ՌՈՒՊԻՕ-ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, Մանիլայի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։ Անոնք Մանիլայի մէջ կը գտնուին՝ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան բարձր մակարդակի ձեռնարկներու շրջանակներէն ներս։

Ռուպիոյի եւ Լաւրովի այսօրուան հանդիպման հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր միջազգային հանրութեան կողմէ։ Փիլիպպեաններու մայրաքաղաքին մէջ Ռուպիօ եւ Լաւրով քննարկեցին ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Աւելի վաղ ռուսական լրատուամիջոցները տեղեկացուցած էին, որ Ռուպիօ-Լաւրով հանդիպումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։

 Սոյն հանդիպման ընդառաջ, անոնք երէկ ունեցան այլ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։ Մարքօ Ռուպիօ մէկտեղուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ։ Իր կարգին, Լաւրովն ալ տեսակցեցաւ Ճայշանքարի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուպիօ-Ի հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ կազմակերպուին բարձր մակարդակի շփումներու յաջորդ փուլը եւ յառաջընթաց արձանագրուի երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Չինական կողմի հրապարակումներուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ պատուիրակութիւնները հետեւած են երկու երկիրներու առաջնորդներուն կողմէ սահմանուած ուղղութեան, փորձած են յաղթահարել խոչընդոտները եւ արգելքները, նաեւ ապահովել, որպէսզի առաջնորդներու համաձայնութիւնը վերածուի կառավարութիւններու եւ բոլոր ոլորտներու համակարգուած գործողութեան։ Վան Ի համոզուած է, թէ երկու առաջնորդներու կողմէ Փեքինի մէջ մօտաւոր անցեալին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը սահմանեն շինիչ եւ ռազմավարական առումով կայուն յարաբերութիւններ կառուցելու ուղին։

Մարքօ Ռուպիօ Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ ալ քննարկեց առեւտուրի եւ մաքսատուրքի հարցերը, զանազան առաջնահերթ ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը։ Հնդիկ նախարարը զրոյցէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ արձանագրեց հետեւեալը. «Մեր հանդիպումը կեդրոնացած էր այն բնագաւառներուն վրայ, որոնք առաջնահերթ են Հնդկաստան-ԱՄՆ համապարփակ կլոպալ ռազմավարական գործընկերութեան տեսակէտէ՝ ներառեալ առեւտուրը եւ մաքսատուրքերը, ուժանիւթը, պաշտպանութիւնը եւ անվտանգութիւնը, կարեւորագոյն օգտակար հանածոները եւ արհեստական բանականութիւնը»։

Ճայշանքարի խօսքով՝ Ռուպիոյի հետ քննարկած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով այլ հարցեր։

Սուպրահմանիամ Ճայշանքար Սերկէյ Լաւրովի հետ ալ շօշափեց երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Հնդկական կողմը մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ հնդիկ նաւաստիներու անվտանգութեան կապակցութեամբ։ «Վերահաստատեցինք մեր խոր մտահոգութիւնը տարածաշրջանէն ներս հնդիկ նաւաստիներու անվտանգութեան վերաբերեալ։ Քննարկեցինք մեր գործընկերութեան զանազան երեսակները՝ ներառեալ առեւտուրը եւ ներդրումները, ուժանիւթը եւ կապը, գիտութիւնը եւ թեքնոբանութիւնները, ինչպէս նաեւ շարժունակութիւնը։ Կարծիքներ փոխանակեցինք Ուքրայնայի հակամարտութեան եւ Պարսից ծոցի իրավիճակին շուրջ», ընկերային ցանցերուն վրայ տեղեկացուց Ճայշանքար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026