ԱՐԱԲ ՄԸ «ՀԱՅՏ ՓԱՐՔ»Ի ՄԷՋ

Միշտ ալ կը հրաժարէի ճամբորդելէ եւ իւրաքանչիւր առիթի կը յայտարարէի, թէ հայրենիքէս եւ ժողովուրդէս հեռու պիտի չճամբորդեմ երբեք, մանաւանդ բռնազաւթողներու երկիրներ: Բայց երբ կարգ մը ընկերներէ Լոնտոն այցելութեան առաջարկ ստացայ, գրեթէ ճամբորդութեան պայուսակին մէջ կը քնանայի:

Ճամբորդութիւնս յաջող էր իր սկիզբէն, բացի մէկ բանէ: Օդանաւ բարձրանալէ ետք եւ օդաչուին ուրախ ճամբորդութիւն մաղթելէ ետք մեզի, սպասեակուհի մը մեզի տարօրինակ շաքարներ հրամցուց եւ ես ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին կը խածնէի զայն, առանց կարենալ անկէ բան մը առնելու. աւելին՝ Աւստրիոյ սահմանները հասանք եւ շաքարին կէսը տակաւին բերանիս մէջ էր ու չէր հալեր, չէր կլլուեր, իրողութիւն մը, որ արգելք հանդիսացաւ ինծի միւս ուղեւորներուն հետ խօսելու առօրեայ խնդիրներուն մասին: Անպայմանօրէն այդ շաքարները քաղաքական էին եւ արաբական օդանաւային բոլոր ընկերութիւնները կը գործածէին զայն ներկայիս: 

Ինչպէս բոլորը, որոնք օտար երկիրներ կ՚այցելեն եւ այդ երկիրներու լեզուն չեն գիտեր, այդ խնդիրէն ահաւոր կերպով տառապեցայ մաքսատան, հիւրանոցներու, հանրակառքերու եւ մանաւանդ ճաշարաններու տէրերուն հետ: Վերջիններս ջերմօրէն կը հիւրընկալէին զիս առաջին անգամը միայն, իսկ երկրորդ անգամը կը փորձէին որեւէ մէկ կերպով հեռացնել զիս՝ համոզելով այցելել ուրիշ ճաշարան մը, այն ալ իրենց հաշւոյն: Անոնք արդարացի էին, որովհետեւ անպատրաստ էին, իսկ յաճախորդները այնքան շատ են ճաշարաններէ ներս, արաբական-եւրոպական երկխօսութիւն բանալու հետս՝ այն պահուն, երբ քիչ մը աղ կը խնդրէի կամ հաց: 

Իսկ երբ դադրեցայ ճաշարաններ այցելելէ եւ փորձեցի տուփեղէններու դիմել, ձախողելով ձախողեցայ՝ դարձեալ լեզուին պատճառով, հակառակ անոր, որ ամէն բան յայտնի էր, գիները արձանատգրուած էին, դասաւորուած էին յատուկ կերպով մթերքի խանութներէն ներս, որովհետեւ, երբ անգամ մը այդ խանութներէն մէկը դիմեցի, հաշիւը վճարելու ժամանակ յայտնաբերեցի, թէ այն ինչ որ ընտրած էի յատուկ բաժինէն՝ տնային շուներու կերէր էին: Այդ բոլորով հանդերձ, ինքզինքս չկորսնցուցի, ամօթ չզգացի կամ չամչցայ այս խնդիրէն, զայն համարելով նոր փորձառութիւն մը, զոր կ՚աւելցնեմ իմ գրական եւ ազգային անցեալ փորձառութիւններուս վրայ: 

Առաւօտ մը «Հայտ փարք» այգին էին, կռացած գրպանի բառարանի մը եւ հիւրանոցային մի քանի հրապարակումներու վրայ, որպէսզի կարենամ հասկնալ մի քանի յայտարարութիւններ, յաջողութեամբ աւարտելու համար այցելութիւնս: Այնտեղ հանդիպեցայ անոր. գեղեցիկ աղջիկ մը, իր գեղատեսիլ մարմինով պառկած այգիի կանաչ խոտին վրայ, «արեւի բաղնիք» կ՚առնէր, իսկ ես «լեզուի բաղնիք» կ՚առնէի… Իր կողքը եղած բառարանէն անմիջապէս հասկցայ, թէ ինքն ալ արաբերէն կը սորվի՝ առանց ուսուցիչի:

