ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՎՐԱՅ ԵՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ միջոցէ մը ի վեր Պէյքոզի եկեղեցւոյ եւ յարակից համալիրէն ներս հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ կը կատարուին։ Սա ծաւալուն ծրագիր մըն է, որու ի կատար ածման նպատակով թաղային խորհուրդը մեծ աշխատանք տարած է։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ եկեղեցւոյ եւ յարակից համալիրի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն մօտեցած են իրենց աւարտին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, որու կողքին էր Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան, ուրախութիւն յայտնեց եւ տեղեկութիւններ քաղեց վերջին մանրամասնութիւններուն շուրջ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թաղականները խորհրդակցեցան նաեւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ օծման, պաշտամունքի վերաբացման եւ այնտեղ մատուցուելիք անդրանիկ Ս. Պատարագի վերաբերեալ ժամանակացոյցին շուրջ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու եւ անոր պայծառութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ թաղային խորհուրդին կողմէ գործադրուած հետեւողական ջանքերը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026