ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար աբղ. Կարապետեան։ Սամաթիոյ ընտանիքին վարիչները Գումգաբու այցելեցին՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ ստացաւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ Սամաթիոյ ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Ան գնահատեց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ թաղի վարժարանի յարատեւութեան համար գործադրուած ջանքերը։
Հուսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ թաղականներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով մօտալուտ սիրոյ սեղանին համար։