ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութի՛ւնն է, որ կ՚իշխէ արարչագործութեան կարգ եւ կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։ Աստուած, որ առանձին ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը։ Արդարեւ, Ի՛նք միայն կրնայ տալ ամէն արարածի ճշմարիտ ճանաչումը՝ Իրեն հետ անոր ունեցած առնչութեան գծով։ Մարդը կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։

Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը, որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։ Բայց մարդկային բանականութիւնը սահմանափակ է՝ թերի եւ անկատար, ուստի, ան չի կրնար օրէնքի զօրութիւնը ունենալ, եթէ ան միանգամայն չըլլայ ձայնը եւ թարգմանը աւելի բարձր իմացականութեան մը, իմաստութեան մը՝ որուն հպատակելու են մարդկային միտքը եւ ազատութիւնը…

Հաւատքը «հաւա՛տք» կ՚ըլլայ՝ զԱստուած ճանչնալով եւ հասկնալով, այսինքն մարդուն ամբողջ էութեամբ։

«Ո՞ր մարդը կարող է հասկնալ Աստուծոյ խորհուրդները եւ կամ ո՞վ կարող է խելամուտ ըլլալ, թէ ի՛նչ կը կամենայ Տէրը, որովհետեւ մահկանացուներու մտածումները անստոյգ են, իսկ մեր գիտելիքները՝ անհաստատ։ Եղծանելի մարմինը կը ծանրացնէ հոգին եւ հողեղէն այս յարկը բազմահոգ կը դարձնէ միտքը։ Ուստի, մենք հազիւ կը նկատենք երկրային բաները եւ չարչարանքով կը գտնենք այն, ի՛նչ որ ինկած է մեր ոտքերուն մօտ։ Իսկ այն ի՛նչ որ կը գտնուի երկինքի մէջ, ո՞վ կրնայ քննել եւ ո՞վ կրնայ գիտնալ Քու խորհուրդները, եթէ Դուն իմաստութիւն չտաս եւ Քու Սուրբ Հոգին չառաքես Քու բարձունքներէդ։ Այսպէս է, որ երկրայինները ուղղեցին իրենց շաւիղները, սորվեցուցին այն, ի՛նչ որ հաճելի է Քեզի եւ փրկուեցան Քու իմաստութեամբ։

«Իմաստութիւնը հաստատուն պահեց աշխարհի նախաստեղծ Հօրը՝ միայնակ ստեղծեալին։ Ան փրկեց զայն իր յանցանքներէն եւ զօրութիւն տուաւ անոր բոլորին վրայ իշխելու». (ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻ, Թ 13 - Ժ 2)։

Արդարեւ, իւրաքանչիւր «արարած» ունի իր յատուկ բարութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Ուստի, «վեցօրեայ գործեր»ուն իւրաքանչիւրին համար ըսուած է. «Եւ Աստուած տեսաւ, թէ բարի էր»։ Արարչագործութեան զօրութեամբ է, որ բոլոր իրերը կայացած են ըստ իրենց գոյացութեան, ըստ իրենց իսկականութեան, ըստ իրենց յատուկ բարելաւութեան, իրենց իւրայատուկ կարգաւորութեամբ եւ օրէնքով։ Իրենց յատուկ էութեան համեմատ Աստուծմէ ուզուած եւ ստեղծուած այլազան արարածները, Աստուծոյ բացարձակ, անհուն իմաստութեան եւ բարութեան ճառագայթը կը ցոլացնեն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։ Այս պատճառով, մարդը պարտի յարգել իւրաքանչիւրին՝ ամէն մէկ արարածի յատուկ պիտանիութիւնը, որպէսզի խուսափի անոնց անկարգ եւ օրինազանց գործածութենէն, ի՛նչ որ արհամարհա՛նք է անոնց Արարչին, իսկ մարդոց եւ անոնց շրջապատին համար աղէտալի հետեւանքներով ամբողջացող։

Մարդ արարածը կ՚արտացոլէ Արարչին իմաստութիւնը եւ բարութիւնը։ Բայց, Աստուած ո՛չ մէկ ձեւով մարդուն պատկերին համեմատ է։ Աստուած զուտ հոգի է եւ Անոր մէջ սեռերու, տեսակի տարբերութիւնը եւ խտրութիւն տեղ չունի։ Սակայն, մարդոց «կատարելութիւն»ը Աստուծոյ անհո՜ւն կատարելութենէն բան մը կը ցոլացնէ։ Ուստի, Աստուծոյ փառք տալու է Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, զորս Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։ Արդարեւ, «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցը աշխարհի, տարրերուն յատկութիւնները, որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի…», կ՚ըսէ Սողոմոն իմաստուն. (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։

Իմաստութիւնը կեանքին հի՛մն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 9, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026