ՆԱՀԱ՞ՆՋ, ԹԷ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրիան թէեւ կը դառնայ Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութեան թատերաբեմը, սակայն, Ռուսաստանն ալ նոր հաշիւներ ունի այնտեղ՝ մանաւանդ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի պարագային։ Յառաջիկայ երեք ամիսները կարեւոր պիտի ըլլան հասկնալու համար, թէ Ռուսաստան իրապէս կը հեռանա՞յ Սուրիայէն, թէ պարզապէս կը փոխէ իր ներկայութեան ձեւը։ Հմէյմիմի օդակայանին եւ Թարթուսի նաւահանգիստին շուրջ Դամասկոսի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած նոր պայմանաւորուածութիւնները առաջին հայեացքով կրնան ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ Ռուսաստան աստիճանաբար կը փակէ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութեան էջը։ Բայց, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւնը առաջին հայեացքով կարդալը շատ անգամ սխալ եզրակացութիւններու կը տանի։
Ռուսաստան Սուրիայէն դուրս չի գար։ Առնուազն՝ այս պահուն այդպիսի վերջնական հեռացման նշաններ չկան։ Ընդհակառակն, շուրջ մէկուկէս տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք, Մոսկուա եւ Դամասկոս կարծես կը փորձեն գտնել այնպիսի բանաձեւ մը, որ երկու կողմերուն ալ հնարաւորութիւն կու տայ խուսափելու կտրուկ խզումէ։ Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մէկ մասը աստիճանաբար պիտի անցնի Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, իսկ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը պիտի վերաձեւակերպուի։ Հմէյմիմն ու Թարթուսը կրնան վերածուիլ Սուրիա-Ռուսաստան համատեղ ուսումնական կեդրոններու։
Թուղթի վրայ այս մէկը կրնայ նշանակել ռուսական ռազմական ներկայութեան նահանջ, բայց, քաղաքականութեան մէջ երբեմն ամենակարեւոր հարցը այն չէ, թէ ի՞նչ անուն տրուեցաւ ներկայութեան, այլ՝ թէ այդ ներկայութեան տակ իրականութեան մէջ ի՞նչ մնաց։
Ի՞նչ կը նշանակէ «համատեղ ուսումնական կեդրոն»։ Արդեօք ռուս զինուորականները պիտի շարունակե՞ն մնալ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի մէջ։ Ռուսական կողմը պիտի պահպանէ՞ ենթակառուցուածքներու որոշակի հասանելիութիւն։ Պիտի շարունակէ՞ Սուրիոյ ուժերու մարզումը։ Եւ ամենակարեւորը՝ պիտի պահպանէ՞ Միջերկրականի ափին իր ռազմավարական ներկայութիւնը արագ վերականգնելու կամ ընդլայնելու հնարաւորութիւնը։
Եթէ այս հարցումներուն պատասխանը դրական ըլլայ, ապա մենք ականատես չենք ըլլար ռուսական հեռացման, այլ՝ ռուսական ներկայութեան ձեւափոխութեան։ Այս մէկն, անշուշտ, կարեւոր տարբերութիւն մըն է։
Պեշար Էսատի իշխանութեան տապալումէն ետք, շատերու համար հիմնական հարցը հետեւեալն էր. Ռուսաստան պիտի լքէ՞ Սուրիան։ Բայց, Ռուսաստանի համար խնդիրը միայն Սուրիոյ մէջ մնալ կամ չմնալը չէր։ Խնդիրը իր ամբողջ տարածաշրջանային դիրքը չկորսնցնելն էր։
Հմէյմիմը եւ Թարթուսը սովորական ռազմական կէտեր չեն։ Անոնք Ռուսաստանի համար Միջերկրականի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աւելի լայն իմաստով՝ իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան կարեւոր յենակէտերն են։ Հմէյմիմը օդային ներկայութեան եւ ռազմական շարժունակութեան հնարաւորութիւն կու տայ, իսկ Թարթուսը Ռուսաստանի համար Միջերկրականի վրայ ռազմավարական հասանելիութեան կարեւոր հանգոյց մըն է։
