ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳ

Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը, արդէն յոբելենական շրջանին համերգաշարով մը ներկայացաւ երաժշտասէրներուն։ Իւրաքանչիւր համերգին նուագախումբը ստեղծեց բացառիկ մթնոլորտ՝ մինչ գեղարուեստասէրները ողջունեցին այդ յատկանշական յոբելեանը։

Երեւանի մէջ, յոբելենական շրջանի եզրափակիչ համերգը տեղի ունեցաւ Քասքատի համալիրէն ներս։ Բացօթեայ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն հետեւեցան հազարաւոր երաժշտասէրներ։ Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբի կատարումները ընկալուեցան ծափահարութիւններու տարափով՝ մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026