ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳՐԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐ
Երէկ, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը հասաւ իր աւարտին։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքը վերջին օրերուն մագնիսացուցած էր գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պոլիսէն այս ժողովներուն մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։
Համաժողովի փակման զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանակային քննարկում մը՝ Մատենադարան-հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ձեւաչափին մէջ։ Վերջին տարիներուն սկսած են սոյն ձեւաչափով աշխատանքները, որոնց արդիւնքները, համագործակցութեան հեռանկարներն ու առկայ մարտահրաւէրները առնուեցան խոշորացոյցի տակ։ Սոյն փակ նիստին մասնակցեցան՝ բացի Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանէն եւ ղեկավարութեան անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու, Զմմառի Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան, Մխիթարեան միաբանութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ որպէս պատուոյ հիւր՝ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Օրակարգը, ըստ էութեան, կ՚առընչուէր սոյն շարունակական քննարկումներու այժմու փուլի արժեւորման։
Այս փակ քննարկումը յաջորդեց՝ յիշեալ համաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած եզրափակիչ գիտական նիստին։ «Ձեռագրական կեդրոններ եւ հայերէն գրաւոր ժառանգութեան հաւաքածոներ» խորագրեալ նիստը վարեց Մատենադարանի հեղինակաւոր գիտնականներէն Գուրգէն Գասպարեան։ Ատենախօսներու շարքին էին, ըստ էութեան, փակ քննարկման մասնակից հոգեւորականները, որոնց վրայ աւելցած էր այլ հեղինակաւոր դէմք մը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեան, որ խօսեցաւ հայագիտութեան ոլորտէ ներս այժմու թուային նախաձեռնութիւններու շուրջ։