ԱՐԺԷՔ, ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ԸՆՏԱՆԻՔ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

Ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Այս նպատակին հասնելու համար հարկ է, որ յարգուի արդար դասակարգումը «արժէք»ներուն՝ որոնք ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթարկեն եւ կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Կեանքը ընկերութեան մէջ նկատի առնուելու է ամէն բանէ առաջ իբրեւ հոգեւոր կարգի իրականութիւն մը։ Արդարեւ, ան ճանաչումներու փոխանակումն է ճշմարտութեան լոյսին տակ, ան գործադրութիւնն է իրաւունքներու եւ կատարումը պարտականութիւններու, մրցակցութիւն մըն է բարոյական բարիքին եւ օգտին որոնումին մէջ, հաղորդութիւն՝ գեղեցիկին ազնուական վայելքին՝ անոր բոլոր օրինաւոր արտայայտութիւններուն մէջ, մնայուն տրամադրութիւն մըն է իր անձին լաւագոյնը հաղորդելու ուրիշին եւ հասարակաց տե՛նչ մըն է հոգեւոր յարատեւ ճոխացումի։

Անոնք են «արժէք»ները՝ որոնք պարտին ոգեւորել եւ ուղղել ընկերային կեանքին յարափոփոխ մշակութային գործունէութիւնը, տնտեսական կեանքը, ընկերային կազմակերպութիւնը, քաղաքական շարժումները եւ վարչակարգերը, օրէնսդրութիւնը եւ միւս բոլոր արտայայտութիւնները։

Ուստի, ընկերութեան մը, ազգի մը ապագան կախում ունի հիմնական արժէքներու անոնց տուած կարեւորութենէն։

Ազգի մը ապագան կախում ունի նաեւ աւանդութիւններու ընծայուած կարեւորութենէն։ Բայց պէտք է զանազանել՝ աւանդամոլութիւնը աւանդապահութենէ։ Կարեւորը՝ երբեմն ետ նայելով յառաջանալ գիտնա՛լն է։ Ուստի, սուրբ աւանդութիւնը կը պահպանէ Տէր Քրիստոսէ եւ Սուրբ Հոգիէն առաքեալներուն յանձնուած Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն ամբողջութեամբ անոնց յաջորդներուն կը փոխանցէ, որպէսզի անոնք ալ՝ լուսաւորուած ճշմարտութեան Հոգիէն, քարոզութեան միջոցով զայն պահեն, բացատրեն եւ հաւատարմութեամբ տարածեն։ Ասկէ կը հետեւի, թէ աւանդութիւնը ընկերութեան մը, ազգի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ ազդակ մըն է։ Աւանդութիւնը կու գայ նախնիներէն՝ փորձառութենէ քաղուած արժէքներու ամբարումէն։ Աւանդութիւնը կը փոխանցէ, ի՛նչ որ նախնիներուն փորձառութենէն, ուսուցումէն եւ օրինակէն, նաեւ ի՛նչ որ ուսանեցան անոնցմէ։ Սակայն, հարկ է տարբերել աւանդութիւնները պարզ սովորութիւններէ։ Աւանդութիւնները ծնունդ առած են ժամանակի ընթացքին հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ։ Անոնք կը ներկայացնեն յատուկ կերպարանքներ՝ որոնցմէ մեծ Աւանդութիւնը կը ստանայ զանազան վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու հետ յարմարցուած արտայայտութիւններ։

Աւանդութեան լոյսին տակ է, որ կրնան պահուիլ արժէքներ, բարեփոխուիլ կամ լքուիլ առաջնորդութեամբ ընդհանուր բարոյագիտութեան սկզբունքներու։

Ընկերութիւնը եւ ազգը գոյապահպանող եւ գոյատեւող անհրաժեշտ եւ հիմնական ազդակ մըն է ընտանիքը։

Ընտանիքը՝ հիմն է ընկերութեան, կորիզը՝ ժողովուրդին եւ կեդրոն, բջիջն է բարձր նպատակի մը շուրջ կազմակերպուած ընկերութեան՝ ժողովուրդին, այսինքն՝ ազգին։ Եթէ ազգ մը կազմող ընտանիքներու հիմը հաստատ է, այդ ազգը բարոյապէս զօրաւոր է եւ ամո՛ւր։ Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու՝ որոնք զօդուած են իրարու օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Այս իմաստով, ընտանիքը անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Ան անհրաժե՛շտ է մարդուն։ Ուստի, ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին։ Ան բնական ընկերութիւնն է։ Ընտանիքը այն հասարակութիւնն է՝ որուն մէջ, մանկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բարոյական արժէքները եւ ընտանիքին կեանքը նախավարժութիւնն է ընկերութեան կեանքին։

Եւ վերջապէս, հաւատարմութիւնը անհրաժեշտ տարրն է արժէքներու, աւանդութիւններու եւ ընտանիքին պահպանման։ Արդարեւ, հաւատարմութիւնը կ՚արտայայտէ հաստատամտութիւնը տրուած խօսքին եւ տուեալ արժէքներու, աւանդութիւններու պահպանումին մէջ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026