ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ այս պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն Մոսկուա այցելեց՝ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով։ Դաւանակից Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Մոսկուայի կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանը։
Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան հիւր եկեղեցականները դիմաւորեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Ս. Պայծառակերպութեան Մայր տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ համատեղ աղօթք։ Բաց աստի, հիւր պատուիրակութիւնը շրջայց մը կատարեց՝ առաջնորդարանի համալիրի «Տապան» թանգարանի մէջ, ուր ներկայացուած են հայկական զանազան սրբութիւններ։