Ուրբաթ 24, Յուլիս 2026
ԱՆՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ ՎԻՃԱԿ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։
Կը հաղորդուի, որ Կութերես ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին ըսաւ. «Իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։ Մենք կ՚ընթանանք դէպի այնպիսի իրավիճակի մը շեմին, որ նախապէս անհաւանական կը թուէր»։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ընդհանոր քարտուղարը կոչ ուղղեց, որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել իրավիճակի դիւանագիտական, այլ ո՛չ թէ ռազմական լուծում մը։
Անդրադառնալով Եմէնի հուսիներու վերջին գործողութիւններուն՝ Անթոնիօ Կութերես հնչեցուց այս ահազանգը։
Միջազգային ամբողջ հաւաքականութեան մօտ մտահոգութիւնը հետզհետէ կը խորանայ՝ նաւագնացութեան հունէ դուրս գալուն եւ ընդհանրապէս լարուածութեան բարձրանալուն հետեւանքով։
Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026