ԹԵՀՐԱՆԻ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԸ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Թեհրանի վերաբերեալ մօտեցումները։ Արդարեւ, իր խօսքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները չեն կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ իր երկրի շահերը հաշուի չառնուին։
«Մինչեւ անոնք չհասկնան, որ յառաջ ընթանալու միակ ճանապարհը Իրանի ժողովուրդն ու անոր շահերը յարգելն է, անոնց գործողութիւնները արդիւնաւէտ չեն ըլլար», յայտարարեց Արաղչի՝ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Ապպաս Արաղչի դիտել տուաւ, որ խնդիրը ամերիկեան կողմի մօտեցման էութեան մէջ է։ Արդարեւ, այդ մօտեցումը իրատես չէ, չափազանցուած է եւ հիմնուած գերիշխանութեան վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թեհրան կոշտ եւ վճռականօրէն կ՚արձագանգէ Ուաշինկթընի նման բանակցային դիրքորոշման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ մօտաւոր անցեալին ձեռք բերուած շրջանակային համաձայնութիւնը արդէն կեանքի կոչել կարելի չէ եղած, հրադադար մը չէ հաստատուած եւ բախումները կը շարունակուին։