը։ Ան աւանդ ձգած է տասնեակ հատորներ ու ուսումնասիրութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր կը սպասեն լուրջ ուսումնասիրողներու։ 

Ձգած է եւս բազմաթիւ աշխատութիւններ, որոնք այսօր ալ չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը։ «Հայ Եկեղեցին Ե. դարու մէջ», «Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ», «Հայ Կիպրոս», «Դասեր Աւետարանէն», «Հայ Եկեղեցի», «Պատմութիւն կաթողիկոսաց եւ կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ»։ Եւ տասնեակ այլ աշխատասիրութիւններ։

Ան միայն գրող մը չէր։ Ան մտածող մը էր։ Ան կ՚ուզէր հասկնալ Հայ Եկեղեցւոյ անցեալը, որպէսզի լուսաւորէր անոր ապագան։ Ան եկեղեցիին կը նայէր ո՛չ միայն որպէս աղօթավայր, այլ՝ որպէս ազգապահպան կառոյց։ Ան կը հասկնար, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման գաղտնիքը դպրոցի, ընտանիքի, մշակոյթի եւ եկեղեցւոյ միասնութեան մէջ կը գտնուի։ Այս պատճառով ալ անոր գրութիւնները այսօր զարմանալի թարմութիւն ունին։ 

Կարդացէ՛ք անոր «Բարեկարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութիւնը եւ պիտի նկատէք, թէ մեր օրերուն համար գրուած է։ Այնտեղ կը խօսի կրթութեան, հոգեւորականներու պատրաստութեան, եկեղեցական կեանքի նորոգման, ժողովուրդի կրօնական դաստիարակութեան, ազգային վերակազմութեան եւ այլնի մասին։ Այս բոլորը գրուած են գրեթէ մէկ դար առաջ։ 

Ահա՛ թէ ինչու Բաբգէն Կաթողիկոսը սովորական եկեղեցական մը չէր։

Ան տեսլական ունեցող առաջնորդ մըն էր։

Ապագան տեսնող մարդ մըն էր։

Եւ ահա այսօր, իննսուն տարի ետք, մեզմէ շատեր հազիւ թէ կը յիշեն անոր անունը։

Քանի՞ հայ երիտասարդ գիտէ, թէ ո՛վ էր Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսը եւ ի՛նչ ծառայութիւն մատուցած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Քանի՞ հայ ուսուցիչ կարդացած է անոր գործերէն գոնէ մէկը։

Քանի՞ հայ հոգեւորական ուսումնասիրած է անոր թողած ժառանգութիւնը։

Պատասխանը դժբախտաբար մխիթարական չէ։

Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ յաճախ աւելի դիւրութեամբ կը մեծարենք աղմկարարները, քան լուռ մշակները։ Աւելի շուտ կը յիշենք անցողիկ երեւոյթները, քան մնայուն արժէքները։ Բայց, պատմութիւնը իր դատաստանը ունի։ Ժամանակը իր ընտրութիւնը կ՚ընէ։ Եւ ժամանակը արդէն իր ընտրութիւնը կատարած է։

Այսօր շատերու անունները մոռցուած են։

Բաբգէն Կիւլէսէրեանի անունը, սակայն, տակաւին կը մնայ։

Կը մնայ՝ 

իր գրքերուն մէջ։

Իր գաղափարներուն մէջ։

«Հասկ»ի (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ) էջերուն մէջ։

«Լոյս»ի եւ «Սիոն»ի էջերուն մէջ:

Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ։ 

Եւ հայ իրականութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ուրկէ ան քալած է կամ իր շուքը անցած է…:

Հետեւաբար, 9 յուլիսը պէտք չէ՛ միայն յիշատակի օր ըլլայ։ Պէտք է նաեւ խղճմտանքի օր ըլլայ։ 

Օր մը, որու ընթացքին մենք մեզի հարցնենք.

Ինչո՞ւ մոռցանք մեր մեծերը։

Ինչո՞ւ անտեսեցինք մեր վաստակաւոր մշակները։

Ինչո՞ւ տակաւին չենք արժեւորած այն մարդը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի անդաստանին։

Բաբգէն Ա Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսը արժանի է շատ աւելի մեծ գնահատանքի։

Արժանի է նոր հրատարակութիւններու։

Արժանի է գիտաժողովներու։

Արժանի է ուսումնասիրութիւններու։

Արժանի է, որ իր անունը վերադառնայ հայ ազգային յիշողութեան մէջ։

Իսկ մինչ այդ, իր ննջումէն իննսուն տարի ետք, պարտինք գոնէ խոնարհիլ այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ յիշատակին առջեւ եւ կրկնել.

Թող անոր բացած ճամբան շարունակուի: 

Թող անոր գործը ապրի։

Թող անոր ձայնը շարունակէ հնչել: 

Թող անոր անունը վերագտնէ իր արժանի տեղը մեր ազգային կեանքին մէջ։ 

Թող նոր սերունդները վերադառնան անոր գիրքերուն, ուսումնասիրեն անոր գրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները եւ վերարժեւորեն այն հսկայ ժառանգութիւնը, զոր ան կտակեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին, որովհետեւ իր ննջումէն իննսուն տարի ետք եւս ան տակաւին կը շարունակէ ուսուցանել, առաջնորդել եւ ներշնչել բոլոր անոնք, որոնք կը փնտռեն ազգային ու հոգեւոր վերազարթօնքի ճամբան։

Եւ թերեւս, այսօր, մեր պարտականութիւնը ո՛չ թէ միայն զինք յիշելն է, այլ անոր գործն ու տեսլականը դարձեալ կեանքի կոչելը։ 

Խունկ եւ աղօթք Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի անմեռ յիշատակին։ 

Յ.Գ. Երանաշնորհ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի կեանքին ու գործունէութեան մասին մեր ընթերցողները կրնար կարդալ թերթիս 22, 29 մարտ եւ 5 ապրիլ 2025-ի թիւերուն մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7-8 յուլիս 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026