Ա՜Խ ԸԼԼԱՅԻ… ԸԼԼԱՅԻ…

Նախորդ բոլոր յօդուածներու լոյսին տակ այսօր կու գանք եզրակացնելու Շահնուրի բողոքը, որ ի սկզբանէ եղած է նոյնը. աշխատի՛լ ու աշխատիլ… Շահնուր եւս Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի նման որոշ ժամանակ հեռացաւ գրականութենէն եւ որոշեց չգրել (թէեւ որոշ ժամանակ ետք սկսաւ ֆրանսերէնով գրել՝ որուն պատճառով շատեր քննադատեցին գրողը՝ այդ երեւոյթին մէջ տեսնելով փորձելով անձը, որ հեռացած է իր ինքնութենէն)։ Սակայն, չգրելու պատճառը ի՞նչ էր. կը հաւատանք, որ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ յիշատակած հետեւեալ պատճառն է. «Գիրին զօրութիւնը սահմանաւոր է»։ Շահնուր կը հաւատար, որ գրականութիւնը նոր սերունդը կրնայ ոգեշնչել, սակայն, հիմնական փոփոխութիւն մը չի կրնար յառաջացնել։ Այս մէկը նաեւ քննադատութիւն էր ժամանակի մտայնութեան, որովհետեւ շատ շատեր իրական գետնի վրայ պայքարելու փոխարէն՝ որոշած էին գրչով պայքարիլ եւ սակայն, Շահնուր չէր ուզեր անոնցմէ մէկը ըլլալ եւ այս կապակցութեամբ կը յայտնէ իր յստակ կեցուածքը. «Գաղափարը կրնայ գործունէութեան սկիզբը (ծնուցիչը) ըլլալ, բայց երբեք չի կրնար ինքն իսկ գործունէութեան տեղը բռնել (փոխանորդել)»։ Օրինակի համար, պատերազմի ժամանակ գրող մը, ճառախօս մը ինչքան ալ ոգեւորէ հանրութիւնը, եթէ գործնականին մէջ զէնքով պայքարի դուրս չգայ ժողովուրդը՝ երբեք չի կրնար յաղթահարել։ Այս պարագային Շահնուր կը կարեւորէ գրականութիւնը, սակայն, կը մեծարէ աշխատանքը: 

Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս Շահնուրի ժամանակ քիչ չէին խօսքով պայքարողները։ Վերջին մի քանի տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դժբախտութեանց ժամանակ մենք եւս ականատես եղանք, թէ ինչպէս սփիւռքը բողոքի ձայն կը բարձրացնէ, կը գրէ, կը քննադատէ, սակայն, գործնականին մէջ բան չ՚ըներ։ Այս երեւոյթին մեծագոյն ապտակը տուողը Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանն էր, որ բողոքի համար հաւաքուած երիտասարդութեան կ՚առաջարկէր նոյն օրն իսկ մեկնիլ Արցախ՝ գործնական գետնի վրայ պաշտպանելու համար հողը։ Շահնուրի ժամանակ եւս մարդիկ երբեմններու հայհոյելը պայքար կը կարծէին. քննադատելը պայքար կը կարծէին։ Անշուշտ, կար ամբողջութեամբ հակառակ բաժինը։ Շատեր անկարեւոր կը նկատէին գրականութիւն եւ լոկ աշխատանքը կը մեծարէին, սակայն, Շահնուր կու գար անոնց միջեւ «միջին» մը ստեղծելու. գրականութեամբ պէտք է բացատրել, պէտք է ոգեշնչել ու դաստիարակել, որպէսզի պայքարը ըլլայ գիտակից պայքար եւ իր արդիւնքը արձանագրէ աշխատանքով։ Շահնուրի պատկերացումով՝ գրականութիւնը կրնայ ծնունդ տալ, սակայն, ծնունդ չի կրնար ըլլալ: 

Շահնուր կը տեսնէր, թէ 1915 թուականէն 1932-1935 թուականներուն՝ աւելի քան 10-15 տարիներ հայը լոկ կը հայհոյէ, կը քննադատէ ու կ՚ամբաստանէ, սակայն, ո՛չ մէկ քայլ առաջ կ’երթայ։ Շահնուր գրականութիւնը կարեւոր կը նկատէր, սակայն, կը քննադատէր այն երեւոյթը եւ դիտել կու տար, որ իր հիմնական դերն ու առաքելութիւնը մոռցած է հայ մամուլը, որու գլխաւոր նպատակը ժողովուրդը արթնցնելն է, սակայն՝ արթնցնելու փոխարէն՝ հայ մամուլը ինք քնացած ու խեղդամահ եղած էր իր սեփական ձայնին մէջ։ Այսօր մարդկային կեանքի մէջ եւս մարդ եթէ իր իրաւունքները գործնական գետնի վրայ, օրէնքով ու դիւանագիտութեամբ չլուծէ՝ արդիւնքի չի կրնար հասնիլ։ Այսօր երբ գողութիւն տեղի ունենայ, գործնականին գողն է, որ կը փնտռեն։ Պատկերացուցէք մէկը ամբողջ տասնամեակ մը օրական դրութեամբ գրէ գողին մասին, սակայն, զինք գտնելու համար գործնական ո՛չ մէկ բան ընէ։ Շահնուր նոյն վիճակին մէջ բանտուած կը տեսնէր հայ ժողովուրդը։ Այդ գողին տարած աւարին մասին հարիւրաւոր հատորներ ալ գրուին՝ գողը պիտի չգտնուի, աւարը պիտի չվերադառնայ: 

Միւս կողմէ, Շահնուր կը քննադատէ գրականութիւնը լալկան ըլլալուն համար։ Ան դիտել կու տայ, որ հայու իրաւունքը պաշտպանող գրողները կ՚ապրին «ա՜խ ըլլայի, ըլլայի» հոգեբանութեամբ… արցունք, զգացողութիւն ու հայրենիք։ Շահնուրի ուզածը այն էր, որ նոր սերունդը դուրս գայ այդ հոգեբանութենէն եւ վերացականին փոխարէն՝ իրական գետնի վրայ ապրի հայրենասիրութիւնը։ Նոր սերունդը պէտք է գիտնար, որ գիրը կարեւոր է, սակայն, սահմանափակ է. գիրը իրականութիւն կը դառնայ աշխատանքով, որովհետեւ եթէ գիրը պիտի մնայ գիր՝ առանց աշխատանքի, ապա ապարդիւն է. նման գիրի համար Շահնուր կ՚ըսէ. «Ի՞նչ բանէ ետք, ի՞նչ գործունէութեան ծնունդ կրնայ տալ այս գիրը»։ Պատասխանը ոչինչ է: 

Գիրը, որքան ալ գեղեցիկ, որքան ալ ազդեցիկ ըլլայ, միշտ պիտի մնայ սկիզբ մը՝ որ առանց գործի իմաստ մը պիտի չունենայ: Խօսքը կրնայ ներշնչել, ոգեշնչել, կրնայ ազգը փրկելու ցանկութիւն արթնցնել, սակայն, երբեք չի կրնար ազգը փրկել՝ առանց աշխատանքի վերածուելու: Շահնուր կը տեսնէր, թէ միակ զէնքը, որ հայը ունէր իր ժամանակաշրջանին՝ այդ ապարդիւն խօսքն էր: 

Շահնուրի մասին կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ անոր արծարծած նիւթերը կը շարունակեն մնալ ժամանակակից։ Այսօր ալ խօսքով ու գիրով ազգ փրկողներուն թիւը շա՜տ շատ է։ Պատերազմի ժամանակ անոնցմէ ո՛չ մէկը հրապարակի վրայ կ՚երեւի։ Անշուշտ, բոլորին տրուած չէ զէնքով պատերազմիլը, նոյնպէս ամէնուն տրուած չէ գիր-գրականութիւն ստեղծելը։ Երանի՜ թէ մէկտեղուէր այդ երկուքը եւ ունենայինք սերունդ մը՝ որ գրականութեան ճամբով գիտակից եւ սեփական աշխատանքով արդիւնք արտադրող ըլլար, որովհետեւ այդպէս միայն կարելի է փրկութիւն ձեռք ձգել:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Քիչ անգամ մտաւորական մը մտերմութեան մէջ կրնայ պատուանդանի վրայ մնալ: Դժբախտաբար, մեծ մտքեր, մեծ նկարագիրներ չեն միշտ: Ընդհակառակը, մեծ թերութիւններ մեծ մարդոց քով պէտք է փնտռել շատ յաճախ:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026