ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես շաբաթավերջին Դամասկոս այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիա միջազգային զօրակցութեան առարկայ դառնայ:
2009 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Սուրիա հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար մը։ Վերջին անգամ Դամասկոս այցելած էր ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարներէն Պան Քի Մուն։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի սկիզբէն երկու տարի առաջ էր այդ մէկը, իսկ արդէն աւելի քան տասնհինգ տարի վերջ Անթոնիօ Կութերես Դամասկոս այցելեց՝ այս անգամ Էսատ ընտանիքի իշխանութեան անկումէն վերջ։
Ընդհանուր քարտուղար Կութերես Դամասկոսի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի այժմու անցումային գործընթացին մէջ Սուրիոյ ժողովուրդը արժանանայ միջազգային հաւաքանութեան զօրակցութեան։ «Զօրակցութեան այցելութեան մը ծիրէն ներս հասած եմ Դամասկոս։ Իմ պատգամը յստակ է. այս նուրբ ժամանակաշրջանին ՄԱԿ Սուրիոյ կողքին է։ Կոչ կ՚ուղղեմ միջազգային հաւաքականութեան, որպէսզի չխուսափի որեւէ ջանքէ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցելու համար», ըսաւ Կութերես:
Դամասկոսի մէջ ընդհանուր քարտուղարը մէկտեղուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի եւ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի հետ։ Ան Դամասկոսի կեդրոնէն ներս այցելեց նաեւ Էմէվի մզկիթը։
Կութերեսի այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Էսատ Շէյպանիի հետ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ընելու ժամանակ, Անթոնիօ Կութերես նշեց, որ Կոլանի բարձունքներու պարագային առկայ վիճակը անընդունելի է։ «Կոլանի բարձունքներու շուրջ առկայ իրադարձութիւնները ամբողջովին անընդունելի են», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը։
Իր կարգին, Էսատ Շէյպանի կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ անյապաղ եւ առանց նախապայմանի դատարկէ Սուրիոյ այն տարածքները, դէպի ուր խորացած է։ Իր խօսքով՝ հակառակ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ առկայ լարուածութեան՝ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ ղեկավարութիւններուն միջեւ ուղիղ շփումները կը շարունակուին, լրաքաղութեան տուեալներ կը բաժնուին։ «Բայց եւ այնպէս, այս քայլը բաւարար չէ եղած, որպէսզի Իսրայէլ Սուրիոյ տարածքէն ներս կասեցնէ իր ռազմական գործողութիւնները», ըսաւ Շէյպանի։
Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն՝ Սուրիայէ ներս աւելի քան 15 միլիոն անձ կարիքը կը զգայ մարդասիրական օժանդակութեան։