ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի հարցերով լիազօր նախարար Պենժամէն Հատատի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշեցին Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման թափը։ Անոնք քննարկեցին այդ մէկուն ապագայ խորացման ուղղեալ համատեղ քայլերը։

Կոստանեան եւ Հատատ անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան ընդլայնման եւ խորացման հարցերուն՝ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը՝ ներառեալ Հայաստանի համար Եւրոպայի շուկայի հասանելիութեան ընդլայնումը։

Կոստանեան Հատատին ներկայացուց տարածաշրջանային զարգացումները, Հարաւային Կովկասէ ներս հաստատուած խաղաղութեան ապագայ ամրապնդման ուղղեալ ջանքերը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026