ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ: Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Մասաչուսեթս նահանգի Ուստրի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Թադէոս քահանայ Բարսեղեանի:

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին կարեւորեց աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հաղորդ դառնալու Հայաստանի կեանքին, հոգեւոր, ազգային ժառանգութեան ու սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդին այս դժուարին օրերուն: Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանէն ստացուած տպաւորութիւնները նոր ներշնչանքի աղբիւր պիտի դառնան ուխտաւորներուն համար՝ առաւել զօրացած վերադառնալու իրենց համայնքը եւ շարունակելու առաքելութիւնը ազգային կեանքէն ներս:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2026