ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 18-ԻՆ՝ ԴԱՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը պիտի շարունակուի սեպտեմբերի 18-ին։ Այսպէս, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան, որ վերանշանակուած է այս թղթածրարը քննելու համար, դատավարութեան համար նշանակեց նոր թուական մը։ Սեպտեմբերի 18-ին, Հայաստանի ժամով 15.00-ին, տեղի պիտի ունենայ դատավարութիւնը՝ յիշեալ դատարանի Վաղարշապատ քաղաքի շէնքին մէջ։

Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանը վերջին օրերուն առած էր որոշում մը, որով վերջնականօրէն յայտնի դարձաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը պիտի ընթանայ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս քրէական վարոյթը դատարան փոխանցած դատախազն ալ վերջին օրերուն հրաժարած է իր պաշտօնէն։

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը դատուին Վեհափառ Հայրապետն ու ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազանները։ Անոնց հասցէագրուած է արհեստական ու նոյնիսկ ծիծաղելի մեղադրանք մը, որու հիման վրայ դատարանի առջեւ կը կանգնին Նորին Սրբութիւնն ու վեց սրբազանները։

Այժմ իրադարձութիւններու ընթացքին կը սպասուի հետաքրքրութեամբ՝ քանի հերթական դատավարութիւնը նախատեսուած է սեպտեմբերի 18-ին։ Վեհափառ Հայրապետը եւ սրբազանները առաջին դատական նիստին մասնակցած էին, իսկ երկրորդին ոչ։ Վճռաբեկ ատեանի որոշման յաջորդելիք այս դատավարութեան անոնց հաւանական մասնակցութեան կամ բացակայութեան վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն տակաւին չէ կատարուած։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026