ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ՝ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ յուլիսի 28-ին, Սպիտակ տան մէջ, ան ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Ներկայ ամսուան սկիզբին Թրամփ եւ Զելենսքի հանդիպած էին Անգարայի մէջ, ուր տեղի ունեցած էր ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Այդ ժամանակ Թրամփ յայտնած էր, որ մտադիր է՝ Ուքրայնային տրամադրել «Patriot» հրթիռներու անկախ արտադրութեան արտօնագիր։ Սա կարեւոր քայլ մըն է՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ։ Արդարեւ, այդ հրթիռները Ուքրայնա կրնայ օգտագործել՝ ռուսական պալիստիք հրթիռներով յարձակումներուն դէմ հակազդելու համար։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026