ՀՐԱՏԱՊ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Իսրայէլի քայլերը կը շարունակեն լարուածութեան պատճառ դառնալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ ապակայունութիւն յառաջացնելով նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Վերջին օրերուն, Իսրայէլի կողմէ Մեսճիտի Աքսայի ուղղեալ քայլերը արդէն խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վրայ հասաւ հրատապ հակազդեցութիւն մը։ Յորդանանի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Այսպէս, շարք մը մահմետական երկիրներ՝ ներառեալ Թուրքիան, այս փուլին խորապէս անհանգիստ են, թէ Մեսճիտի Աքսայի ուղղեալ Իսրայէլի քայլերը կրնան հրահրել կրօնական բնոյթով բախումներ։ Կը հաղորդուի, որ Ամմանի ժողովին մասնակից երկիրները առկայ խնդիրները այսքանով ալ չեն սահմանափակեր՝ քանի Պաղեստինի վերաբերեալ հարցերն ալ անկարելի է անտեսել։
Բաց աստի, Հաքան Ֆիտան երէկ Ամմանի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիա-Եգիպտոս-Փաքիստան-Սէուտական Արաբիա ձեւաչափով նախարարներու ժողովին, որ հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին։
Միւս կողմէ, Ամմանէ վերադարձին, Հաքան Ֆիտան այսօր Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին։ Հարկ է յիշեցնել, որ տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարները վերջին օրերուն իրերայաջորդ կ՚այցելեն Դամասկով։