ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ֆրանսահայ անուշահոտութիւններու աշխարհահռչակ վարպետ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացաւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներէն մէկուն։ Այսպէս, ան դարձաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ի ասպետ։ Ֆրանսիս Քիւրքճեան «Dior» օծանելիքներու շարքի ստեղծագործական տնօրէնն է։ Իր արտադրանքը, միեւնոյն ժամանակ, կը վաճառուի նաեւ առանձնապէս՝ որպէս մասնաւոր վաճառանիշ։

Այս բարձրագոյն պարգեւին արժանանալու կապակցութեամբ, Ֆրանսիս Քիւրքճեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Ան այս փուլին վերյիշեց իր վերապրած մեծ ծնողները, որոնք Ֆրանսա հաստատուած էին, որպէս գաղթական։ «Անոնց քաջութիւնը, նոր հայրենիքի նկատմամբ հաւատքը եւ իրենց կողմէ ինծի փոխանցուած արժէքները այս մրցանակին կը վերագրեն յատուկ նշանակութիւն», այս առթիւ գրած է Ֆրանսիս Քիւրքճեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026