ԵՀԽ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՔԻՆ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ: Հայաստանէ ներս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց սրբազանը արհեստական մեղադրանքով դատարանի առջեւ կանգնեցնելու գայթակղեցուցիչ երեւոյթին դիմաց՝ աշխարհի եկեղեցիները հրապարակաւ դիրք կը գրաւեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողքին: ԵՀԽ, որ կը միաւորէ հարիւրաւոր եկեղեցիներ, այս տագնապին շուրջ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր ընդգծուած է հետեւեալը. «ԵՀԽ՝ որպէս Եկեղեցիներու համաշխարհային եղբայրութիւն, կը վերահաստատէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը՝ հայ ժողովուրդի եւ համաքրիստոնէական ընտանիքի հոգեւոր, մշակութային ու պատմական կեանքէն ներս»: Յայտարարութիւնը ստորագրած են՝ ԵՀԽ-ի կեդրոնական կոմիտէի մոտէրաթէօր Հենրիխ Պեթֆորտ Շթրոմ եպիսկոպոսն ու ընդհանուր քարտուղար Ճերի Փիլէյ: Յայտարարութեան մէջ ԵՀԽ-ի ուղղակի մտահոգութիւնը ընդգծուած է՝ եկեղեցական ներքին գործերուն անհարկի միջամտութեան կապակցութեամբ:
ԵՀԽ յոյս յայտնած է, թէ ստեղծուած հակամարտութիւնը կը լուծուի այնպիսի ճանապարհով մը, որ կը նպաստէ ամբողջ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացին: «Այս ժամանակահատուածին մենք աղօթքներով եւ աջակցութեամբ կանգնած ենք Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ժողովուրդի կողքին», եզրափակուած է յայտարարութիւնը: