Չորեքշաբթի 5, Օգոստոս 2026
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒԸ
Երէկ, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան երեսփոխաններէն Սիւլէյման Սոյլուն եւ Սեւան Սվաճըօղլուն։ Իսթանպուլի այս երկու պատգամաւորները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին նահանգապետարան, ուր տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։
Ըստ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հրապարակումներուն՝ երեսփոխանները շնորհակալութիւն յայտնեցին կուսակալի անմիջական ընդունելութեան համար։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ Իսթանպուլ քաղաքի համաշխարհային ժառանգութեան, պատմամշակութային հարստութեան տեսակէտէ նշանակութիւնը։ Զրուցակիցները համամիտ էին, որ քաղաքը համամարդկային հարստութիւն մը կը համարուի եւ մեծ պատիւ է ծառայութիւն մատուցել անոր եւ բնակիչներուն:
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026