Երկուշաբթի 3, Օգոստոս 2026
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն աւագ քահանայ Ֆէնէրճեան։
Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները ջերմօրէն ողջունեցին պատարագիչ Տ. Կորիւն աւագ քահանայ Ֆէնէրճեանը՝ յոյս յայտնելով, թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին իրեն հետ կ՚ունենան դրական յարաբերութիւն։
Ատենապետ Նազլը Տանաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ նորանշանակ հոգեւոր հովիւին զօրակցութիւն յայտնեց՝ մաղթելով յաջողութիւններ։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026