ԱՄՆ ՈՒՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի Ռուսաստանի եւ իր երկրին միջեւ առկայ պատերազմը դադրեցնելու քանի մը ծրագիր։ Զելենսքի նշեց, որ տեսանելի ապագային պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ։

Ուքրայնայի ղեկավարը նշեց, որ վերջին օրերուն զրուցած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիտքոֆի եւ փեսային Ճերըտ Քուշնէրի հետ։ «Մենք քննարկեցինք հանդիպման հնարաւորութիւնները։ ԱՄՆ ունի պատերազմը դադրեցնելու քանի մը ծրագիր», ըսաւ ան։

Զելենսքիի ենթադրութիւններով՝ ամերիկեան կողմը առաջարկները պիտի ներկայացնէ թէ՛ Ուքրայնային եւ թէ Ռուսաստանին։ Յամենայնդէպս, Ուքրայնայի նախագահը առայժմ չկարողացաւ յստակ նշել, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ հանդիպումը։ Յամենայնդէպս, ըստ իր կանխատեսումներուն՝ ամենայն հաւանակութեամբ այդ տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի մէջ՝ ամերիկեան կողմի մասնակցութեամբ։

Ներկայիս թէեւ կան քանի մը հաւանական թուականներ, սակայն, վերջնական թուականը պիտի հրապարակուի այն ժամանակ, երբ բոլորի ժամանակացոյցերը համընկնին։

«Կը կարծեմ՝ հանդիպումը պիտի կայանայ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբթուայ ընթացքին», եզրափակեց ան։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026