«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ԱՌԹԻՒ
«Աւանդական» պարախումբը, որ կը գործէ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ, այս ամառ բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած է դրական նախընթաց մը, որով «Աւանդական» պարախումբը ամրան շրջանին կղզիի բարձունքին կեանքի կոչուած ընկերամշակութային ծրագրերու անբաժանելի տարրերէն մին դարձած է։ Այս ողջունելի արդիւնքը արձագրուած է՝ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեանի խրախուսանքով։ Պարախումբը այս ամառ եւս տարաւ բեղուն աշխատանք, ինչ որ թէ՛ գեղարուեստասէրներուն եւ թէ Յակոբ Կիւլէչի սաներուն տեսակէտէ հաճելի էր։
Երէկ երեկոյեան, ներկայ ամրան շրջանի եզրափակիչ փուլին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գետնայարկի սրահին մէջ պարախումբի անդամները համախմբուեցան՝ այս անգամ հրաժեշտ տալու համար ներկայ եղանակին։ Ճաշասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Յակոբ Կիւլէչ հանդէս եկան սրտի խօսքերով։
Բոլորը անմիջական զրոյցի ընթացքին արժեւորեցին անցեալ եղանակը՝ մանաւանդ իրարու հետ բաժնելով անմոռանալի յուշեր։ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեանի օրհնութիւնը ստանալով՝ պարախումբի անդամները հրաժեշտ առին՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ եղանակին համար։