Հետեւաբար, Էսատի իշխանութեան անկումը Ռուսաստանի համար ծանր հարուած մըն էր, բայց, պարտադիր չէր, որ ըլլար վերջակէտ մը։ Մոսկուա կարծես կը փորձէ գտնել երրորդ ճանապարհ մը՝ ո՛չ նախկինին նման ամբողջական ռազմական ներկայութիւն, ո՛չ ալ ամբողջական հեռացում։ Նոր բանաձեւը կրնայ ըլլալ աւելի փոքր, աւելի սահմանափակ եւ աւելի քիչ տեսանելի ներկայութիւն մը, բայց, միաժամանակ, պահպանուած ռազմավարական հասանելիութիւն։
Դամասկոսի համար ալ այս բանաձեւը իր նպաստաւոր կողմերը ունի։ Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերադարձը Սուրիոյ պետական վերահսկողութեան տակ կարելի է ներկայացնել՝ իբրեւ ինքնիշխանութեան վերականգնման քայլ։ Միաժամանակ, նոր իշխանութիւնները կրնան չուզել ամբողջութեամբ խզել Մոսկուայի հետ կապերը։ Սուրիան այսօր այն վիճակին մէջ չէ, որ մէկ ուժի հետ կապուելով կարենայ անտեսել մնացեալ բոլոր դերակատարները։
Նոր իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն Թուրքիոյ, Իրանի, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի շահերը։ Այս պատճառով Ռուսաստանի ներկայութեան հարցը այլեւս միայն Մոսկուա-Դամասկոս համաձայնութեան հարց մը չէ։ Սա Սուրիայէ ներս աւելի լայն վերադասաւորման մը մասն է։
Էսատի շրջանին Ռուսաստան Սուրիոյ մէջ ունէր արտօնեալ դիրք մը։ Այսօր այդ արտօնեալ դիրքը այլեւս նոյն ձեւով գոյութիւն չունի։ Մոսկուա պէտք է աշխատի նոր պայմաններու մէջ, նոր իշխանութիւններուն հետ եւ այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր Թուրքիան աւելի մեծ դեր ունի, Իրան կը փորձէ պահպանել իր ազդեցութիւնը, Իսրայէլ կը հետեւի անվտանգային զարգացումներուն, իսկ Արեւմուտքը կը փորձէ հասկնալ, թէ նոր Սուրիան ո՞ւր պիտի ուղղուի։
Այս ամբողջ պատկերը կը նշանակէ, որ Ռուսաստան այլեւս չի կրնար Սուրիոյ մէջ խաղալ նախկին կանոններով։ Յամենայնդէպս, սա չի նշանակեր, որ Մոսկուա պատրաստ է հեռանալու։ Ընդհակառակն՝ ան կարծես կը փորձէ փոխել խաղի կանոնները։
Էսատի իշխանութեան ժամանակ Ռուսաստան անոր հետ ունէր դաշնակցային յարաբերութիւն։ Այսօր ան պէտք է յարաբերութիւն կառուցէ նոր իշխանութիւններուն հետ, որոնք աւելի զգայուն են ինքնիշխանութեան հարցի պարագային եւ, միաժամանակ, ստիպուած են հաշուի առնել տարածաշրջանի բազմաթիւ ուժերու ազդեցութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ Մոսկուայի ներկայութեան վերաձեւակերպումը կրնայ նոյնիսկ Դամասկոսի համար ընդունելի փոխզիջում մը դառնալ։
Ռուսաստան կը մնայ, բայց, ո՛չ այն ձեւով՝ ինչպէս Էսատի օրերուն։ Դամասկոս կը ստանայ աւելի մեծ վերահսկողութիւն, բայց, ամբողջութեամբ չի խզեր Մոսկուայի հետ կապերը։ Երկու կողմերն ալ կը խուսափին այնպիսի քայլէ մը, որ կրնայ աւելի մեծ անկայունութիւն ստեղծել։
Եւ այստեղ է, որ պէտք է հասկնալ նաեւ Ռուսաստանի աւելի լայն հաշիւը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսաստանի համար Սուրիան Մերձաւոր Արեւելք մուտք գործելու ճանապարհ էր, Միջերկրականի վրայ ներկայութիւն պահպանելու միջոց էր եւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը ցուցադրելու կարեւորագոյն հարթակ։ Հետեւաբար, եթէ Մոսկուա կարողանայ Հմէյմիմն ու Թարթուսը պահպանել նոր ձեւաչափով, ապա այդ մէկը կրնայ շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունենալ՝ քան երկու ռազմական կեդրոններու պահպանումը։
