ՖԻՏԱՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կ՚այցելէ Ամման։ Յորդանանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած է նախարարներու մակարդակով ժողով մը՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրներու օրակարգով։ Ֆիտան մասնակցութիւն կը բերէ այս հաւաքին, որու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանի տեսակէտէ հրատապ խնդիրներ։ Այս ժողովի սեմին, երէկ, Թուրքիա, Եգիպտոս եւ Քաթար հանդէս եկան միասնական յայտարարութեամբ մը, որով Իսրայէլը մեղադրեցին՝ Կազզէէ ներս հրադադարը խախտելու համար։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ ստեղծուած՝ Խաղաղութեան խորհուրդն ալ նոր ծրագիր մը հրապարակեց վերջին օրերուն։ Այս նոր ծրագիրը Թրամփի ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի նկատառման։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Խաղաղութեան խորհուրդը բերան փոխած է՝ քանի գործընթացէն ներս առաջնահերթ դարձուած է «Համաս»ի զինաթափումը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026