ՔԱԼԱՍ-ՄԻԼԻՊԵՆՏ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Միլիպենտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Փիլիպպեաններու մայրաքաղաքը՝ Մանիլայի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ կազմակերպութեան տարածաշրջանային ֆորումը։
Քալաս եւ Միլիպենտ անդրադարձան Ռուսաստանի դէմ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ Ուքրայնային տրուած նեցուկին, միջազգային նաւագնացութեան անվտանգութեան երաշխաւորման, Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան, համաշխարհային աշխարհաքաղաքական իրավիճակին եւ Լոնտոն-Պրիւքսէլ գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղղեալ նիւթերու։
Քայա Քալաս այս առթիւ նշեց, որ Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ համագործակցութիւնը՝ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գծով կարեւորութիւն կը ներկայացնէ աւելի քան երբեք։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութիւնը արդէն Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 21-րդ թղթածրարը հաստատած է։ Քայա Քալաս այս առթիւ նշեց, որ իրենք կը ջանան հարուածել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ամենախոցելի կէտերը։