Այդ մէկը կը նշանակէ, որ Ռուսաստան՝ հակառակ Էսատի իշխանութեան տապալման, տակաւին կարողութիւնը ունի ազդեցութիւն գործելու Մերձաւոր Արեւելքի ամենակարեւոր աւազաններէն մէկուն վրայ։ Եւ այս մնալը կրնայ ըլլալ աւելի հետաքրքրական՝ քան նախկին ներկայութիւնը, որովհետեւ նախկին ներկայութիւնը յստակ էր, իսկ այսօրուայ ներկայութիւնը կրնայ ըլլալ աւելի ճկուն։
Ռուս զինուորներու թիւը կրնայ պակսիլ, ռազմակայանի կարգավիճակը կրնայ փոխուիլ, իսկ ռազմական ենթակառուցուածքներու օգտագործումը կրնայ նոր կանոններով սահմանուիլ։ Բայց, եթէ այդ բոլոր փոփոխութիւններուն տակ Մոսկուա պահպանէ որոշակի ռազմական հասանելիութիւն, ապա ազդեցութեան հարցը ամբողջութեամբ փակուած չի կրնար ըլլալ։
Եւ այստեղ կը հասնինք Ուքրայնայի պատերազմին։
Առաջին հայեացքով Սուրիան եւ Ուքրայնայի պատերազմը տարբեր պատմութիւններ են, բայց, Մոսկուայի հաշիւներուն մէջ անոնք կապուած են իրարու հետ։ Ռուսաստանի ռազմական կարողութիւնները, տնտեսական վիճակը եւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները մեծապէս կախեալ են Ուքրայնայի պատերազմի ընթացքէն։ Եթէ պատերազմը շարունակուի նոյն ծանրութեամբ, ապա Ռուսաստան կրնայ ստիպուիլ աւելի զգոյշ ըլլալ Սուրիայէ ներս իր ռազմական ներկայութիւնը պահպանելու հարցին մէջ։ Իսկ եթէ Ուքրայնայի մէջ ստեղծուի Ռուսաստանի համար ընդունելի իրավիճակ մը, ապա ան կրնայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել Մերձաւոր Արեւելքին։ Այս իմաստով յառաջիկայ ամիսներուն Սուրիոյ իրադարձութիւնները պէտք է դիտել նաեւ Մոսկուայի ընդհանուր կարողութիւններու լոյսին տակ։
Փութին պիտի շարունակէ՞ ղեկավարել ներկայ Ռուսաստանը եւ նոյն արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը։ Ուքրայնայի պատերազմը ի՞նչ հանգրուանի պիտի հասնի։ Ռուսաստան պիտի կարենա՞յ պահպանել իր ռազմական եւ տնտեսական կարողութիւնները։
Այս բոլոր հարցերը միայն Մոսկուայի համար կարեւոր չեն։ Անոնք կարեւոր են նաեւ Սուրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ նոյնիսկ Հայաստանի համար։ Արդարեւ, մենք շատ անգամ կը սխալինք՝ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը չափելով միայն անոր զինուորներու քանակով։ Բայց մեծ պետութիւններու ազդեցութիւնը միշտ չէ, որ կը չափուի զինուորներու թիւով։ Երբեմն զօրքերը կը պակսին, բայց, ազդեցութիւնը կը մնայ։ Ռազմակայանը կը փոխէ իր անունը, բայց, ենթակառուցուածքը կը մնայ։ Ռազմական ներկայութիւնը կը սահմանափակուի, բայց, մարզումները կը շարունակուին։ Պաշտօնական դաշինքը կը թուլանայ, բայց, կապերը կը պահպանուին։
Եւ այս պատճառով Հմէյմիմի եւ Թարթուսի շուրջ ներկայ իրադարձութիւնները պէտք է դիտել ոչ՛ թէ միայն որպէս երկու ռազմակայաններու ճակատագիր, այլ՝ որպէս Ռուսաստանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան փորձաքար։
Հայաստանի համար այս փորձը պէտք է հետաքրքրական ըլլայ։ Որովհետեւ մեր տարածաշրջանն ալ տեսած է, թէ մեծ ուժի մը ներկայութեան փոփոխութիւնը ինչպէս կրնայ ամբողջովին փոխել քաղաքական հաշիւները։ Երբ մեծ ուժ մը կը նահանջէ, երբեմն անոր տեղը անմիջապէս այլ ուժ մը չի գար լրացնելու համար այդ բացը։ Երբեմն կը ստեղծուի միջանկեալ շրջան մը, ուր բոլոր դերակատարները կը փորձեն նոր դիրքեր գրաւել։
