ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՆՈՅՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՎ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կը սպասուին յաւելեալ զարգացումներու։ APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ այս ամբողջին մաս կը կազմէ TRIPP նախագիծը։

Ճէյհուն Պայրամովի խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գորընթացի շրջանակներէն ներս փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապերու վերաբացման աշխատանքները կը շարունակուին։ «Մենք կը սպասենք, որ նախապատրաստական փուլի աւարտէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսին շինարարական աշխատանքները։ Ատրպէյճան մեծամասնութեամբ կատարած է աշխատանքին իր մասը», ըսաւ Պայրամով՝ Պաքուի մէջ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիսի հետ հանդիպման ժամանակ։ Հարկ է նշել, որ Քասիս ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։

Ըստ Ճէյհուն Պայրամովի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմանի բանակցութիւնները ապացուցանած են իրենց արդիւաւէտութիւնը։ Ան կարեւորած է շարունակել խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղումը՝ ուղիղ երկխօսութեան միջոցաւ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդիւանաւէտօրէն խաղաղութիւն հաստատուած է։ «Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները պէտք է հանուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն եւ այս բանէն յետոյ հնարաւոր կ՚ըլլայ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը», յայտնեց Ճէյհուն Պայրամով։

Նախարարի այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ նոյնաժամանակ Ատրպէյճանի նախագահի՝ արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւն ալ ըսաւ հետեւեալը.

«Ազդակներ կը ստանանք, թէ մօտաւոր ապագային Հայաստանէ ներս պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը։ Հաւանական է, որ Հայաստանէ ներս հանրաքուէ կազմակերպուի։ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ՝ Ատրպէյճանի հասցէին տեղ գտած պահանջներու վերացումէն յետոյ մենք խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման որեւէ խոչընդոտ այլեւս չենք տեսներ»։

Հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ շատ լայն արձագանգ ստեղծած են Պաքուէն հնչած այս յայտարարութիւնները, որոնք կը համընկնին Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստի գումարման օրերուն։ Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխաններն ալ բողոքով եւ ահազանգով արձագանգած են՝ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այս յայտարարութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026