ԴԷՊԻ ՎԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռի։ Այս առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան արդէն հասած են Վան։ Իրենց հետ են Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտատ։
Ամերիկահայ ուխտաւորներ ալ կը մասնակցին այս տարուան արարողութիւններուն, որոնց ընդառաջ անոնք շրջանէն ներս կ՚այցելեն պատմամշակութային տեսարժան վայրեր։ Ամերիկահայ ուխտաւորները այս ամբողջին մէջ նախընթաց օր այցելեցին նաեւ Անիի աւերակները։
Վաղը, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ՝ երբեմնի եկեղեցի այժմու թանգարանի սրբազան կամարներուն ներքեւ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան։
Բացի ամերիկահայ ուխտաւորներէն, Պոլիսէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքի այլ կեդրոններէն ալ ուխտաւորներ կը մասնակցին շաբաթավերջի ծրագրին։
։