Սուրիան այսօր կարծես այդ փուլին մէջ կը գտնուի։ Եւ Ռուսաստանի համար Հմէյմիմն ու Թարթուսը այդ պայքարի կարեւոր կէտերն են։ Այստեղ, սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ վերջնական եզրակացութիւններու հարցին մէջ։ Որովհետեւ, «համատեղ ուսումնական կեդրոն» արտայայտութիւնը ինքնին դեռ չի պատասխաներ այն հիմնական հարցումներուն, որոնք պիտի որոշեն Ռուսաստանի իրական ներկայութիւնը։ Ո՞վ պիտի վերահսկէ այդ կեդրոնները։ Որքա՞ն ռուսական անձնակազմ պիտի մնայ։ Ի՞նչ զինատեսակներ կամ ռազմական միջոցներ պիտի պահուին։ Ի՞նչ հասանելիութիւն պիտի ունենայ ռուսական կողմը։ Եւ արդեօք անհրաժեշտութեան պարագային այդ ներկայութիւնը պիտի կարենա՞յ արագօրէն ընդլայնուիլ։
Ահա այս հարցումներուն պատասխանները յառաջիկայ երեք ամիսներուն պիտի սկսին իրական պատկերը բացայայտել։ Եթէ ռուսական անձնակազմը էականօրէն հեռանայ, ռազմական հասանելիութիւնը սահմանափակուի եւ Հմէյմիմն ու Թարթուսը փաստացիօրէն անցնին Սուրիոյ ամբողջական վերահսկողութեան տակ, ապա կարելի է խօսիլ իսկապէս Ռուսաստանի նահանջի մասին։ Բայց, եթէ ռուսական կողմը պահպանէ անձնակազմ, ենթակառուցուածքներ, ռազմական մարզումներ եւ ռազմավարական հասանելիութիւն, ապա աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ ո՛չ թէ հեռացման, այլ ներկայութեան ձեւափոխութեան մասին։ Եւ թերեւս այստեղ է ամբողջ պատմութեան ամենակարեւոր կէտը։ Ռուսաստան կրնայ դուրս գալ նախկին Սուրիայէն՝ առանց դուրս գալու Սուրիայէն։ Կրնայ հրաժարիլ նախկին արտօնեալ կարգավիճակէն՝ առանց հրաժարելու իր ռազմավարական շահերէն։ Կրնայ կրճատել իր ռազմական ներկայութիւնը՝ առանց ամբողջութեամբ կորսնցնելու ազդեցութիւնը։ Եւ կրնայ փոխել ռազմակայանի անունը՝ առանց հրաժարելու այն տարածքի ռազմավարական նշանակութենէն։
Այս պատճառով հարցը այլեւս պէտք չէ ձեւակերպել միայն այսպէս, թէ Ռուսաստան Սուրիայէն կը հեռանա՞յ կամ ոչ։ Աւելի ճիշդ հարցումը հետեւեալն է. Ռուսաստան ի՞նչ ձեւով պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ, եթէ այլեւս չի կրնար մնալ նախկին ձեւով։ Պատասխանը պիտի որոշէ ո՛չ միայն Հմէյմիմի եւ Թարթուսի ապագան, այլեւ Ռուսաստանի տեղը նոր Սուրիոյ մէջ։ Եւ աւելի լայն իմաստով՝ Ռուսաստանի տեղը Մերձաւոր Արեւելքի նոր դասաւորումին մէջ, որովհետեւ այսօր տարածաշրջանը ամբողջութեամբ վերաձեւաւորումի մէջ է։ Էսատի ժամանակաշրջանը փակուած է։ Յամենայնդէպս, այն ուժերը, որոնք տարիներ շարունակ կառուցած էին իրենց դիրքերը այդ Սուրիոյ շուրջ, մէկ գիշերուան մէջ չեն անհետանար։
Անոնք կը բանակցին, կը փոխեն ձեւաչափերը, կը վերանային իրենց դաշինքները, կը փնտռեն նոր գործընկերներ եւ ամենակարեւորը՝ կը փորձեն մնալ այնտեղ, ուր իրենց համար ռազմավարական նշանակութեամբ տարածք մը կայ։
Ռուսաստանն ալ բացառութիւն չէ։ Ուստի, յառաջիկայ ամիսներուն պէտք է ուշադիր հետեւիլ Հմէյմիմի եւ Թարթուսի կարգավիճակներուն՝ ո՛չ միայն տեսնելու համար, թէ ռուս զինուորները կը մնա՞ն կամ ոչ։ Ի դէպ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երբեմն ամենակարեւոր փոփոխութիւնը այն չ՚ըլլար, որ ուժ մը հեռացաւ, այլ այն, որ անոր ներկայութեան անունը կը փոխուի։ Ու այս պատմութեան մէջ ալ թերեւս ամենակարեւոր հարցը պիտի չըլլայ Ռուսաստանի Սուրիայէն հեռացումը, այլ՝ ինչպէ՛ս մնայը։
Յառաջիկայ ամիսները վստահաբար աւելի յստակ պատասխան մը եւ աւելի երեւելի պատկեր մը ցոյց տան մեզի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան