ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս ծաւալուեցան քննարկումները, որոնց սկիզբին խորհուրդի անդամները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ ստորագրեց «Անըթքապիր»ի պատուոյ տոմարը։

Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմէն ներս հերթի փոփոխութիւններու։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր, որ ռազմաօդային զօրքերու հրամանատարի պաշտօնը ստանձնեց զօրավար Ռաֆէթ Տալքըրան։

Հանրային կարծիքը մօտէն հետեւեցաւ խորհուրդի ժողովին եւ աւարտին հրապարակուած զեկոյցին՝ մանաւանդ, որ բանակը միշտ վստահութեան առանցք մը կը համարուի երկրէն ներս:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026