Երբ գիտցաւ, թէ ես կու գամ այն երկիրներէն, որոնց լեզուն կը սորվի եւ կը ծրագրէ ապագային այցելել այդ երկիրները, անմիջապէս համաձայնեցանք օգնել իրարու՝ իւրաքանչիւրս իր ոլորտին մէջ, որով ինծի իր քովը տեղ տուաւ ժպտալով եւ խնդրելով, որ խօսիմ իրեն այն երկիրներու մասին, զորս կը փափաքի այցելել: Անմիջապէս անոր կողքին պառկեցայ՝ մարմնապէս եւ լեզուապէս եւ սկսայ խօսիլ անոր հետ՝ հառաչելով. 

«Երկիր ունինք, որ բանաստեղծներն ու հռետորները անզօր են նկարագրելու զայն: 

Բերրի հողի, տաք արեւ, բարեխառն օդ: Ամէն տեսակի ծաղիկ, բանջարեղէն, միրգ, հատիկեղէն, ընդեղէն, աղանդներ, սպիտակուցներ: 

Նաւթի հորեր, ֆոսֆաթի հանքեր, բնական կազ եւ փոթասիում եւ մակնեզիում ունինք: 

Դպրոցներ, համալսարաններ եւ զանազան տեսակի կաճառներ ու ուսումնական հաստատութիւններ ունինք: 

Արդիւնաբերական հաստատութիւններ, ժողովասրահներ, քարտուղարներ եւ քարտուղարուհիներ, գրող գործիքներ, հաշուիչ մեքենաներ եւ վերծանութեան մեքենաներ ունինք: 

Արթեզեան հորեր, կախուող կամուրջներ, ռատիոկայաններ եւ հեռատեսիլային կայնններ, հոսանք արտադրող կայաններ եւ ջուրը զտելու կերդրոններ ունինք: 

Երաժշտկան, ժողովրական արուեստներու կաճառներ եւ մարզական խումբեր ունինք: 

Պահպանողական, արտայայտչական, իրապաշտական գրականութիւն ունինք, ինչպէս նաեւ բանաստեղծական, հեքիաթային եւ թատերական ամենէն արդիական ձեւերը: 

Կարմիր ստուտակէ, բուստէ եւ մարգարիտէ ծովափներ ունիք, ինչպէս նաեւ ամենէն արդիական ինքնաշարժները, օդանաւերը, հեծանիւներն ու կրակհանները: 

Չորս եղանակները ունինք, ինչպէս նաեւ լուսին, աստեղ, ածխածին, ջրածին ունինք: Տակաւին, ամենէն հին քաղաքակարթութիւնը եւ ամենէն հարուստ պատմութիւնը ունինք»:

Ան չէր հաւատար իր լսածին, եթէ նոյն բաները մի քանի անգամ չըսէի իրեն: Ապա ոգեւորուած ըսաւ.

- Օ՛ն յառաջ դասի: Ես քեզի բառ մը կը սորվեցնեմ իմ լեզուովս, իսկ դուն ինծի նոյնատեսակ բառ մը կը սորվեցնես քու լեզուովդ: 

Եւ դասը սկսաւ. 

Անգելրէնով՝ սքայ:

Արաբերէնով՝ սամաա (երկինք): 

Անգլերէնով՝ սաան:

Արաբերէնով՝ շամըս (արեւ): 

Անգլերէնով՝ մուն:

Արաբերէնով՝ քամար (լուսին):

Անգլերէնով՝ լիպերթի (ազատութիւն): 

Արաբերէնով՝ հիզաա (կօշիկ): 

Զարմացած նայեցաւ ինծի: Ըսի անոր. 

- Այո՛, արաբական երկիրներուն մէջ նոյն իմաստը ունին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026